Սուրիոյ Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը պատմական քայլ մըն է

Սիվիլնէթի հիւրն է Դամասկոսի պետական համալսարանի դասախօս, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, թարգմանիչ, Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ, Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողովի նախագահ, Սուրիոյ Սահմանադրական Ժողովի անդամ Նորա Արիսեանը:

Սիվիլնէթ– Սուրիոյ խորհրդարանը 2020 թուականի Փետրուար 13-ին, ընդունեց բանաձեւ մը, ըստ որուն ո՛չ միայն կը դատապարտէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած հայերու ցեղասպանութիւնը, այլ զայն կը համարէ մարդկութեան դէմ կատարուած ամենածանր ոճիրներէն մին եւ կը դատապարտէ պատմական այս իրողութիւնը ժխտող ու խեղաթիւրող որեւէ փորձ. խորհրդարանը նաեւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ բարեկամ հայ ժողովուրդին: Դուք, Սուրիոյ խորհրդարանի ամենագործօն հայ անդամն էք: Դուք մեծ դեր ունեցաք անոր կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մէջ: Ինչպէ՞ս յաջողեցաք: Ի՞նչ տուաւ մեզի այդ ճանաչումը:

Նորա Արիսեան– Սուրիոյ Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը պատմական քայլ մըն է, որ կ’ապացուցէ Սուրիոյ պետութեան զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը Հայ Դատին եւ կը սատարէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգայնացման, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ սուրիացի արաբ ժողովուրդին գիտակցութիւնը ցեղասպանութեան իրողութեան եւ անոր ծալքերուն:

Այդ քայլի յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունեցաւ բանաձեւի հեղինակ «Սուրիա-Հայաստան Խորհրդարանական Յանձնաժողով»ը, որ բանաձեւը ներկայացուց Խորհրդարանի ընդհանուր նիստին եւ կրցաւ միաձայնութեամբ ընդունիլ տալ զայն:

Խորհրդարանը այս որոշումով միաձայնութեամբ դատապարտեց Օսմանեան կայսրութեան ծրագրած եւ իրագործած ցեղասպանութիւնը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ բարեկամ ժողովուրդին:

Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունումը նաեւ բարոյական գործօն կրնայ հանդիսանալ սուրիահայութեան համար, որուն, իրենց բնօրրանէն բռնագաղթուած, նախնիներուն աճիւնները սուրիական հողին միախառնուած են:

13 Փետրուար 2020-ի գումարուած նիստին իմ ելոյթիս մէջ նշեցի, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու անոր հետքերը վերացնելը, արժէքներ ու իրաւունքներ հաստատելու ազգային սկզբունքներ են, եւ ակնարկեցի, որ այն կը հանդիսանայ իբրեւ հայ ժողովուրդին պատմական արդարութիւնը վերադարձնելու հանգամանք, մանաւանդ սուրիահայերուն, որոնք անբաժան մասնիկը դարձած են Սուրիոյ ընկերութեան, եւ տասնամեակներ շարունակ փաստած են երկրին ազգայնութեան իրենց անբաժան մասնիկը ըլլալը: Սուրիացի ժողովուրդը, որ իր կարգին, ինքն ալ դարեր շարունակ տառապած է թրքացման քաղաքականութենէն, եղաւ առաջինը, որ հիւրընկալեց եւ գրկաբաց ընդունեց ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած հայերը:

Այսօր, թրքական քաղաքականութիւնը տակաւին կը շարունակուի նոյն գործելաոճով՝ սպաննութեամբ՝ մեր երկիր ներխուժումով, զաւթելով, եւ ահաբեկչութեամբ: Այսօր, այս ամէնուն մենք ականատես կ’ըլլանք Սուրիոյ մէջ:

Իմ ելոյթը մեծ հաւանութեամբ ընդունուեցաւ խորհրդարանի բոլոր անդամներուն կողմէ, որոնք համոզուած միաձայնութեամբ

ընդունեցին իրենց ներկայացուած բանաձեւը:

Սիվիլնէթ– Արցախեան վերջին պատերազմին պատճառաւ մեր հայրենիք Հայաստանը շատ ծանր վիճակի մատնուեցաւ: Ստեղծուած այս կացութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ Դամասկահայութեան եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան վրայ:

Նորա Արիսեան– Արցախի վերջին պատերազմը ինչպէս ամբողջ հայութեան, այդպէս ալ մեծապէս ազդեց սուրիահայութեան վրայ: Պատերազմի օրերուն տեղի ունեցաւ հանգանակութիւն՝ ի նպաստ Համահայկական Հիմնադրամին: Մեր վարժարաններէն ներս աշակերտները զանազան ձեւերով իրենց զօրակցական գացումները արտայայտեցին: Հոկտեմբեր 7-ին, Սուրիոյ Խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունեցայ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններու շուրջ եւ դատապարտեցի որեւէ նախայարձակում հայ ժողովուրդի եւ հայկական հողերու վրայ: Հայաստանի եւ Արցախի դէմ մղուած հակամարտութիւնը թուրք-ատրպէյճանական դաշինքի կողմէ կատարուող նախայարձակում (ագրէսիա) որակեցի:

Սիվիլնէթ– Վերադառնանք Սուրիա, ուր տաս տարիներու տագնապին պատճառաւ, տեղի հայկական գաղութը, մէջն ըլլալով Դամասկահայութիւնը կանգնեցաւ մեծ դժուարութիւններու առջեւ: Ինչպիսի՞ վտանգներ կը դիմագրաւէ Դամասկահայ գաղութը այսօր: Ինչպէ՞ս կը տեսնէք գաղութի ապագան:

Նորա Արիսեան– Կը խորհիմ որ Դամասկահայութիւնը եւ ընդհանրապէս սուրիահայութիւնը կը դիմագրաւէ տարբեր մարտահրաւէրներ, որոնց գլխաւորը կը հանդիսանայ արեւմտահայերէն լեզուի նահանջի եւ ապա կորուստի վտանգը: Կարելի է նշել հայերէնաւանդ արհեստավարժ ուսուցիչներու պակասի վտանգը եւ ընդհանուր առմամբ հայ մտաւորականութեան պակասի վտանգը: Այնուամենայնիւ, կը խորհիմ, որ հայկական վարժարաններու եւ մշակութային միութիւններու ճիգերուն եւ տքնաջան աշխատանքներուն արդիւնքով, նօսրացած վիճակով գաղութը պիտի գոյատեւէ:

Սիվիլնէթ– Շնորհակալութիւն Դոկտոր Նորա, այս շահեկան հարցազրոյցին համար:Նորա Արիսեան– Ես եւս շնորհակալ եմ:

Մեկնաբանել