Համահայկական հիմնադրամը 100 000 եւրօ կը նուիրէ լիբանանահայ վարժարաններուն

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ իր օժանդակութիւնը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն` փորձելով թեթեւցնել Լիբանանի տնտեսական, ընկերային, ելեւմտական, քաղաքական թէ առողջապահական այս սուր տագնապներու օրերուն անոնց վրայ դրուած բեռը:

Արդարեւ, դեկտեմբեր 2019-ին, յուլիս եւ օգոստոս 2020-ին Լիբանանի հայկական վարժարաններուն կատարուած հերթական յատկացումներէն ետք, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մարմինը` հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակին ճամբով անգամ մը եւս կը հասնի լիբանանահայ վարժարաններուն օգնութեան եւ հարիւր հազար եւրօ կը նուիրէ` բարձր գնահատելով այս սաստիկ տագնապալի պայմաններուն մէջ անոնց ի գործ դրած ճիգը, կատարած հսկայական աշխատանքն ու նուիրական առաքելութիւնը: Այս գումարէն բաժին մը կը յատկացուի նաեւ լիբանանահայ երեք օրաթերթերուն` «Ազդակ»-ին, «Արարատ»-ին, «Զարթօնք»-ին, ինչպէս նաեւ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին, որոնք բազում զոհողութիւններով կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` միշտ մնալով պատնէշի վրայ:

Հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը, իր կարգին, ամէն ճիգ ի գործ դրաւ, որ ստացուած գումարը ամերիկեան տոլարով կանխիկ փոխանցուի իւրաքանչիւր հաստատութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյնս օգտուիլ անկէ:

Վստահ ենք, որ հաւաքական ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւն, եւ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը պիտի վերադառնան իրենց բարօր օրերուն, եւ փոխադարձաբար պիտի շարունակեն նիւթապէս թեւ ու թիկունք կանգնիլ Հայաստանին ու Արցախին:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի
Լիբանանի գործադիր մարմին

Մեկնաբանել