Խորէն արք. Տողրամաճեան. «Կիպրոսի Մակարայ Վանքը ամբողջական փլուզման եզրին կը գտնուի»

Մարտ 20-ին սրբապղծութեան հերթական արարք մը տեղի ունեցած է Կիպրոսի բռնագրաւուած բաժնին մէջ գտնուող հայոց Մակարայ Վանքի շրջափակէն ներս։ Այս մասին Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան զրուցեց «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ։ Սրբազան հայրը այս առիթով անդրադարձաւ վանքին ներկայ վիճակին եւ զայն վերանորոգելու գծով տարուող աշխատանքներուն:

Մեկնաբանել