Իրան. տնտեսութիւնը նաեւ դիմադրութեան եւ բանակցութեան միջոց

Իրան տնտեսաքաղաքական յատուկ դիմագիծ ունեցող երկիր մըն է աշխարհի տարածքին: Ճիշդ է որ անոր աշխարհագրական դիրքն ու բնական հարստութիւնը, մասնաւորաբար նաւթն ու կազը, կը նպաստեն այդ իւրայատկութեան, բայց նաեւ այդ հարստութիւնը շահարկելու կամ ընդհանրապէս տնտեսական տոկունութիւն եւ ճկունութիւն ստեղծելու կամքը եւ զայն երկրին արտաքին քաղաքականութեան ի սպաս դնելու վարքագիծը, իրանի տնտեսութիւնը կը դարձնեն եթէ ոչ օրինակելի (փտածութեան եւ դրամագլուխի կեդրոնացման պատճառով), առնուազն ուսանելի (տոկունութեան առումով):

Նախ փորձենք արագ ակնարկով ներկայացնել Իրանի տնտեսական պատկերը, ապա տեսնել, թէ հակառակ տարիներու վրայ երկարող արեւմտեան եւ մասնաւորաբար ամերիկեան պատժամիջոցներուն, երկիրը ոչ միայն կը գոյատեւէ, այլեւ չ’ընկրկիր այդ ճնշումներուն դիմաց (թէեւ ցաւցնող), եւ այդ տոկունութեան պատճառով՝ կրնայ շուտով բարենպաստ համաձայնագիր մը ստորագրուիլ (վերանորոգ) Իրանի եւ արեւմուտքի միջեւ:

Ըստ Համաշխարհային դրամատան, Իրան ունի 82,91 միլիոն (2019) բնակիչ, իսկ համախառն տեղական արտադրութիւնը (GDP) կը գնահատուի 454 միլիառ ամերիկեան տոլար (2018):Իրանի արտածումներուն մեծ մասը կը կազմեն նաւթն ու կազը, եւ անոնք կը գոյացնեն կառավարութեան եկամուտին մեծ բաժինը:

Իրան ունի պետական կեդրոնացեալ եւ անհատական նախաձեռնութեան վրայ հիմնուած խառն տնտեսութիւն մը՝ աւելի թեքելով պետական ծրագրումին կողմը (60%): Թէեւ աւելի քան 40 տնտեսական մեծ նախաձեռնութիւններ արձանագրուած են Թեհրանի ելեւմտական շուկային մէջ, նաւթի եւ կազի բոլոր գործառնութիւնները կը կատարուին պետական նախաձեռնութեամբ եւ վերահսկողութեամբ: Տեղին է նշել, որ Իրան ունի աշխարհի նաւթի պահեստներուն 10%-ը եւ կազի՝ 15%-ը, այլ խօսքով կը նկատուի ուժանիւթի գերպետութիւն մը: Մինչ տեղական շուկային մէջ ապրանքներու վաճառման գիները կը ճշդուին կառավարութեան կողմէ, եւ պետութիւնը ընդհանրապէս կ’օժանադակէ սննդամթերքի եւ ուժանիւթի մարզերուն, անդին մաքսանենգութիւնը, վարչական կեդրոնաձիգ դրութիւնը եւ համատարած փտածութիւնը կը խափանեն անհատական նախաձեռնութեան զարգացումը: Կառավարական ծրագիրներուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն գիտութեանց եւ արհեստագիտութեանց զարգացումը

1979-էն սկսեալ, Իրանի դէմ շարք մը տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատուեցան մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային այլ կառոյցներու կողմէ: Առաջին պատժամիջոցները Միացեալ Նահանգները սահմանեց Նոյեմբեր 1979-ին, Թեհրանի ամերիկեան դեսպանատան գրաւման պատճառով:Անոնք ջնջուեցան 1981-ին: Պատժամիջոցները Միացեալ Նահանգներու կողմէ վերահատատուեցան 1987-ին՝ այս անգամ ահաբեկչութիւն կիրարկելու ամբաստանութեամբ: Անոնք ընդլայնուեցան 1995-ին՝ ներառելով Իրանի կառավարութեան հետ գործակցող ընկերութիւններ: Պատժամիջոցներու երրորդ փուլը սկսաւ 2006-ին՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 1737 բանաձեւին համաձայն, երբ Իրան մերժեց ուրանիւմի հարստացման իր ծրագիրը դադրեցնելու միջազգային պահանջները:

Փաստօրէն, 1979-էն ի վեր Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած պատժամիջոցները կը միտէին ազդելու Իրանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ուրանիւմի հարստացման ծրագրին վրայ՝ այն մտավախութեամբ, որ Իրան վերջաւորութեան պիտի յաջողի կորիզային զէնք ունենալ: Իրան կը հակադարձեց առարկելով, որ իր կորիզային ծրագիրը կը հետապնդէ քաղաքացիական նպատակներ, մասնաւորաբար ելեկտրականութեան արտադրութեան եւ բժշկագիտութեան մարզերուն մէջ:

Տնտեսական պատժամիջոցները չյաջողեցան փոխել Իրանի կորիզային քաղաքականութիւնը, թէեւ անոնց ճնշման տակ, Թեհրան ընդունեց բանակցութիւններ վարել արեւմուտքին հետ, առաջնորդութեամբ Միացեալ Նահանգներու: Պէտք է ընդունիլ, որ Իրանի տնտեսութիւնը որոշ չափով ցնցուած է այս երկարատեւ պատժամիջոցներէն, բայց ոչ միայն անոնցմէ, որովհետեւ տնտեսական ներքին որոշումներ, մասնաւորաբար նախկին նախագահ Ահմէտինաժատի օրով, նաեւ վնաս պատճառեցին տնտեսութեան, մինչեւ որ Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Խամինէին եւ նախագահ Ռուհանին առաջնահերթ դարձուցին տնտեսական կայունութիւնն ու բարգաւաճումը՝ զանոնք նկատելով համազօր ռեժիմի գոյատեւումին:

Տնտեսական տագնապը բնութագրելով իբրեւ ազգային անվտանգութեան հարց՝ իրանեան ռեժիմը սկսաւ տնտեսական լուծումներ որոնել անվտանգութեան շրջագիծի մէջ, եւ այս առումով Խամենէի հրապարակեց իր «դիմադրող տնտեսութեան» վարդապետութիւնը իբրեւ պատասխան պատժամիջոցներուն՝ իրանեան տնտեսական քաղաքականութեան մշակումը նաեւ զետեղելով ազգային անվտանգութեան պարունակի մէջ:

Դիմադրող տնտեսութեան վարդապետութիւնը կը միտի երկար ժամանակով Իրանի տնտեսութիւնը դարձնելու տոկուն եւ դիմացող արտաքին տնտեսական ճնշումներու, ներառեալ՝ արեւմտեան պատժամիջոցներուն եւ ելեւմտական միջազգային յաճախակի տագնապներուն: Ներկայիս, Իրանի տնտեսական ծրագիրները կը հետապնդեն օտար ներդրումներու ներգրաւումը ուժանիւթի մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ «գիտելիքներու տնտեսութեան» ստեղծումը տեղեկատուական արհեստագիտութեան զարգացման եւ անհատական նախաձեռնութիւններու քաջալերման շրջագիծին մէջ: Անհատական նախաձեռնութիւններու քաջալերանքը բնականաբար կ’ենթադրէ որոշ մեղմացում պետական կեդրոնացեալ դրութեան: Տակաւին, Խամենէիի ծրագիրը կը հետապնդէ տեղական ելեւմտական շուկային բարեփոխումը, այնպէս՝ որ անիկա ապահովէ դրամագլուխի ազատ հոսք եւ միաժամանակ դառնայ անկախ միջազգային ելեւմտական համակարգէն, եւ հետեւաբար՝ ելեւմտական միջազգային ցնցումներէն: Ներդրումներու համար, Իրան մեծապէս կ’ապաւինի Չինաստանի, իսկ առեւտուրի միջազգային արգելքները ճեղքելու համար՝ Ռուսիոյ: Իրան լաւապէս գիտէ միջազգային քաղաքականութեան հակասութիւններէն օգտուելու գաղտնիքները:

Հիմա հարց կը ծագի, որ եթէ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւնները յաջողութեամբ պսակուին, Իրան պիտի շարունակէ՞ կիրարկել ու զարգացնել իր «դիմադրող տնտեսութիւնը»: Հոս, Ռուհանի եւ Խամենէի կը թուին տարակարծիք ըլլալ: Իրանի նախագահը կը նախընտրէ բացուիլ միջազգային տնտեսութեան, իսկ հոգեւոր առաջնորդը կասկածով կը մօտենայ միջազգային ընտանիքին, մասնաւորաբար՝ արեւմուտքին՝ առարկելով, թէ ինքը վստահութիւն չունի մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու հանդէպ, որ անշուշտ կը փոխադարձէ այդ անվստահութիւնը:

Անշուշտ նախագահին մօտեցումը աւելի գործնապաշտ է, երբ նկատի առնենք համաշխարհայնացած տնտեսութեան համակարգը, որ օրէ օր աւելիով կը համարկուի, բայց տնտեսական միջազգային համակարգին վերամիանալու որեւէ քայլ կրնայ տկարացնել Իրանի բանակցային դիրքը կորիզային խօսակցութիւններուն ընթացքին, կ’առարկեն Խամենէիի հետեւորդները, որոնք պարսկական բանակցային ճարտարութեան յաջողութեան համար անհրաժեշտ կը նկատեն տնտեսական «անկախութիւնը»:

Այս նպատակով, անկախ բանակցութիւններէն, Իրան կը կառուցէ նաեւ նաւթի, նաւթամթերքի եւ բնական կազի պահեստային ռազմավարական ցանց մը՝ նախ 50-60 օրուան ուժանիւթի ներքին ընդհանուր սպառման համար անհրաժեշտ քանակը ապահովելու, ապա իր պահեստով ազդելու շրջանային եւ միջազգային շուկաներուն վրայ՝ լաւագոյն պայմաններով եւ գինով ծախելու մտադրութեամբ:

Մեկնաբանել