Այնթապլեանները 500,000 Տոլար Նուիրեցին Հայրենի Վարժարանի Մը

Asbarez.com

Յակոբ եւ Լիւտովիքա Այնթապլեանները աշխուժօրէն կը մասնակցին եւ կ՛օժանդակեն ամերիկահայ համայնքի հասարակական ու մշակութային կեանքին։

Նախագիծին հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ Յակոբ եւ Լիւտովիքա Այնթապլեանները փափաք յայտնած են իրականացնելու դպրոցին հիմնական եւ իբրեւ նուիրատուութիւն փոխանցած են 500,000 տոլար գումար մը։ Նայն ժամանակ, նուիրատուները փափաք յայտնած են դպրոցը անուանելու իրենց անունով։

Դպրոցին մանկավարժական խորհուրդը դրական գնահատեց Յակոբ եւ Լիւտովիքա Այնթապլեաններու անունով դպրոցը կոչելու՝ Երեւանի աւագանիին առաջարկը։

Փոխքաղաքապետ Գայիանէ Մելքոնեան նշեց, որ Յակոբ եւ Լիւտովիքա Այնթապլեանները արդէն այդ դպրոցի բարեկամներն են եւ քանի մը անգամ օգնած են դպրոցին՝ կատարելով գոյքի եւ նուիրատուութիւններ։ Ան նաեւ յայտնեց, որ ամոլը խոստացած է ներդրումները շարունակել եւ թէ կը նախատեսուի դպրոցին մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցում։

Բարերար Յակոբ Այնթապլեան մասնագիտութեամբ սրտաբան է։ Հայաստանի օժանդակութեան Ամերիկայի համագաղութային մարմինին կողմէ, որուն փոխատենապետը եւ բժշկական օգնութեան յանձնախումբի նախագահն է, Յակոբ Այնթապլեան Դեկտեմբեր 1988ի երկրաշարժէն ետք զգալի աջակցութիւն տրամադրուած է երկրաշարժէն տուժած ն անձերու։

Մեկնաբանել