Համբիկ Սասունեանին Ներում Պիտի Շնորհուի

Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի գրասենեակը Չորեքշաբթի օր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տեղեկացուց, թէ որոշած է նպաստել Համբիկ Սասունեանը ազատ արձակելու ջանքերուն եւ դարձեալ պիտի չընդդիմանայ Սասունեանը ազատ արձակելու՝ Բանտարկեալներու ազատ արձակման խորհուրդի յանձնարարականին։

«Իսկապէս երախտապարտ ենք նահանգապետ Նիւսըմին եւ անոր գրասենեակին, որ մեզի հետ հաղորդակցութեան գիծերը բաց պահեց եւ անսաց մեր մտահոգութիւններուն ու հասաւ մարդասիրական այս որոշումին։ Անհամբեր ենք ականտես դառնալու Համբիկին` ուշացումով ազատ արձակուելուն», յայտարարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։

Կ՛ակնկալուի, որ Համբիկ Սասունեանը ազատ արձակելու գործընթացը սկսի յառաջիկայ քանի մը օրերուն։

Յիշեցնենք, որ անցեալ ամիս, Լոս Անճելըսի Գերագոյն ատեանը բեկանեց Սասունեանի ազատ արձակումը կասեցուցած Նիւսըմի նախկին որոշումը, կամայական եւ ընթացակարգային կերպով թերի նկատելով նահանգապետին որոշումը, նոյն ժամանակ ընդունելով Սասունեանի փաստաբաններուն առարկութիւնը։

Հակառակ այն իրողութեան, որ Դեկտեմբեր 2019ին Բանտարկեալներու ազատ արձակման խորհուրդը յանձնարարած էր Համբիկ Սասունեանը ազատ արձակել, Մայիս 2020ին Նիւսըմ որոշեց արգելակել Սասունեանը ազատ արձակելու քայլը:

Նիւսըմ, ընդունելով հանդերձ, որ անցնող տասնամեակներուն Սասունեան լուրջ քայլեր առած է վերականգնելու համար իր վարքը՝ ան տակաւին չի հաւատար, որ Սասունեան պատրաստ է ազատ արձակուելու:

Asbarez.com

Մեկնաբանել