UEFA EURO 20-ի Պաքուի Խաղերը պէտք է պայմանաւորել հայ գերիներու ազատ արձակումով

UEFA EURO 20ի խաղերը սկիզբ պիտի առնեն Յունիսի 11ին եւ ըստ հրապարակուած ժամանակացոյցին, աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւելու աւանդոյթ ունեցող այս մրցումները պիտի հիւրընկալուին եւրոպական 11 տարբեր քաղաքներու մէջ, որոնց շարքին՝ դժբախտաբար, թերեւս սակայն բարեբախտաբար՝ Պաքուն։

Մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումով պատերազմի հայ գերիներ հոգեկան եւ ֆիզիքական տառապանքներու ենթարկող, ազգամիջեան ատելութիւն հրահրող պետութեան մայրաքաղաք Պաքուի մէջ ազգերու միջեւ համերաշխութիւնը, փոխադարձ յարգանքը ամրապնդելու ուղղակի եւ անուղղակի նպատակ հետապնդող մարզախաղերու իրականացումը անընդունելի պէտք է ըլլայ ոչ միայն հայերուս համար, այլ ամբողջ միջազգային ընտանիքին համար։

Անընդունելի պէտք է ըլլայ մանաւանդ անոնց, որոնց համար մարդկային իրաւունքները անսակարկելի, բարձրագոյն արժէք կը ներկայացնեն։

Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք խաղերուն շատ ժամանակ չէ մնացած։ Ահա ժամանակացոյցը.

Matches at Baku Olympic Stadium

Saturday 12 June 2021 – Group A: Wales vs Switzerland (17:00, local time)
Wednesday 16 June 2021 – Group A: Turkey vs Wales (20:00, local time)
Sunday 20 June 2021 – Group A: Switzerland vs Turkey (20:00, local time)
Saturday 3 July 2021 – QF3: Winner 3 vs Winner 1 (20:00, local time)

Հարցը հանրութեան ուշադրութեան յանձնեց Սիվիլնեթի մեկնաբան Էրիք Յակոբեանը անցեալ Հինգշաբթի օրուան իր #ArmVote21 Polls & Azerbaijani Soccer Politics – Insights with Eric Hacopian հաղորդման ընթացքին։

Յառաջիկայ օրերուն հայկական պետական համապատասխան կառոյցները, Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերացիան, Սփիւռքի հասարակական կազմակերպութիւնները պէտք է միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս Պաքուի մէջ խաղալու հրաւիրուած երկիրներու ժողովուրդներուն (բացի անշուշտ Թուրքիայէն) դիմեն եւ պահանջեն, որ իրենց մասնակցութիւնը պայմանաւորեն՝

  • Հայ գերիներու անմիջական ազատ արձակումով
  • Հայ զինուորը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը նուաստացնող «փառքի պարտէզ»ի կազմաքանդումով
  • Արցախի եւ Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն անմիջական ետ քաշուելով։

Այս աշխատանքները պէտք է ուղորդուին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, դեսպանատուներու կողմէ, եւ ամբողջական աջակցութիւնը վայելեն սփիւռքի համայնքներու կազմակերպուած ուժերու, յատկապէս ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն։

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները վստահաբար հսկայական աշխատանք ու միջոցներ ծախսած են UEFA EURO 20ի խաղերու հիւրընկալութիւն ապահովելու, քաղելու համար միջազգային ճանաչման, քաղաքակիրթ երկիրի համբաւ շահելու օգուտներ։

Մեր մարտավարութիւնը խաղերը կասեցնելու փոխարէն մեր առաջադրած նախապայմաններու շեշտադրումը պէտք է ըլլայ։

Աբօ Պողիկեանը ՍիվիլՆեթի տնօրենն է

Մեկնաբանել