Հայաստանը Մետաքսի նոր ճամբուն հետքերով

Վարուժ Թէնպէլեան

Չինաստան այսօր դարձած է աշխարհի գլխաւոր տնտեսութիւններէն մէկը, եթէ ոչ՝ մեծագոյնը, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք անոր արտածումներու ծաւալը՝ շուրջ $2.5 թրիլիոն տոլարով (2019-ի գնահատումով): Չինաստան կը նկատուի առեւտրական մեծագոյն գործընկերը շուրջ 130 երկիրներու. Հայաստան իր ներածումներուն մեծ մասը կը կատարէ Չինաստանէն $672 միլիոն տոլարով (2020-ի տուեալ)՝ Ռուսիայէն ետք, 1,47 միլիառ տոլար:Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Առեւտուրի եւ Բարգաւաճման Յանձնաժողովին (UNCTAD) համաձայն, 2016-ին, Չինաստանի արտաքին ուղղակի ներդրումները (FDI) աճած են 44%-ով՝ հասնելով 183 միլիառ ամերիկեան տոլարի:

Իբրեւ տնտեսական գերպետութիւն, Չինաստան 2013-ին նախաձեռնած է «Մէկ Գօտի, Մէկ Ճանապարհ» (OBOR-One Belt, One Road) ծրագիրը, որ կը հետապնդէ Եւրոպան, Ասիան եւ Ափրիկէն իրարու կապող ենթակառոյցներու ստեղծումը: Մինչեւ հիմա, այդ նախաձեռնութիւնը ներգրաւած է աւելի քան 100 երկիր: Չինական արտաքին ներդրումներու մեծ մասը յատկացուած է այդ նպատակին, եւ ցարդ ենթակառոյցներու ստեղծման Չինաստանի յանձնարարութիւնները կը գնահատուին 300-500 միլիառ տոլար:

«Մէկ Գօտի, Մէկ Ճանապարհ» մետաքսի նոր ճամբուն (ճամբաներուն) ծրագիրը հիմնականօրէն կ’ընդգրկէ երկու բաժին՝ երկու ուղղութիւններով. ծովային եւ ցամաքային: Մեզ հետաքրքրող բաժինը բնականօրէն ցամաքային ճամբաներու ուղղութիւնն է, որովհետեւ Հայաստան ծով չունի եւ մետաքսի ցամաքային պատմական ճամբան անկէ կ’անցնէր:

Նկատի առնուած ուղղութիւններն են՝

1) «Եւրասիական Ցամաքային Նոր Կամուրջ»ը կը բաղկանայ շարք մը երկաթուղագիծերէ, որոնք կ’անցնին կեդրոնական Չինաստանէն (Ուհան, Չոնկքինկ եւ Չենկտու) եւ կ’ուղղուին դէպի Եւրոպա՝ անցնելով Ղազախստանէն, Ռուսիայն եւ Պելոռուսիայէն:

2)Չինաստան – Մոնկոլիա – Ռուսիա միջանցքը կ’օգտագործէ անդրսիպերիական երկաթուղագիծը:

3)Չինաստան – Կեդրոնական Ասիա – Արեւմտեան Ասիա միջանցքը կը նմանի հին Մետաքսի ճամբուն, որ կ’անցնի Կեդրոնական Ասիոյ, Իրանի, հարաւային Կովկասի եւ Թուրքիոյ վրայով՝ դէպի Եւրոպա (այս ճամբան է, որ կ’առնչուի Հայաստանի):

4)Չինաստան-Փաքիստան միջանցքըկ’ընդգրկէ մայրուղիի եւ երկաթուղային կապերու կառուցումը Չինաստանէն մինչեւ Փաքիստանի Կուատար նաւահանգիստը՝ 4 հազար 148 քլմ. երկարութեամբ:

Ծանօթ է, որ Մետաքսի հին ճամբան կ’անցնէր նաեւ Հայաստանէն, աւելի ճիշդ՝ Արտաշատ քաղաքէն եւ անկէ կ’ուղղուէր դէպի Սեւ ծովու նաւահանգիստներ: 5-րդ դարուն, մայրաքաղաք Դուինը կը փոխարինէր Արտաշատը:

Այս՝ անցեալին:

Վերադառնալով ներկայ իրադրութեան, Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Վրաստան մեծապէս շահագրգռուած են միջազգային ներդրումներով՝ իրենց տնտեսական բարգաւաճումը խթանելու համար: Այս շրջագիծին մէջ, Չինաստանի «Մէկ գօտի, Մէկ Ճանապարհ»՝ մետաքսի նոր ճամբայ նախաձեռնութիւնը կը նկատուի կարեւոր եւ երեք պետութիւններն ալ միջոցներ կը փնտռեն ընդգրկուելու անոր մէջ:

Երկու ծրագիրներ կան, որոնք կ’անցնին Հարաւային Կովկասէն եւ ունին ներուժը ընդգրկուելու «Մէկ Գօտի, Մէկ Ճանապարհ» նախաձեռնութեան մէջ: Անոնցմէ մէկը Անդրկասպեան Միջազգային Փոխադրութեան ճամբան է, որ կը սկսի Չինաստանէն, կ’անցնի Ղազախստանէն, Կասպից ծովէն, Ատրպէյճանէն, Վրաստանէն եւ այնուհետեւ կ’ուղղուի դէպի Եւրոպա՝ կա՛մ Վրաստանի Սեւծովեան նաւահանգիստներէն կամ ալ Թուրքիոյ տարածքով՝ օգտագործելով Պաքու- Թիֆլիս – Կարս երկաթուղագիծը: Այս տարբերակը առիթ կ’ընծայէ Չինաստանի ապրանքներ փոխադրելու դէպի Եւրոպա՝ շրջանցելով Ռուսիան: Ղազախստանի Աքթաու նաւահանգիստը, Պաքուի նաւահանգիստը եւ Վրաստանի Պաթումի նաւահանգիստը կը նկատուին հիմնական հանգոյցները այս ծրագրին: 2017-ի վերջաւորութեան Վրաստան կը սկսի կառուցել Անգլիոյ խորջրեայ նաւահանգիստը, որ կը բազմապատկէ այս ճամբուն տարանցումի ներուժը: Մայիս 2017-ին, Վրաստան եւ Չինաստան կը ստորագրեն ազատ առեւտուրի համաձայնագիր մը՝ երկկողմանի առեւտուրին եւ ապրանքներու տարանցումին զարկ տալու նպատակով:

Տակաւին, Ատրպէյճան եւ Վրաստան անդամ են Չինաստանի գլխաւորուած Ենթակառոյցներու Ասիական Ներդրումային Դրամատան (Asian Infrastructure Investment Bank (ABIA)), որ 600 միլիոն ամերիկեան տոլարի վարկ տրամադրած է Ատրպէյճանի՝ դէպի Թուրքիա գացող TANAP կազատարին կառուցման համար եւ 114 միլիոն տոլարի վարկ Վրաստանի՝ Պաթումիի նաւահանգիստը շրջանցող ճամբու կառուցման համար: 2017-ին, Հայաստանի անդամակցութիւնը նաեւ կ’ընդունուէր նոյն դրամատան (ABIA), սակայն թեկնածուի հանգամանքով՝ մինչեւ դրամատան կողմէ դրուած կարգ մը նախապայմաններու ամբողջացումը:

Երկրորդ ծրագիրը կը վերաբերի Պարսից ծոց – Սեւ ծով բազմաբնոյթ փոխադրութեան միջանցքին, որ կը նախատեսէ Իրանը կապել Եւրոպային՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի վրայով: Այս ծրագրին հիմնական հարցերէն մէկն է Իրանը, Հայաստանը եւ Վրաստանը իրարու կապող փոխադրամիջոցներու արդիականացումը:

Հայաստանի Քաղաքական Գիտութիւններու Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն դոկտ. Բենիամին Պողոսեանի համաձայն, հաշուի առնելով Իրանի նշանակալի դերը «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան մէջ, Հայաստան իր կարգին ձեւեր կը փնտռէ «Պարսից ծոց – Սեւ ծով» միջանցքը Հայաստանի վրայով կապելու Վրաստանին՝ նկատի առնելով միջանցքինտնտեսական մեծ բարիքները:

Տեղին է նշել, որ Չինաստան առաջին երկիրներէն մէկն էր, որ ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը Դեկտեմբեր 1991-ին՝ հաստատելով դիւանագիտական յարաբերութիւններ, որոնք վերջին տարիներուն բարելաւուած են մեծ չափով՝ նաեւ տնտեսական, մշակութային եւ կրթական մակարդակներու վրայ:

2015-ին, Հայաստանի եւ Չինաստանի նախագահները կը ստորագրէին յուշագիր մը, որ բազմաթիւ մարզերու կողքին, նաեւ կ’ընդգրկէր Մետաքսի նոր ճամբու ծրագրին վերաբերեալ համագործակցութեան կէտեր: Բայց իրողութիւն է, որ Հայաստանի դրացիները՝ Ատրպէյճան եւ Վրաստան շատ աւելի ներգրաւուած են «Մէկ Գօտի, Մէկ Ճանապարհ» ծրագրին մէջքան Հայաստանը:

Վեր առնելով Հայաստանի դրացիներուն հետ Չինաստանի համագործակցութեան չափը, պարզ կը դառնայ, թէ Չինաստան որքա՛ն կը ծախսէ «Մէկ Գօտի, Մէկ Ճանապարհ» ծրագիրը ընդգրկող երկիրներուն մէջ, եւ որքան փոքր է Հայաստանի դերը՝ հակառակ յարաբերութիւններու սերտացման: Վրաստան եւ Չինաստան 2018-ին ստորագրած են ազատ առեւտուրի համաձայնագիր մը, եւ Չինաստան ձեռք ձգած է Փոթիի նաւահանգիստին Տնտեսական Ազատ Գօտիի բաժնետոմսերուն 75% (Փոթին կը նկատուի Վրաստանի մեծագոյն նաւահանգիստը): 2019-ին, Չինաստան եւ Ատրպէյճան կնքած են 800 միլիոն ամերիկեան տոլարի տնտեսական համաձայնագիր մը, եւ Չինաստան մեծ ներդրումներ կատարած է Պաքուի՝ Ալաթի միջազգային ծովային առեւտուրի նաւահանգիստին մէջ:

Շատ հաւանաբար, Հայասատնի Հիւսիս-հարաւ մայրուղիին ամբողջացումը կրնայ խթանել Հայաստանի յաւելեալ նեռարումը Մետաքսի նոր ճամբու ծրագրին մէջ: 556 քլմ. երկարութեամբ, $2 միլիառ արժողութեամբ եւ Հայաստանի համար ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող եւ 2012-ին սկսած այս ծրագիրը, որ Իրանը պիտի կապէ Վրաստանի՝ Մեղրիէն Պաւրա (Վրաստան) եւ Վրաստանի նաւահանգիստներ երկարող միջանցքով, պէտք էր աւարտէր 2019-ին, բայց ըստ նախատեսութիւններու, անոր կառուցման աւարտին համար նախատեսուած ժամկէտը երկարաձգուած է 7-10 տարիով՝ գլխաւորաբար փտածութեան (կոռուպցիայի) եւ անկանոն ձեւակերպուած գործարքներու պատճառով:

Իբրեւ եզրակացութիւն, կը մէջբերենք նոր մետաքսի ճամբուն հետ Հայաստանի առնչութեան մասին հատուածներ Համաշխարհային Դրամատան (World Bank)` «Հարաւային Կովկասը եւ Կեդրոնական Ասիան` «Գօտի եւ Ճանապարհ նախաձեռնութիւնը՝ Հայաստանի պարագան» ուսումնասիրութենէն (bit.ly/3bHhWvs). «Հահառակ այն իրողութեան, որ «Գօտի եւ Ճանապարհ նախաձեռնութեան» (Belt and Road Initiative) պատկանող որեւէ միջանցք չ’անցնիր Հայաստանէն, երկիրը դեռ կրնայ օգտուիլ անկէ եւ այդ օգուտները խթանել, եթէ ենթակառոյցներու բարելաւման զուգահեռ իրականացուին ժամանակակից բարեկարգումներ:…..«Բարելաւուած ենթակառոյցներու օգուտները քաղելու համար անհրաժեշտ են տարածաշրջանային աւելի ամուր համագործակցութեան պայմաններ: Համագործակցութեան նպատակով կատարուած նախաձեռնութիւններու զգալի պակաս մը գոյութիւն ունի Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, ինչպէս՝ առեւտուրի եւ փոխադրամիջոցներու հարցեր եւ վէճերու լուծման արդիւնաւէտ մեքանիզմներու բացակայութիւն»:

Մեկնաբանել