Չկողմնորոշուածները սիրաշահելու բանաձեւի հետքերով

Աբօ Պողիկեան

Բոլոր հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ քաղաքացիներու մեծ հատուած մը, քուէարկողներու գրեթէ կէսի չափ, չէ կողմնորոշուած ու կը սպասէ ընտրարշաւի ընթացքին թեկնածուներու յայտարարութիւններուն, վերլուծումներուն ու երկիրը այս ճգնաժամային վիճակէն դուրս բերելու ծրագիրներուն։

Հարցախոյզներու արդիւնքները կը թելադրեն, որ քաղաքական որեւէ ուժ, եթէ ճիշդ տանի իր քարոզչութիւնը, եթէ կարենայ գրաւել քաղաքացիներու ուշադրութիւնը, արժանանայ անոնց յարգանքին, կրնայ հատել խորհրդարան մտնելու շեմը։ Քաղաքական բեմի առաջին գիծերուն վրայ գտնուող կուսակցութիւնները, նոյնիսկ անոնք, որ այս հանգրուանին կը վայելեն ընտրազանգուածի մէկէն մինչեւ հինգ տոկոսի համակրանքը, մեծ հաւանականութիւն ունին մտնելու խորհրդարան, անշուշտ եթէ ընտրարշաւի ընթացքին քուէարկողները խրտչեցնող դիրքորոշումներով հանդէս չգան։

Ժողովրդականութեան ներքեւի հորիզոնականի վրայ գտնուողները, յատկապէս, պէտք է արժեւորեն ցարդ իրենց տարած քարոզչութեան արդիւնաւէտութիւնը եւ համապատասխան շտկումները մտցնեն իրենց մարտավարութեան մէջ։ Այդ ուժերը, անշուշտ կրնան յամառիլ ու նոյն ոգեւորութեամբ շարունակեն ժողովուրդին հետ խօսելու, կամ անոնց վրայ գոռալու, կամ իրենց չհետեւողները դատապարտելու ոճը, յուսալով որ հաւատարիմ հետեւորդներու թիւը ինչ որ չափով կ՝աւելնայ։

Չկողմնորոշուողներու նախասիրութիւնները ճիշդ հասկնալու եւ զանոնք սիրաշահելու (ոչ անշուշտ ի գին սեփական համոզումներէն ու սկզբունքներէն զիջումներու) բանաձեւը այնքան ալ դժուար պէտք չէ ըլլայ։ Այդ հատուածը դժգոհ է ցարդ հրապարակի վրայ աշխատող, գործող քաղաքական գործիչներու վարքէն, անոնց արտայայտութեանց ձեւէն ու բովանդակութենէն ու կը սպասեն նոր խօսքի, նոր մտքերու, ճանապարհային նոր քարտէսի, ղեկավարման նոր որակի, կառավարելու նոր յատկանիշերու դրսեւորման։ Դրական արդիւնք նոյն բաները կրկնելով, նոյն կարգախոսները բարձրաձայնելով, նոյն վճռական շեշտը աւելի խռովքով արտայայտելով դժուար թէ արձանագրուի։ Բայց այդ ոճին վարժուած, սեփական ձայնին սիրահարուած քաղաքական գործիչին համար նոր բան ու խօսք փնտռելու «տաղտուկը» կրնայ ցանկալի չըլլայ։ Նման գործիչներ, սպառող հեւքով կրնան թաղ առ թաղ, գիւղ առ գիւղ շրջիլ երկրով մէկ եւ առաքեալի նուիրումով տարածել իրենց յոգնած պատգամը։ Իսկ նոյնիսկ նոյն պատգամը աւելի հաղորդական, աւելի համոզիչ ձեւով փոխանցելը կրնայ քիչ մը ստեղծագործ աշխատանք, քիչ մը մտքի լարում պահանջել, որուն ժամանակ տրամադրելու տրամադրութիւն քիչեր կրնան ունենալ։Ծանր, պատասխանատու պահ կ՝ապրինք։ Նախընտրական շրջան է ու աղիտալի պարտութեան ճնշող, ամլացնող հոգեվիճակէն դուրս գալու, դիմադրելու ու վերընձիւղուելու ճանապարհը գտնելու պատասխանատուութիւնը կախուած է բոլոր քաղաքական ուժերու, գործիչներու վզին։ Բոլորին։ Բոլորն ալ կրնան դրական լիցք տալ խորհրդարանին, կրնան կառավարութեան արդիւնաւէտ աշխատելու երաշխիքներ դառնալ, ամէն մէկը իր չափով, նոյնիսկ իր նուաճած աթոռներու թիւէն աւելի, եթէ իր վերելքի տեսլականը կարենայ համոզիչ ու տեսանելի դարձնել լայն հասարակութեան։

Մեկնաբանել