Հալէպ-Սուրիա. հայերը եւ նախագահական ընտրութիւնները

Մէկ շաբաթէ աւելի Հալէպի եւ ամբողջ Սուրիոյ մէջ տօնախմբութեան մթնոլորտ կը տիրէ. ուրախ այս մթնոլորտի ստեղծման հայերը կը մասնակցին ամբողջ հոգով: Չեմ գիտեր ուրիշներունը, բայց մեր հրճուանքը անխառն է, մեր փողերախումբերը ամբողջ հոգւով կը նուագեն Սուրիոյ քայլերգն ու Պաշշար Ալ Ասատին նուիրուած երգերը: Մեր ճառախօսները ճշմարտօրէն կ’արտայայտեն իրենց անկեղծ սէրն ու հաւատարմութիւնը իրենց թեկնածուին՝ ներկայ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատին հանդէպ:Սուրիոյ մէջ, Մայիս 26-ին, տեղի կ’ունենան նախագահական հեզասահ ընտրութիւններ: Այս ընտրութիւնները չորրորդ անգամ ըլլալով ներկայ գործող նախագահին իշխանութեան գահը պիտի պահպանեն եօթ տարի եւս:

Այս ընտրութիւնները տագնապի ընթացքին երկրորդն են. Նախորդ անգամ ընտրութիւնները կատարուեցան ռումբերու եւ հրասանդներու տարափի տակ, մարդիկ ընտրամասեր գացին վախով եւ սարսափով:

Այս անգամ նախագահ Պաշշար Ասատ իր ընտրական ձայնը տուաւ Դամասկոսի մօտիկ Տումայի շրջանին մէջ, որ նախորդ քուէարկութեան ընթացքին կը գտնուէր ծայրայեղական ընդիմադիրներու ազդեցութեան տակ: Այստեղամասի՝ ծայրայեղականներու քարուքանդ եղած շրջանի ընտրութիւնը նախագահը բացատրեց անով, որ կ’ուզէ աշխարհին փաստել, թէ Սուրիան այն չէ, ինչ որ կ’ուզեն ցոյց տալ երկրին թշնամիները՝ այս շրջանը միւս շրջանին դէմ, այս համայնքը՝ միւսին թշնամի եւ թէ՛, Սուրիոյ մէջ կատարուածը քաղաքացիական պատերազմ չէր, այլ հրահրուած դաւադրութիւն, թէ՛ սուրիացները միակամ են եւ բոլորը կը գտնուին նոյն խրամատին մէջ, կը կռուին նոյն թշնամոյն, նոյն ահաբեկչութեան դէմ… իսկ Տումացի ընդիմադիրները ներկայիս կը գտնուին երկրին հիւսիսը, թրքական ազդեցութեան տակ գտնուող Իտլիպ նահանգին մէջ: Իտլիպ նահանգը ապօրինի կը սեպէ այս ընտրութիւնները եւ չի մասնակցիր անոնց: Ընտրութիւններուն չեն մասնակցիր նաեւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան քրտական ազդեցութեան տակ գտնուող շրջանները:

Ընդհանուր առմամբ քուեարկելու իրաւունք ունին 18 միլիոն սուրիացիներ, որոնց մէկ երրորդէն աւելին երկրէն դուրս կամ պետական ազդեցութեան շրջաններուն մէջն են: Դուրս գտնուողները, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանաբնակ սուրիահայերը, քուեարկեցին Մայիս 20-ին: Նշելի է, որ Պէյրութի մէջ հազարաւոր սուրիացիներ, որոնց շարքին հայեր, խումբերով դիմեցին դեսպանատուն քուեարկելու Պաշշար Ալ Ասատի օգտին: Այս պարագան սրտնեղութիւն պատճառեց քրիստոնեայ հակայ Պաշշար մարօնիթներուն, որոնք յարձակեցան սուրիացիներուն վրայ եւ քարկոծեցին անոնց ինքնաշարժերը:

Թուրքիան եւ Գերմանիան իրենց երկիրներուն մէջ գտնուող ներկայացուցչական գրասենեակներուն արգիլեցին քուեարկութիւն կազմակերպել, Ամերիկան եւ եւրոպական ազդեցիկ երկիրներ, ինչպէս, Ֆրանսան, Անգլիան, Իտալիան եւ Գերմանիան, ապօրինի համարելով Սուրիական ընտրութիւնները նախօրօք մերժեցին անոնց արդիւնքները. Պէտք է ըսել, որ արդիւնքները ոչ թէ կանխատեսելի, այլ յայտնի են, նախնական 51 թեկնածուներէն դատական բարձրագոյն ատեանին կողմէ վաւերացուած երեքէն մին հաւանաբար յիսուն հազար ձայն շահի, միւսը՝ հարիւր հազար իսկ մնացեալ միլիոնաւոր ձայները բաժին իյնան Պաշշար Ալ Ասատին: Վստահաբար, տէմոքրաթական մեր ընտրութիւնները այս կամ ասոր մօտ արդիւնք պիտի արձանագրեն: Նշեմ, որ երեք թեկնածուներէն մին ընդդիմադիր է՝ ո՛չ զինեալ, իր հաւաստիացումով՝ պատուաւոր այլակարծիք մը:

Սուրիական տէմոքրաթիայի պատկերը այս է 1963-էն ի վեր, երբ պա՛ասիստները եկան իշխանութեան գլուխ, այդպէս էր Հաֆէզ Ալ Ասատի օրերուն, այդպէս շարունակուեցաւ որդի Ասատի օրով, երբ նոյնիսկ սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ յարմարելու Լոնտոնի մէջ գտնուող ակնաբոյժ երիտասարդ Պաշշարի տարիքին:

Իրականութեան մէջ, եթէ տեղի ունենան իրաւ ազատ եւ տէմոքրաթ ընտրութիւններ, հաւանաբար Պաշշար Ալ Ասատը մնայ երկրի նախագահ, որովհետեւ բոլոր փոքրամասնութիւնները վստահաբար պիտի քուեարկեն իր օգտին, նոյնիսկ մեծ թիւով սիւննի իսլամներ ալ այս ալաուի նախագահի օգտին քուեարկեն, որովհետեւ տագնապի այս տասը տարիները շատերը համոզեցին, որ Սուրիոյ շուրջ դաւադրութիւն մը հիւսուած է… բայց չէ՛, ազատ ընտրութիւններու պարագային հաւանաբար սիւննիներուն մեծամասնութիւնը պիտի չընդունէր ալաուի նախագահ մը ունենալ… իսկ սիւննիները երկրին աւելի քան 70% են:

Հայերը, որոնցմէ շատեր տագնապի դժուարին տարիներուն կարճ շրջան մը սկսած էին մտածել. «Կը բաւէ չարչարուինք, եթէ Պաշշարի երթալով երկիրը պիտի խաղաղի, թող երթայ…». իսկ բազմաթիւ սիւննիներ մեզ կը համոզէին ըսելով .« Ինչո՞ւ կը վախնաք սիւննիներէն, հայերու ջարդէն ետք, սիւննիները չէի՞ն ձեզ ընդունողները, այդ ատեն ո՞ւր էին ալաուիները…»

Տագնապէն առաջ, Սուրիոյ մէջ եթէ քաղաքականութեան չէիր խառնուեր, հանգիստ կ’ապրէիր: Հայերը միշտ ալ քաղաքականութենէ հեռու մարդիկ եղած են, միշտ հաւատարիմ իշխանութիւններուն, պատերազմի ընթացքին երբեմն նոյնիսկ «Պապէն աւելի պապական», օրինակ երբ Հալէպի ծայրայեղականներուն պետութիւնը կոչ կ’ըներ յանձնուիլ զանոնք կոչելով զինեալներ, մենք կը շարունակէինք այդ զինեալները ահաբեկիչներ կոչել…

Հայերը խաղաղութիւն կը սիրեն, ապահովութիւնը կը պաշտեն, կը վախնան կռիւներէ, հեռու կը մնան ամէն տեսակ բախումէ, նոյնիսկ խաղաղութեան օրերուն, միշտ զիջող եղած են, չեն ուզած վէճի բռնուիլ տեղացիներու եւ մանաւանդ պաշտօնեաներու հետ, իրենց գործը առաջ տանելու համար, իրաւունք պաշտպանելու փոխարէն նախընտրած են կաշառք տալ, եղած են լաւ մասնագէտներ, վստահելի արհեստաւորներ, արուեստագէտներ, բժիշկներ, ճարտարագէտներ, ճարտարապետներ, ամէն լաւի առաջինը իրենք իրագործած են, սիրած են այս երկիրը, մինչեւ հիմա հեռացածներուն համար Հալէպը կը մնայ նոյն երազայինը, ուր ամէն ինչ պարզ էր, ամէն ինչ աժան, մարդիկ բարեհամբոյր էին… կը փոխադարձէին հայոց, իրենց հանդէպ ունեցած սէրը…

Յետոյ շատ բան փոխուեցաւ, իսլամները դարձան աւելի իսլամ, կրօնամոլ, մոլեռանդ եւ նոյնիսկ շշուկով արտասանուած նախադասութիւններ հասան մեր ականջներուն. «Գործը կաւուրին մի՛ տար, քու կրօնակիցիդ հետ գործակցիր, նոյնիսկ եթէ աւելի վատ արդիւնք ձեռք պիտի ձգես».

Մենք շատերու համար դարձանք մեղաւոր կաւուրներ, շատերուն համար դարձանք աւելորդ բեռ, որ իրենց բաժին հացը կը խլէ իրենցմէ…

Հայերը Պաշշար Ալ Ասատի օգտին պիտի քուեարկեն, որովհետեւ այլընտրանքէ կը վախնան, աւելին, արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ կը սիրենք ներկայի նախագահն ու անոր տիկինը, որոնք երկրի յառաջդիմութեան համար կը գործէին: Միւս կողմէ համոզուած ենք, որ նախագահին ու առաջին տիկնոջ համար մենք իրապէս սիրելի մարդիկ ենք: Քիչ չեն թիւը նախագահի անձնական մօտիկ բարեկամ հայերուն… մի՛ ըսեք, որ Զոհրապն ալ Թալէաթի բարեկամն էր:

Չեմ գիտեր, վաղը, ըստ քաղաքականութեան պահանջքին, ինչպիսի վերաբերմունք կրնան ունենալ մեր այօրուան բարեկամները մեզի հանդէպ, կամ այսօրուան ծայրայեղականները փոփոխութիւն կը մտցնե՞ն մեր հանդէպ իրենց ունեցած դիրքորոշումին մէջ, այսօր սակայն ներկայ նախագահը մեր իրաւունքները պաշտպանող անձնաւորութիւն է:

Սուրիան կը շարունակէ տագնապիլ, Սուրիան տակաւին մասնատուած է, Սուրիացիներու բացարձակ մեծամասնութիւնը աղքատիկ կեանք մը ունի եւ ապագան անորոշ է տակաւին, բայց մենք կը հաւատանք, աւելի ճիշդ կ’ուզենք հաւատալ, թէ բան մը պիտի փոխուի, դէպի լաւ փոփոխութիւններ պիտի ընթանանք…

Այո՛, շատ չենք հաւատար, բայց կ’ուզենք, շատ կ’ուզենք հաւատալ:

Հալէպ, 26 Մայիս 2021

Մեկնաբանել