Հայ Դատի համակիրներ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու աւելի քան մէկ միլիոն պատգամներ ուղարկեցին Պայտընին

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն առաւել քան մէկ միլիոն համակիրներ պատգամներ յղեցին նախագահ Ճօ Պայտընին, անկէ պահանջելով պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Այս առիթով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան հրապակեց տեսանիւթ մը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք Հայ Դատի կոչին անսալով, Սպիտակ տան վրայ ճնշում բանեցուցին, պատմական ճշմարտութիւնը հաստատելու նպատակով։

Յիշեցնենք, որ անցեալ ամիս, աւելի քան 37 ծերակուտականներ միացած էին Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզին՝ միասնաբար պահանջելով Պայտընէն, որ վերջ մը դնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի ջանքերուն հետեւելու Ամերիկայի նախագահներու կեցուածքին, յստակօրէն ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը:

Ներկայացուցիչներու տան մէջ նման արշաւի մը առաջնորդութիւնը ստանձնած է քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ։

Պայտըն՝ իբրեւ ծերակուտական, արդէն իսկ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Аsbarez.com

Մեկնաբանել