«Ազրպէյճանի Ուժանիւթային Անկումը Սկսած Է Արդէն․Կարեւորը Այն Է, Որ Մենք Ի՛նչ Պէտք Է Ընենք Այս Իրականութեան Դիմաց» Կ՛ըսէ Դոկտ․ Պետրոս Թերզեան

«Ազդակ»-ի 29-րդ առցանց լսարանի դասախօսն էր Փարիզի մէջ գործող «Փեթրոսթրաթեժի» հիմնարկի տնօրէն, տնտեսագէտ դոկտ․ Պետրոս Թերզեան։ Նիւթ՝ «Այսօրուան աշխարհակարգին մէջ ուժանիւթի գործօնը՝ հայկական դիտակէտերէ»։ Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան։

Դոկտ․ Թերզեան քարտէսներով եւ տուեալներով ներկայացուց կովկասեան շրջանին հետ յարաբերակցաբար առնչուած երկիրներու նաւթի եւ կազի պաշարները, արտադրւթեան ծաւալները։

Հաստատելէ ետք, որ այս ուժանիւթերու բարձրակէտին վրայ է այսօր աշխարհը, ան նկատեց, որ յառաջիկայ տարիներուն կը սկսի անկումը ուժանիւթի արժէքին, թէ՛ սպառման, թէ՛ մրցակցութեան եւ թէ՛ գինի նուազեցումի հանգամանքներով։

Դոկտ․ Թերզեան մանրամասն տուեալներ ներկայացուց թէ՛ նաւթի եւ թէ՛ կազի տարանցիկ ուղիներուն, յառաջատար երկիրներուն՝ Ղազախստանի, Իրանի եւ Թուրքմենիստանի մասին, յատուկ կերպով կեդրոնանալով Ազրպէյճանի տուեալներուն վրայ։

Կասպից ծովու ուժանիւթային պաշարներու յայտնաբերման օրերուն տարբեր վերլուծական կեդրոններու կատարած կանխատեսումներու իրականութեան չհամապատասխանելուն անդրադառնալով՝ դոկտ․ Պետրոս Թերզեան հաստատեց, որ Ազրպէյճանի ուժանիւթային արժէքի անկումը սկսած է արդէն։

Դոկտ․ Թերզեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային ջրային, արեւային, հիւլէական եւ հողմային ուժանիւթի համակարգերուն մասին՝ հաստատելով, որ Հայաստանի պարագային ուժանիւթային աղբիւրները լիովին կը բաւարարեն ամբողջ երկրին։

Ռազմական գործողութեան ձեռնարկելու մղումը դասախօսը առնչեց ազրպէյճանական ուժանիւթի անկումի գործընթացին հետ։ Ապա հաստատեց, որ Ազրպէյճանի մէջ իշխող խաւի շահերէն մեկնած կը մշակուի ուժանիւթի ներդրումային քաղաքականութիւնը։ Դասախօսութեան հետեւեցաւ հարցում-պատասխանի եւ տեսակէտներու արտայայտման ուղղութեամբ հետաքրքրական քննարկում մը։

Մեկնաբանել