Ո՞վ է թրքական ժողովրդավարութեան թշնամին՝ Էրտողա՞ն թէ բանակը

Վարուժ Թէնպէլեան

Միջին Արեւելքի մէջ ժամանակին ժողովրդավարութեան նմուշ նկատուող Թուրքիան այսօր կը ներկայացնէ ժողովրդավարական ձեւի մէջ պահուըտած մենատիրական իշխանութիւն մը: 2016 Յուլիսի զինուորական յեղաշրջման ձախող փորձը յանգեցաւ ընդիմադիրներու զանգուածային ձերբակալութեան…եւ մասնաւորաբար, Էրտողանի միահեծան իշխանութեան ամրապնդումին:

Իր կողմնակիցներուն համար, որոնք բաւական կարեւոր թիւ մը կը ներկայացնեն, Էրտողան հայրական ոգիով գործող տիպար ղեկավարն է, որուն կարելի է վստահիլ երկիրը: Բայց իր հակառակորդներուն համար, ան բռնատէր մըն է:

Նախապէս, քաղաքական միտքը ժողովրդավարութիւնը եւ բռնատիրութիւնը զատորոշելու յստակ սահմանումներ ունէր: Մինչ ժողովրդավարութիւնը կը ցոլացնէր ազատ եւ արդար ընտրութիւններ, քաղաքացիական ազատութիւններ ու դատական անկախութիւն եւ օրէնքի գերակայութիւն, բռնատիրութիւնը կը բնորոշուէր ազատ ընտրութիւններու բացակայութեամբ, ազատութիւններու կաշկանդումով եւ փտածութեամբ: Իբրեւ պարզ նմուշ կարելի է տալ հարաւային եւ հիւսիսային Քորէաներու օրինակները, բայց կան բազմաթիւ վարչաձեւեր, որոնք կը գտնուին ժողովրդավարութեան եւ բռնատիրութեան միջեւ տեղ մը, եւ որոնք կարելի է նկատել խառնածին (hybrid) վարչաձեւեր:

Խառնածիններուն մէջ տեղի կ՝ունենան ընտրութիւններ, ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն կ՝արտօնուի առաջադրել թեկնածուներ եւ նոյնիսկ կը տրուին քաղաքացիական որոշ ազատութիւններ` ժողովրդավարական ընդունուած հաստատութիւններու ծիրին մէջ, բայց անոնք գրեթէ չեն գործեր եւ ոչ մէկ ձեւով կը սպառնան իշխող խաւին:

Այսօր, աշխարհի տարածքին, ժողովրդավար նկատուղ վարչաձեւերուն մեծամասնութիւնը խորքին մէջ խառնածին բնոյթ ունի: Մինչ բազմաթիւ բռնատիրական երկիրներ կը կազմակերպեն եւ կ՝օգտագործեն կասկածելի ընտրութիւններ՝ ժողովրդավար երեւնալու համար (օրինակ՝ Անկոլա), անդին ժողովրդավար նկատուած երկիրներ ետդարձ կ՝ընեն եւ կ՝ուղղուին դէպի բռնատիրութիւն:

Թուրքիոյ պարագան խօսուն է այս իմաստով:

Այսօր, ժողովրդավարական նահանջի ամէնէն տարածուած ձեւերէն մէկը գործադիր իշխանութեան ինքնամեծարումն է, երբ այդ իշխանութեան վրայ գտնուող ղեկավարը կը թուլցնէ հաշուետւութեան եւ հաշուառութեան համակարգը՝ միաժամանակ տկարացնելով օրենսդիր ու դատական իշխանութիւնները, եւ` ընդհանրապէս ընդդիմութիւնը՝ հանրաքուէի ճամբով դիմելով «ժողովրդային մանտաթ»ի ընտրանքին: Այս առումով, Էրտողանի իշխանութեան տակ, Թուրքիոյ պարագան կրնայ ծառայել իբրեւ դասագրքայն օրինակ:

Էրտողան իշխանութեան հասաւ 2002ին, երբ իր Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը շահեցաւ երեսփոխանական աթոռներուն մեծամասնութիւնը: Էրտողան անմիջապէս սկսաւ իր կնիքը դնել երկրին վրայ՝ պաշտօնավարութեան առաջին երկու տարուան ընթացքին մշակելով եւ որդեգրելով 500 օրէնք: 2010ին, իր մանտաթըծաւալելու միտումով, Էրտողան հանրաքուէի միջոցով առաջադրեց սահմանադրական երկու տասնեակ փոփոխութիւններ, մինչ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան չափանիշներուն հասնելու նպատակով բարելաւուած քաղաքացիական ազատութիւններուն մէկ մասը կը չքանար: Կը սահմանափակուէին մամլոյ ազատութիւնները, բազմաթիւ կայքէջեր կը փակուէին եւ պատկերասփիւռի կայաններուն գործունէութիւնը կը սահմանափակուէր:

2013ին, Պոլսոյ Կէզի զբօսայգիի բողոքի ցոյցերէն յետոյ, աւելի քան 80 լրագրողներ գործէ արձակուեցան: Լրագրողներ ընդհանրապէս կրնան դատական հետապնդումի ենթարկուիլ կառավարութիւնը քննադատող որեւէ գրութեան պարագային: Էրտողան ճիգ չխնայեց նաեւ տկարացնելու դատական իշխանութիւնը: Ան իրաւունք ստացաւ նշանակելու սահմանադրական դատարանի 17 անդամներուն 14ը: 2014-ին, 3000 դատաւորներ հեռացուեցան: Դատարաններուն փոխարէն, իբրեւ օրէսդիր մարմին, խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն վայելող Էրտողանի կուսակցութիւնը ինք կը վերահսկէ եւ կը ճշդէ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցող կուսակցութիւններու ցանկը: Տակաւին, 2015ին, Ազգային Հետախուզական Կազմակերպութեան (գլխաւորուած նախագահին կողմէ նշանակուած պաշտօնատարի մը կողմէ) կը տրուի Թուրքիոյ մէջ ոեւէ անձ հետապնդելու իրաւունք, առանց դատական իշխանութիւններէն արտօնութիւն ստանալու:

Միւս կողմէ, զինուորականները երբեք չյաջողեցան «ձեւի բերելու» Էրտողանը: Ի տարբերութիւն իր նախորդներէն ոմանց, երբ բանակը սպառնաց անուղղակի վերահսկողութիւն հաստատել քաղաքական կեանքին վրայ, Էրտողան մերժեց ենթարկուիլ սպառնալիքներուն, օրինակ 2007ին, եւ հակառակ զիեալ ուժերու ընդդիմութեան, ան առաջադրեց եւ պարտադրեց արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլի նախագահ ընտրութիւնը: 2016ի յեղաշրջման փորձէն ասդին, Էրտողան յստակ դարձուցած է, որ ինք ուղղակիօրեն պիտի վերահսկէ զինեալ ուժերը: Քանի մը օրուան մէջ, ան 100 զօրավար եւ աւելի քան 1500 սպայ վտարեց բանակէն:

Ընդհանուր առմամբ, յեղաշրջման ձախող փորձին հակազդեցութեան տարողութիւնը երբեք չէր նախատեսուած: Աւելի քան 16 հազար հոգի ձերբակալուեցան եւ առնուազն 60.000 պաշտօնեաներ գործէ արձակուեցան: Սակայն ակնկալելի էր նման քայլ Էրտողանէն, որուն իշխանատենչութիւնը, ըստ շատերուն, սահման չունի եւ կրնայ հասնիլ մինչեւ «կայսերական նախագահութիւն» հաստատելու աստիճանին:

Կը մնայ սպասել, որ թրքական բանակը որքա՞ն պիտի կարենայ համբերել Էրտողանի իշխանատենչական նկրտումներուն, երկրի մը մէջ, ուր զինուորականները միշտ պատրաստ եղած են իրենց մենատիրական թաթը երկարելու, երբ իբրեւ «թրքական ժողովրդավարութեան խնամակալ» վտանգուած եղած է անոնց քեմալական աւանդը:

իբրեւ եզրակացութիւն, կ’արժէ յիշեցնել, որ 20-րդ դարու երկրորդ կիսուն, 1960-ին, 1971-ին, 1980-ին եւ 1997-ին, թրքական բանակը չորս անգամ միջամտած է քաղաքական կեանքին մէջ: Անոնց առաջին երեքը ունեցած է արիւնալի հետեւանք:Պամութիւնը պիտի կրկնէ՞ ինքզինք: Կ’արժէ սպասել մինչեւ 2023-ին նախատեսուած երեսփոխանական ընտրութիւնները….

Մեկնաբանել