Թորոս Թորանեան․ վերջին մոհիկանը

Յունիս 3-ի առաւօտուն Երեւանի մէջ երկրային կեանքին հրաժեշտ տուաւ Թորոս Թորանեանը:

Այս գոյժը նախ տուին բժիշկին դուստրը Անին ու թոռնուհի Նուշիկը եւ ապա, բոլորովին զարմանալի չէ, բժիշկին մեկնումը գուժեցին հարիւրաւոր, ամենատարբեր մասնագիտութեան տէր մարդիկ աշխարհի բոլոր կողմերէն:

Զարմանալի չէ, որովհետեւ տօքթորը ամէն տեղ, ամէն տեսակ բարեկամներ ունէր, ամէն արհեստի եւ ամէն տարիքի տէր մարդիկ. Մտաւորականներուն եւ ղեկավար դէմքերուն ծանօթ էր, արհեստաւորներն ու գործաւորներն ալ իրեն ծանօթ էին: Հալէպէն գիտեմ, տօքթոր Թորանեանին առաւօտ կանուխ կամ ուշ գիշեր կարելի էր հանդիպիլ, օրինակ, հայ արհեստաւորի մը խանութին մէջ, ուր կը սրճեր իր շուրջ հաւաքուած հայ արհեստաւորներուն հետ, Թորանեանին կարելի էր հանդիպիլ դպրոցի մէջ, ակումբի մէջ՝ մանուկներուն հետաքրքրական պատմութիւններ պատմելու ընթացքին, իսկ տօքթորին պատմութիւնները անվերջանալի էին:

Մեր կորսնցուցած սիրելի մարդու մը մասին գրելը դժուար է կ’ըսենք յաճախ: Տօքթոր Թորանեանին մասին գրելը շատ դիւրին է, երկու պատճառաւ, նախ որովհետեւ ինք այնքա՜ն բաց մարդ էր եւ երկրորդ չենք ընդունիր որ ինք չկայ այլեւս:

Խառնակ եւ փոթորկալից կեանք մը ունեցած էր Թորանեան Տօքթորը, երիտասարդութեան եղած էր հաւատաւոր համայնաւար՝ կոմունիսթ: Քառասունական-յիսունական թուականներուն Միջին Արեւելքի մէջ համայնավար ըլլալը խորհրդային Միութեան մէջ կոմունիսթ ըլլալուն չի նմանիր: Անոնք հալածուած էին իշխանութիւններուն կողմէ եւ միմիայն հաւասարութեան հանդէպ ունեցած իրենց ունեցած հաւատքէն ուժ կ’առնէին դիմանալու հալածանքներուն: Թորանեան շրջան մը ապրած էր Պէյրութ, ուր աշխատած էր որպէս լուսանկարիչ, ապա ինքն ու կինը՝ Արմինէն գացած էին Պուլկարիա ուսանելու, իրենց ուսումը շարունակելու համար, զաւակներով փոխադրուած էին Երեւան: Ուր Թորանեան իր ընտանիքին ապրուստը հայթաթած էր Մամուլի մէջ գրելով:

Չեմ գիտեր բժիշկ Թորանեան գրողին մասին ով պիտի գրէ, մինչ ինք կը գրէր բոլոր գրողներուն մասին. քովս ամբողջ պահարան մը լեցուն է տօքթորին ձեռագրերով, որոնց մէջ մեծ է թիւը ծանօթ եւ անծանօթ գրողներու նորատիպ գիրքերու մասին գրախօսութիւններուն.

-Մանուէլ,-կ’ըսէր.- Ամէն ինչ մէկ կողմ ձգէ եւ հաճիս ասիկա այսօր գրաշարէ:

-Ի՞նչ է ասիկա տօքթոր,-կը հարցնէի:

-Հայերէն նոր գիրք մը տպուած է, մարդիկ թող գիտնան:

Բժիշկը տարօրինա՞կ մարդ էր, երբ կ’ուրախանար ուրիշի գիրքով: Տարօրինա՞կ բան մը կ’ընէր երբ մէկու մը գրութիւնը հաւնէր, առանց հեղինակին ըսելու, կ’առնէր եւ կը ղրկէր թերթի մը մէջ հրատարակութեան: Զարմանալի՞ է որ հարիւրէ աւելի իր ծախսով հրատարակած գիրքերու շարքին կային նաեւ այլոց գրութիւնները: Իսկ իր գիրքերը Հայաստանի եւ Սփիւռքի վերջին 50-60 տարիներու պատմութեան մէկ մասնիկն են ՝որոնք կը պարունակեն գեղարուեստականօրէն գրուած ժամանակագրական վաւերական նիւթեր:

Հալէպի մէջ իր վերջին գիրքը 2013-ին, տպարան Արեւելքի մէջ տպուած «Խառնակ Օրեր Հալէպի մէջ» մանրապատումներու շարքն էր, որ մեր տագնապալի առօրեայի մասին առաջին հրատարակուող գիրքը եղաւ:

Այդ մանրապատումներու շարքին էր նաեւ Ծիածանը…

-Տօքթոր Տեսա՞ր ծիածանը:

Տօքթորը տեսած էր ծիածանը եւ խաղաղութիւն աւետող այդ ծիածանին մասին յօդուած էսսէ մը գրելու սկսած էր:

Այդ ծիածանը 2012 թուականին էր, Հալէպի խառնակ օրերուն եւ Թորանեան լաւատես մարդը անոր երեւումով երկրին գալիք խաղաղութեան աւետումը ուզած էր տեսնել:

Հալէպը Թորանեանին համար չդադրեցաւ մնայուն երազային քաղաքը ըլլալէ թէեւ ինք ականատես կ’ըլլար Հալէպի քանդումին, աւելին, ամէնուն պէս, ամէնուն հետ կ’ապրէր քաղաքին մէջ տիրող ամբողջ արհաւիրքը, բոլորին պէս կը զրկուէր խմելու ջուրէ, մութին մէջ կը քալէր կայծհանի լապտերիկով, մութին մէջ գլուխը տեղ մը կը զարնէր եւ կը պատռէր, ամբողջ օր մը կտոր մը հացով կ’անցընէր, ձմրան ցուրտին երկու երեք վերմակով ծածկուելով կը փորձէր ձեւով մը դիմանալ, կը քալէր հրասանդներու տարափին տակ, բայց, չէր հեռանար քաղաքէն:

Տօքթորենց տունը հեռու էր, Համտանիէի վիլլաներու թաղամասը կ’ապրէին: Գրեթէ ամէն երեկոյ տուն երթալնէն առաջ տիկնոջ՝ Արմինէին հետ մեզի հիւր կու գային, պարապ ձեռքով չէին գար, ընդհանրապէս պտուղով բեռնաւորուած կու գային: Երկա՜ր, երկարօրէ՜ն կը զրուցէինք Սուրիահայութեան, Սփիւռքի եւ մեր հայրենիքին մասին. Իսկապէս գիտելիքներու շտեմարան մըն էր Թորանեան: Տօքթորը միշտ կրքոտ կը խօսէր, կրքոտ կը պաշտպանէր իր սկզբունքները: Հայաստանը իրեն համար գոյն չունէր, Հայաստանը հայրենիք էր՝ ամէն հայի տուն: Խորհրդային տարիներուն ալ այդպէս էր, անկախութեան տարիներուն ալ, Տէր Պետրոսեանի եւ յաջորդ իշխանութիւններուն տարիներուն ալ: Հայաստանը մերն էր՝ բոլոր հայերունը, եւ ամէն հայ ՀԱՅ էր՝ անկախ իր կուսակցական պատկանելիութենէն: Ամէն իմաստ այդ բառին մէջ կը տեղաւորուէր: Տագնապի առաջին տարիներուն աւելի դիւրին էր, սակայն իր տիկնոջ Արմինէին մահուընէ ետք ամէն ինչ փոխուեցաւ իրեն համար: Ան մինակ մնաց, միակ մխիթարութիւնը ամէն օր տիկնոջ նուիրուած բանաստեղծութիւն մը գրելն էր, զոր յուզմունքով կը կարդար ինծի եւ կու տար, որ գրաշարեմ որպէսզի յետոյ գրքոյկի մը մէջ ամփոփէր: Արմինէն եղած էր իր կեանքի իրական ընկերը:

Իր դուստրը՝ Անին զինք հանգիստ չէր ձգեր, անընդհատ կը ստիպէր, կը պնդէր որ հեռանայ Հալէպէն … Կը յիշեմ, առտու կանուխ գացի զինք ճանապարհելու: Այդ օրերուն վտանգաւոր էին ճանապարհները, որոնց մէկ մասը կը գտնուէր զինեալ ընդդիմադիրներու հսկողութեան տակ: Վառորդը իրեն խորհուրդ տուաւ չըսել, որ մասնագիտութեամբ բժիշկ է, որպէսզի չենթարկուի զինեալներու կողմէ առեւանգուելու սպառնալիքի:

Թորանեան դժկամութեամբ մեկնեցաւ Հալէպէն, իրեն կը թուար, թէ այդ օրերուն Հալէպէն հեռանալը դասալքութիւն է, ինք պէտք է իր ժողովուրդին հետ մնար… սակայն չկրցաւ մէկ տարիէ աւելի դիմադրել իր դստեր Անիին թախանձանքներուն եւ գնաց…

Թորանեանին բարի ճանապարհ ըսելէ ետք, քայլերս ուղղեցի դէպի «Արեւելք»՝ տպագրութեան յանձնելու գրաշարածս իր «Խառնակ Օրեր…»ը…

Այդ օրուընէ տարիներ ետք, Երեւանի մէջ մի քանի անգամ միասին գարեջուր խմեցինք, Տօքթորը սկսած էր ծերանալու նշաններ տալ, կեանքով լեցուն, կեանքը սիրող, իր ըսելով Աստուծոյ հետ հարիւր տարիէ շատ աւելի ապրելու համաձայնագիր կնքած տօքթորը կը ծերանար եւ ահա…

Յունիս 3-ի առաւօտուն Երեւանի մէջ…

Թորոս Թորանեանին յոբելինական ամեակները տօնուած են, վերջինը՝ 90 ամեակը տօնուեցաւ Երեւանի մէջ… չեմ գիտեր՝ ըստ արժանւո՞յն…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 3 Յունիս 2021

Մեկնաբանել