Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները եւ Էրտողանի լարախաղացութիւնը

Թուրքիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները յաճախ բնորոշուած են իբրեւ ռազմավարական կամ օրինակելի: Արդեօ՞ք:

Իշխանութիւնը իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացնելու Թուրքիոյ Նախագահ Էրտողանի բացայայտ ճիգը, եւ լրագրողներու, ակադեմեկաններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ փոքրամասնութիւններու վրայ անոր բանեցուցած ճնշումը խորքին մէջ կը հակասեն ամերիկեան ժողովրդավարական սկզբունքներուն ու Թուրքիոյ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հիմունքներուն: Տակաւին, Թուրքիոյ ծաւալապաշտական ախորժակները, տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ Եւրոպա ղրկելու սպառնալիքները, Ռուսիայէն S-400 հակաօդային պաշտպանութեան արդիական համակարգին գնումը եւ վերջին տարիներուն ամերիկեան դեսպանատան, հիւպատոսարաններու եւ այլ հաստատութիւններու մէջ աշխատող աւելի քան տասնեակ մը ամերիկացիներու եւ թուրքերու ձերբակալութիւնները, փաստօրէն կը խորացնեն վստահութեան տագնապը Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ:

Թուրքիա փաստօրէն դարձած է Միջին Արեւելքի ամէնէն բռնատիրական երկիրներէն մէկը: Իշխանութիւններուն կողմէ հոն բանտարկուած եւ սպաննուած մարդոց թիւը կը ներկայացնէ շրջանի ամէնէն բարձր համեմատութիւններէն մէկը: Անշուշտ, մարդկային իրաւունքներու վատթարացումը եւ թուրք ղեկավարութեան կողմէ ժողովրդավարական սկզբունքներու բռնաբարումը սկսած է շատ աւելի առաջ քան 2016 Յուլիսին տեղի ունեցած ձախող յեղաշրջումը, սակայն ամերիկացիք (ծերակուտականներ, երեսփոխաններ եւ վարչակազմ) սկսան դատապարտել այդ վարքագիծը` միայն երբ Թուրքիոյ մէջ գործող ամերիկեան հաստատութիւններու թուրք պաշտօնատարներ զանազան ամբաստանութիւններով սկսան բանտ նետուիլ էրտողանեան արդարադատութեան կողմէ:

Էրտողանի կառավարութիւնը տարիներով պահանջած է 1990ի վերջերէն ի վեր Միացեալ Նահանգներ ապաստանած ընդդիմադիր Ֆեթհուլլա Կիւլէնի յանձնումը՝ 2016ի ձախողած յեղաշրջման մէջ անոր ունեցած հաւանական դերակատարութեան համար զայն դատելու, անշուշտ ըստ թրքական պնդումներուն: Էրտողանի հաւատարիմ թուրք պաշտօնատարներ կը պնդեն, որ իրենք Միացեալ Նահանգներու արտաքին եւ արդարադատութեան նախարարութիւններուն տրամադրած են փաստեր յեղաշրջման փորձին մէջ Կիւլէնի անմիջական դերակատարութեան մասին: Սակայն, ամերիկացիք Կիւլէնը Թուրքիոյ յանձնելու ոչ մէկ տրամադրութիւն ցոյց կու տան: Ակնյայտ է, որ ամերիկեան դատական մարմինները չեն հաւատար Կիւլէնի դէմ ներկայացուած ապացոյցներու հաւաստիութեան: Հետեւա՞նքը. թրքական զայրոյթ եւ ամբաստանութիւն, որ Ուաշինկթըն ձեւով մը մեղսակից է յեղաշրջման փորձին: Թուրքերը ամէն բան կ՝ընեն Կիւլէնը հեռացնելու Միացեալ Նահանգներէն՝ յանձնումի գործընթացին տալով քաղաքական գունաւորում, ձեւ եւ թրքական ոճ, մինչ ամերիկացիներուն համար անիկա ունի զուտ իրաւաբանական բնոյթ, կամ այդպէս կը ներկայացուի:

Կիւլէնի հարցը չէ միայն, որ երեւութապէս կը նեղացնէ թուրքերը: Անոնք նաեւ դժգոհ են Սուրիոյ քիւրտերուն Միացեալ Նահանգներու տրամադրած օժանդակութենէն:

Մինչ այդ, Էրտողանի Թուրքիան կը թուի միջազգային նոր գործընկերներ գտած ըլլալ: Ռուսական հակօդային հրթիռներուն կողքին, Թուրքիա Մոսկուայի հետ նաեւ կը մշակէ ու կը գործադրէ ենթակառոյցներու վերաբերող ծրագիրներ, որոնց շարքին են ընդծովեայ կազատարները եւ Թուրքիոյ կորիզային եռահնոց առաջին ելեկտրակայնը: Թուրքիա նաեւ սկսած է լաւ կապեր մշակել Չինաստանի հետ՝ չինական ներդրումներ ապահովելու հեռանկարով, եւ այդ շրջագիծին մէջ, դադրած է քննադատելէ ույղուրներու նկատմամբ Պէյճինկի վերաբերումը:

Կը ծագի այն հարցը, որ այս փոփոխութիւնները ժամանակաւոր ե՞ն կամ էական փոփոխութիւն մը սկսած է ձեւաւորուիլ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Փաստօրէն, վերջին քսան տարիներուն, Էրտողանի իշխանութեան օրով, Թուրքիա շատ քիչ հետաքրքրութիւն կամ կապուածութիւն ցոյց տուած է Ատլանտեան ուխտին իր պատկանելութեան կամ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան իր դիմումին գծով: Փոխարէնը, Էրտողան ճիգ չի խնայեր Թուրքիան ներկայացնելու իբրեւ շրջանային եւ միջազգաին անկախ ուժ մը: Տակաւին, շահագործելով Արեւմուտքին ունեցած տկարութիւնը Թուրքիոյ երբեմնի դերակատարութեան նկատմամբ՝ իբրեւ պատուար Խորհրդային Միութեան դէմ, Էրտողան յաջողած է վերականգնել օսմանեան ժամանակի լարաղախացութիւնը արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ: Գրեթէ յստակ է, որ արեւմտեան արժէքներու կողմնորոշումով հիմնուած քեմալական Թուրքիան գրեթէ գոյութիւն չունի այլեւս:

Թուրքիա, ամէն բանէ աւելի, կ’ուզէ դառնալ ոչ ուրիշէն կախեալ ինքնիշխան հզօր տէրութիւն մը, եւ իր արտաքին այժմու քաղաքականութիւնը կը հիմնաւորէ իր օսմանեան անցեալի աւանդով: Իսկ զինուորական ճարտարարուետին մէջ անոր արձանագրած յաջողութիւնները առաւել կը խթանեն Էրտողանի կայսերական երազները:

Թուրքիոյ մէջ ՄիացեալՆահանգպերու նախկին դեսպան Ռոպըրթ Փիրսընի համաձայն, Թուրքիա կը ձգտի վերականգնելու իր կայսրութիւնը, եւ Էրտողան կ’ուզէ այդ մթնոլորտով 2023-ին նշել Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը:

Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները միշտ չէ, որ հեզասահ ընթացած են, բայց նաեւ երբեք չեն հասած փոխադարձ անվստահութեան այս մակարդակին: Լարախաղաց Էրտողան շատ լաւ սորված է միջազգային խաղերու օրէնքները: Բնականօրէն, ՄիացեալՆահանգները աշխարհի միամիտը չէ եւ Էրտողանի հետ կը վարուի անոր խաղերուն մէջ արգելքներ դնելու մարտավարութեամբ:

Արդարօրէն պիտի հարց տալ. հայասպանութիւնը ցեղասպանութիւն որակելու նախագահ Պայտընի «քաջութիւնը» կը բխի ՄիացեալՆահանգներու բարոյական սկզբունքներէ՞ն, թէ մաս կը կազմէ այս երկրին քաղաքական ներքին եւ արտաքին հաշիւներուն,եւ Էրտողանի խաղերը խանգարելու մարտավարութեան:

Մեկնաբանել