Սէուտական Արաբիոյ Մէջ՝ Թրքական Վարժարանները Փակելու Որոշում

Asbarez.com

Թրքական «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Սէուտական Արաբիա այս ուսումնական տարեշրջանի աւարտին պիտի փակէ թրքական ութ դպրոցներ եւս։ Այս որոշումին մասին Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան տեղեկացուցին Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները։

Ըստ գործակալութեան՝ ութ դպրոցներուն մէջ կը սորվին 2256 աշակերտներ։ Նախապէս թագաւորութեան մէջ փակուած էին 26 թրքական դպրոցներ։

Այս հանգամանքը խորացուց երկու երկիրներուն միջեւ արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւնները։

Յիշեցնենք, թէ թագաւորութեան մէջ նաեւ պոյքոթ յայտարարուած էր թրքական ապրանքներու դէմ։

Մեկնաբանել