Չարիքը կեդրոնացեալ դրութեան մէջ է

Ժողովրդավարութիւնը անկասկած կ’ենթադրէ ժողովուրդին իշխանութիւնը իբրեւ ընդհանուր սկզբունք՝ ընդգրկելով նաեւ խօսքի, խղճի եւ մամուլի ազատութիւններ, բազմակուսակցական դրութիւն, ընկերային եւ տնտեսական արդարութիւն, մէկ խօսքով՝ ամէն ինչ, որ կը ծաոայէ ժողովուրդի մը լայն խաւերու բարօրութեան եւ անկաշկանդ զարգացումին։

Յաճախ հարց կր տրուի, թէ ժողովրդավարութիւնը պետական վարչաձե՞ւ է, թէ՞ ապրելու եղանակ ու աշխարհահայեացք, միայն տեսութի՞ւն է, թէ՞ կիրարկելի ընտրանք:

Գլխաւոր հարցր կը ծագի անկէ, թէ ինչպէ՞ս կը բացատրուի ժողովուրդին իշխանութիւնը՝ նաեւ նկատի առնելով հայաստանեան մերօրեայ իրականութիւնը, եւ թէ ինչպէ՞ս կարելի է կիրարկել ու գործնականացնել զայն: Արդեօք միայն երեսփոխան ընտրելը, եւ այդ ալ ընտրական ներկայ օրէնքին համաձայն, բաւարար պէտք է նկատե՞լ ժողովուրդին իշխանութեան հաստատման համար, որուն անունով կը ճառեն բոլորը: Արդեօք ժողովրդահաճոյ կարգախօսերը եւ անոնց յաղթանակը իսկապէս ժողովուրդը, ուղղակի թէ անուղղակի միջոցներով, մասնակից կը դարձնէ՞ պետական իշխանութեան, անոր որոշումներուն եւ կառոյցներուն:

Հայաստանաբնակ մեր ժողովուրդին իշխանութիւնը կր դառնայ անիմաստ, երբ կարգախօսերը կը յաղթանակեն, բայց տնտեսական եւ ընկերային անարդարութիւնը կը յամենայ, այլ խօսքով՝ երբ գիւղական ու մանաւանդ սահմանային շրջանները կը մնան թերաճ, երբ օլիկարքական կեղեքումը արմատականօրէն վերջ չի գտներ եւ ազգային եկամուտը արդարօրէն չի բաշխուիր, եւ երբ մանաւանդ (ընդգծուած) օլիկարքները քողարկուած տարազներով եւ «ժողովուրդին ձայներով» կը վերադառնան քաղաքական թատերաբեմ:

Հոսկէ կը ծագին տնտեսական եւ ընկերային ժոդովրդավարութեան կիրարկման պահանջները, որոնք խորքին մէջ ժոդովրդավարական առանձին «ճիւղեր» չեն եւ կարելի չէ զանոնք անջատել ժողովրդավարական ընդհանուր սկզբունքներէն: Ժողովուրդին իշխանութիւնը կր մնայ միայն գաղափարախօսական յանկերգ եւ վերացական տեսիլք, եթէ իսկապէս ժողովուրդին կամքը ինքզինք չի կրնար արտայայտել կարեւոր որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ: Ժողովուրդին կամքին արտայայտութիւնը կը մնայ խաբուսիկ, երբ ընտրական ամէնէն յառաջադէմ ու փայլուն օրէնքները լծակից կը դառնան կեդրոնաձիգ իշխանութիւններու ստեղծման:

Դժբախտաբար, արեւմտեան թէ արեւելեան կողմն աշխարհի կան բազմաթիւ ժողովուրդներ, նաեւ՝ գաղափարախօսական կուսակցութիւններ, որոնք այս կամ այն ձեւով սկսած են յանձնուիլ կեդրոնաձիգ իշխանութիւններու քմահաճոյքին՝ ընթանալով մարդկային յառաջդիմութեան ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ:

Իշխանութեան կեդրոնացումով կը կեդրոնանան պետութեան բոլոր կառոյցները՝ սկսելով տնտեսութենէն, ընկերային ապահովութենէն մինչեւ պարզ սպասարկութիւնները, իսկ իշխանավարութիւնը կը դառնայ քաղաքակեդրոն, եւ կ’անտեսուին գիւղերն ու ծայրամասերը, եւ մեր պարագային՝ յոյժ կարեւոր սահմանային շրջանները:

Չարիքը կեդրոնացումին մէջն է անկասկած, որ կարելի է նկատել ժողովրդավարութան հականիշը։

Եւ երբ կը խօսուի ընկերային եւ տնտեսական արդարութեան մասին, եւ իբրեւ գործնականացում կ՛աոաջադրուի ժողովրդային լայն խաւերուն իրա՛ւ մասնակցութիւնը իշխանութեան, առաջին հերթին պէտք է վերջ տալ իշխանութեան կեդրոնացումին, եւ ժողովրդավրութեան իրա՛ւ գործնականուցումի միջոց նկատել ապակեդրոնացեալ իշխելաձեւը՝ քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական բոլոր մարզերուն մէջ։

Այս առումով, ընտրական օրէնքները եւ հաշուետւութեան ու հաշուառութեան դրութիւնը պէտք է ցոլացնեն նաեւ ապակեդրոնացման հիմքերը:

Բոլորիս սիրելի քաղաքամայր Երեւանը չէ միայն Հայաստանը:

Ապակեդրոնացեալ դրութեամբ, գիւղական շրջաններու մէջ նաեւ քաղաքական իշխանութիւններու ստեղծումը եւ գիւղատնտեսական տնտեսավարութեան յառաջացումը՝ արհեստագիտութեան, զբօսաշրջութեան եւ ճարտարարուեստի ապակեդրոնացեալ զարգացման զուգահեռ, առանց անտեսելու նաեւ օրէնքի գերիշխանութիւնը, մեր կարծիքով, մեծապէս կը սատարեն տնտեսութեան կայունացման, բարգաւաճման եւ մանաւանդ գիւղէն քաղաք հոսքի կասեցման, եւ որոշ ժամանակ ետք՝ ընդհանուր արտագաղթի աղէտին դարմանումին:

Նաեւ չմոռնալ, որ օլիկարքները կ՛աճին եւ կը ճիւղաւորուին, ու փտածութիւնը կը զարգանայ կեդրոնաձիգ իշխանավարութեան մէջ: Օրինակներ տա՞նք:

Մեկնաբանել