Աշխարհատնտեսական ճանապարհներ, Հայաստան եւ իրանեան գործնապաշտութիւնը

Հարաւային Կովկասը իր աշխարհաքաղաքական արդի կարեւորութիւնըկը ստանայ մասնաւորաբար Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք, երբ շրջանային ու միջազգային ուժեր, ինչպէս՝ Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը, Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնն ու Չինաստանը կը սկսին վերանորոգ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել այդ շրջանի երկիրներուն հանդէպ, եւ Ատրպէյճանը, Հայաստանն ու Վրաստանը, իւրաքանչիւրը տարբեր պատճառներով, կը ներգրաւուին այս ուժերու քաղաքական հաշիւներուն մէջ, մասնաւորաբար՝ ուժանիւթի աղբիւրներու եւ տնտեսական միջանցքներու նկատառումներով: Աշխարհագրական եւ ազգային հակամարտութիւնները, սակայն, նոյնքան կարեւոր դեր կը խաղան փոխադարձ յարաբերութիւններու ճշդորոշման մէջ:

Բայց տնտեսական ազդակը կը մնայ հիմնական գործօնը Հարաւային Կովկասի ժամանակակից առանձնայատկութեան եւ անոր նկատմամբ շրջանային ու միջազգային քաղաքական հետաքրքրութեան ձեւաւորումին: Աշխարհաքաղաքական տեսանկիւնէն, անոր ամէնէն կարեւոր դերը կը կայանայ ուժանիւթի եւ տարանցումի կարեւոր կեդրոն մը ըլլալու իրողութեան մէջ: Այստեղէն կ’անցնին նաւթի եւ կազի խողովակները՝ Կասպից ծովէն դէպի Եւրոպա իրենց ճամբուն վրայ: Բացի Ատրպէյճանէն, հարաւային Կովկասի միւս երկիրները նաւթի եւ կազի պաշարներ չունին: Իսկ միւս կողմէ, բոլոր հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ նաւթի աշխարհի պաշարներուն շուրջ 10%-ը կը գտնուի Կասպից ծովու շրջանին մէջ: Սակայն այդ բոլոր պաշարները դէպի Եւրոպա իրենց ճամբուն վրայ պէտք է անցնին Իրան, Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան աշխարհատարածքին վրայ գտնուող միջանցնքներով, իսկ մետաքսի նոր ճամբուն ներգրաւումը աւելի եւս կը շէշտէ այս շրջանին կարեւորութիւնը:

Աւանդաբար հարաւային Կովկասը մաս կազմած է Ռուսիոյ քաղաքական ազդեցութեան գօտիին, բայց վերջին տարիներուն հետզհետէ զգալի կը դառնայ Թուրքիոյ, Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու, նաեւ՝ Իսրայէլի ներկայութիւնը կովկասեան անցուդարձերուն մէջ եւ ձեւով մը շրջանը կը կապէ միջին արեւելեան իրականութեան հետ, իսկ մասնաւորաբար Թուրքիոյ ուղղակի միջամտութենէն, եւ ուժանիւթի թէ ընդհանրապէս ապրանքներու փոխադրութեան նպատակով առաջադրուած բազմաճիւղ ճամբաներու ծրագիրներու յայտարարութիւններէն ետք, կը նախատեսուի, որ կամաց-կամաց Իրան աւելի զգալի դարձնէ իր ներկայութիւնը կովկասեան քաղաքականութեան մէջ:

Թէ այս նախատեսութիւնը կրնա՞յ դրական անդրադարձ ունենալ Հայաստանի համար, միայն ապագան կրնայ ցոյց տալ:

Մինչեւ 19-րդ դար, այլ խօսքով մինչեւ 1828-ի Թիւրքմենչայի ռուս-իրանեան դաշնագիրը, Իրան կը տիրէր հարաւային Կովկասի մեծ մասին: Հետեւաբար, պատմամշակութային կապերը նաեւ կը շարունակեն դերակատարութիւն ունենալ, երբ հարցը կը վերաբերի շրջանային երկիրներու նկատմամբ իրանի մօտեցումներուն: Տակաւին, ի տարբերութիւն անոր ընդհանրապէս որդեգրած կրօնագաղափարախօսական արտաքին քաղաքականութեան մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ, հարաւային Կովկասի պարագային, Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ գերիշխող է գործնապաշտ մօտեցումը՝ տնտեսական շահերու եւ սեփական երկրի անվտանգութեան հիմունքներով:

Կովկասի մէջ, Իրան ընդհանրապէս կ’ուզէ իր բաժինը ապահովել կասպեան նաւթի եւ կազի հորերէն եւ միաժամանակ դառնալ տարանցումի եւ մետաքսի ճամբուն վրայ հիմնական երկիրներէն մէկը դէպի Եւրոպա՝ անցնելով հարաւային Կովկասէն: Այդ պատճառով է, որ Իրան շահագրգռուած է կովկասեան երկիրներու տնտեսական եւ քաղաքական կայունութեամբ՝ ոչ միայն տարանցումի մտահոգութիւններով, այլ նաեւ որովհետեւ բացի Ատրպէյճանէն, Հայաստան ու Վրաստան կը հանդիսանան քարիւղ, կազ եւ իրանեան արտադրութիւններ ներածող թերաճ շուկաներ:

Հակառակ Միացեալ Նահանգներու եւ արեւմտեան այլ երկիրներու անոր դէմ հաստատած պատժամիջոցներուն, Իրանի դրացի երկիրները, ինչպէս նաեւ՝ աւելի հեռու գտնուող պետութիւններ, ներառեալ Ռուսիան, Չինաստանը եւ Կեդրոնական Ասիոյ հանրապետութիւնները, քաջ գիտեն, որ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք փոխադրութեան շրջանային ճամբաներ ստեղծելու իրենց ծրագիրները կախեալ են իրանեան երկաթուղագիծերու եւ ճամբաներու զարգացումէն եւ անոնց հանգուցաւորումէն՝ սահմանակից երկիրներու ճանապարհային համակարգերուն հետ:

Ասոր լաւագոյն ապացոյցը կարելի է նկատել Իրանի հիւսիսարեւելեան Խաֆ քաղաքը Աֆղանիստանի Հերաթ քաղաքին կապող երկաթուղագիծին բացումը անցեալ Դեկտեմբերին: Այս երկաթուղագիծին կառուցումը մաս կը կազմէ Հինգ Պետութիւններու Երկաթուղային Միջանցքի (The Five Nations Railway Corridor (FNRC)) ծրագրին, որուն նախնական համաձայնագիրը ստորագրուած էր Տաճիկիստանի մայրաքաղաք Տուշանպէի մէջ, 2014-ին: 2100 քիլոմեթր երկարութեամբ եւ 2 միլիառ տոլար արժող ծրագիրը կ’ընդգրկէ հինգ երկիրներ եւ կ’անցնի անոնց տարածքով՝ Չինաստան, Տաճիկիստան, Խրխզիստան, Աֆղանիստան եւ Իրան՝ Չինաստանը կապելով իրանեան Չապահար եւ Պանտար Ապպաս նաւահանգիստներուն հետ: Փաստօրէն, Խաֆ-Հերաթ գիծը, իբրեւ մէկ մասը Մետաքսի ճամբուն, Չինաստանը կը միացնէ Իրանի՝ Աֆղանիստանի վրայով, ապա ուղղուելով դէպի հիւսիս՝ հարաւային Կովկասի վրայով, Իրանը կը կապէ Եւրոպայի:

Միւս կողմէ, կը նախատեսուի, որ Իրան յառաջիկայ ամիսներուն աւարտէ դէպի Կասպից ծովու Էնզելի նաւահանգիստը գացող երկաթուղագիծին կառուցումը՝ զայն իբրեւ փոխադրութեան ու առեւտուրի կեդրոն ու հանգոյց ծառայեցնելու Ռուսիոյ եւ Հարաւային Կովկասի ու Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու միջեւ: Սակայն Կասպից ծովը կը մնայ փակ տարածք եւ անհրաժեշտ է շարժիլ դէպի արեւմուտք, ուր կան Ատրպէյճանն ու Հայաստանը՝ դէպի Թուրքիա եւ Եւրոպա ճամբուն վրայ:

Հակառակ իրենց էթնիք սուր տարակարծութիւններուն եւ իրարու հանդէպ անվստահութեան մթնոլորտին, իրենց աշխարհառազմավարական դիրքին պատճառով, մինչեւ հիմա Իրան եւ Ատրպէյճան կը գործակցին տնտեսական եւ տնտեսական միջանցքներու մարզերու մէջ: Անոնք ունին նաւթային եւ բնական կազի ուշագրաւ պաշարներ, որոնք իրենց տարածքով պէտք է փոխադրել այլ երկիրներ: Անոնք նաեւ, ինչպէս Հայաստանը, առնչուած են «Հիւսիս-Հարաւ» միջանցքով: Հիւսիս-հարաւ փոխադրութեան միջազգային միջանցքը (NSTC) 7200 քմ երկարութեամբ նաւային, երկաթուղագիծերու եւ ճամբաներու բազմաբնոյթ ցանց մըն է, որ Հնդկաստանը, Իրանը, Աֆղանիստանը, հարաւային Կովկասը (թէեւ Հայաստան այս NSTC ծրագիրը ստորագրող կողմերէն մէկը չէ, իսկ Ատրպէյճան ստորագրող կողմ է), Ռուսիան, Կեդոնական Ասիան եւ Եւրոպան կը կապէ իրարու:

Հայաստան կը նկատուի տարածաշրջանային միակ երկիրը, որուն հետ Իրան որեւէ տարակարծութիւն չունի, ըլլա՛յ քաղաքական, ըլլա՛յ մշակութային: Թէեւ այս երկու երկիրները ունին պետական տարբեր կառուցուածք, բայց միաժամանակ ունին փոխադարձ շահերու նմանութիւն: Երկու երկիրներն ալ ձեւով մը ենթակայ են շրջափակումի, մէկը արեւմուտքին կողմէ, իսկ միւսը՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ երբեմն ալ…Վրաստանի կողմէ: Այս պատճառով, անկախ քաղաքական ու տնտեսական տուեալներէ, Իրան ու Հայաստան դարձած են գործնապաշտ բարեկամներ:

Մեղրիի տնտեսական ազատ գօտիի ստեղծումը 2018-ին կարեւոր քայլ մը կը նկատուի երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ: Մինչ ազատ գօտիին ստեղծումը առիթ կ’ընծայէր մասնաւորաբար իրանեան ներդրումներու ներգրաւման Հայաստանի մէջ, անդին Իրան կ’օգտուէր Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ ըլլալու Հայաստանի հանգամանքէն:

Ինչ կը վերաբերի ուժանիւթի մարզին մէջ երկու երկիրներու յարաբերութեան, անիկա կը մնայ սահմանափակ, հակառակ այն իրողութեան, որ որոշ ծրագիրներ արդէն իսկ իրագործուած են, օրինակ՝ Իրան-Հայաստան կազատարը 2006-ին՝ Հայաստանի կարիքները գոհացնելու նպատակով: Տնտեսական միջանցքներու պարագային, երկու երկիրներն ալ կը գիտակցին գոյութիւն ունեցող ծրագիրներու մեծ կարեւորութեան, ինչպէս Հայաստանի 470 քմ երկարութեամբ երկաթուղագիծին եւ 556 քմ երկարութեամբ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի իրականացման:

Կարելի է եզրակացնել, որ միջանցքներու տնտեսութիւնը՝ արդի աշխարհակալութեան մէկ դրսեւորումը, մանաւանդ աշխարհագրական մեծ տարածութիւններ իրարու կապելու առումով, հիմնական դերակատարութիւն սկսած է ունենալ արտաքին քաղաքականութիւններու մշակման ատեն: Իրան ցարդ նայած է դէպի արեւելք, հարաւ ու արեւմուտք, իսկ դէպի հիւսիս իր արեւելումը սկսած է զարգանալ վերջին տարիներուն: Այսպէս է որ կը դրսեւորուի Իրանի աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը Հայաստանի համար:

Սակայն, պէտք է զգոյշ ըլլալ երկու կացութիւններէ. Հայաստանի հիւսիս-հարաւ մայրուղիին եւ երկաթուղագիծին կառուցման ուշացումէն, եւ Իրանի համար այլընտրանքի՝ դէպի Ատրպէյճան թեքումէն: Պէտք չէ մոռնալ որ իրանցիք գործնապաշտ մարդիկ են…

Մեկնաբանել