Տակաւին կ’ապրի Հալէպը, պէտք է ապրի, կարեւոր է իր դիրքը․ Զաւէն Խանճեան

ՁԱԽԷՆ ԱՋ՝ Հ.Բ.Ը.ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ՆԵՐՍԷՍ ՆԵՐՍՈՅԵԱՆ, ՎԵՐ. ԴՈԿՏՈՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԷԼԻՄԵԱՆ, ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ, ՀԱՆՐԻ ԱՍԼԱՆԵԱՆ

Զաւէն Խանճեանի ղեկավարած ընկերակցութիւնը մշտապէս մօտիկ եղած է Հայաստանին, Սուրիահայութեան, Լիբանանահայութեան եւ ընդհանրապէս օգնութեան ձեռք մեկնած է հայուն՝ հո՛ն, ուր անհրաժեշտութիւն զգացուած է: Զաւէն Խանճեան Հայաստանէն, Արցախէն գալով, անցաւ Հալէպէն: Առիթէն օգտուելով Հայ ժողովուրդի այս մեծ զաւակին հետ ունեցանք հետեւեալ շահեկան հարցազրոյցը:

-Պարոն Խանճեան, Դուք ամերիկահա՞յ էք, թէ՞ նախկին հալէպահայ: Հակասութիւններ կա՞ն այս երկու ինքնութիւններուն միջեւ: Կարելի՞ է Ձեր խօսքը ընդհանրացնել՝ նոյնը ըսելով նախկին բոլոր հալէպահայերուն մասին:

-Ես Ամերիկահայ եմ, ամերիկեան քաղաքացիութիւնը հպատակութիւն է. հպատակութիւնը կրնայ մէկէ աւելի ըլլալ, եւ ես երախտապարտ եմ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, որ այդ հպատակութիւնը տուած է ինծի, նաեւ բազմաթիւ հայորդիներու: Ամերիկա գաղթականներու երկիր է: Մենք, որպէս հայեր դժբախտութիւնն ունեցանք կորսնցենլու Հայրենիք եւ գաղթելու ինչպէս նախաեղեռնեան շրջանէն մինչեւ Եղեռն, այնպէս ալ յետ Եղեռնեան շրջանէն մինչեւ Միջին Արեւելքի շարունակուող տագնապները… եւ դարձանք ամերիկահայ կամ ֆրանսահայ կամ գանատահայ կամ աւստրալահայ եւ այլն. բայց անպայման նախկին Հալէպցի ենք, ոչ թէ նախկի՛ն Հալէպցի, Հալէպցի կը մնանք՝ տեւակա՛ն Հալէպցի կը մնանք, որովհետեւ Հալէպը որոշ չափով մը ինքնութիւն է կեանքի, հրաշքի կեանքի տուչութեան կեդրոնն է: Կը խորհիմ, որ մարդ արարածին համար յատուկ նշանակութիւն մը ունենալու է այն, որ երբ աշխարհ կու գայ վայրի մը մէջ, այդ վայրին հետ պէտք է կապ մը ունենայ, սերտ կապ մը՝ եթէ գիտակից շրջան մը անցուցած է այնտեղ, եւ ես այդ գիտակից շրջանը անցուցած եմ։ Իմ հալէպահայութիւնս միայն նախկին չի կրնար սեպուիլ, ես միշտ հալէպահայ եմ եւ պիտի մնամ։ Չեմ կարծեր, որ հակասութիւններ կան այս երկու ինքնութիւններուն միջեւ, մէկը հպատակութիւն է, մէկը ներաշխարհ է. իսկ պարագաները, փորձառութիւնս, իմ այս այցելութեանս հակազդեցութիւնը, առաւել եւս կու գան ցոյց տալու, որ հալէպահայերուն մեծամասնութիւնը այդպէս կը զգայ. բազմաթիւ հալէպահայեր կապուած են Հալէպին, անպայմանօրէն իրենց ինքնութեան աւիւնն ու աւիշը ստացած են այս քաղաքին մէջ. այս քաղաքը հրաշք քաղաք մըն է, այս քաղաքը երազային է՝ ըստ Ծառուկեանին, եւ հրաշք քաղաք մըն է, որովհետեւ մոգական կապ մը ունի ինք զինքը կապելու իր զաւակներուն հետ, որովհետեւ մենք ո՛չ միայն այստեղ մայրանոցի մէջ ծնունդ ունեցանք, այլ մեր ինքնութիւնը կերտուեցաւ այս քաղաքին մէջ, շնորհիւ մեր նախնիներուն, բոլոր անոնց, որոնք փրկութիւն գտան այստեղ յետ Եղեռնին, փրկութիւն գտան ա՛յս տեղ եւ իրենք դաստիարակեցին մեզ, պահեցին իրենց ինքնութիւնը, պահեցին իրենց գիտակից հայրենասիրութիւնը, իրենց երազները, տասնամեակներով երազեցին հայրենիքը, փոխանցեցին այդ բաղձանքը, իղձը, երազը իրենց յաջորդող սերունդներուն, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ վառ պահեցին մշակոյթը, երգը, երաժշտութիւնը, գրականութիւնը, բանաստեղծութիւնը՝ բոլոր այդ ամբողջականութիւնը, որ մեզ կը կապէ մեր հայրենիքին։ Կը հաւատամ, որ նաեւ Հալէպահայերուն մեծամասնութիւնը այս կապը ունի եւ այդ, ձեւով մը ըսեմ, մայրական պորտը կտրուած չէ հալէպահայուն։

-Դուք, թէեւ աշխարհագրականօրէն շատ հեռու գտնուած էք, սակայն միշտ մօտիկէն հետաքրքրուած էք Հալէպով, միշտ օգնութեան ձեռք մեկնած էք, նոյնիսկ գեղարուեստական գիրք գրած էք Հալէպի Ձեր տարիներուն մասին: Հիմա, երբ երկար բացակայութենէ ետք, քանի մը օրէ ի վեր Հալէպ կը գտնուիք, կը համեմատէ՞ք Ձեր օրերու Հալէպը ներկայի Հալէպին հետ, եթէ՝ այո՛, ի՞նչ տարբերութիւններ կը գտնէք անցեալի եւ ներկայի Հալէպներուն միջեւ:

-Անկասկած տարբերութիւններ կը գտնեմ, անուրանալի են տարբերութիւնները, իմ հալէպեան կեանքի տարիներուս, օրինակի համար, յետ զատկուայ Կիրակիին հայերը կը տողանցէին քաղաքապետարանի դաշտին վրայ. բանակներ, հոծ բանակներ մարզիկներու, երիտասարդներու, սկաուտներու, Միջին Արեւելքի բոլոր ափերէն կը թափէին այստեղ եւ հայութիւնը Նաւասարդ կ՝ապրէր: Այսօր չկայ այդ եւ այսօր այդ հոծ բազմութիւնները չկան թէ՛ Հալէպի մէջ, թէ՛ իր շուրջը: Անպայմանօրէն տարբերութիւններ կան մանաւանդ վերջին տարիներէն ետք, այն Հալէպը որ մենք թողուցինք Ֆիզիքապէս, այսօր որոշ չափով քանդուած է: Հայկական Հալէպը իր կառոյցներով, տակաւին որոշ չափով կենդանի կը մնայ, բայց մնացեալ Հալէպը՝ քաղաքի կեդրոնը, հին Հալէպը, մինչեւ բերդի շուրջը, սկսած քաղաքի կեդրոնէն, Քառասուն Մանկաց եկեղեցւոյ շուրջի տարածքէն. դուք գիտէք այդ տարածքները քանդուած են այսօր, բայց մեր կեանքի ամէնօրեայ ոտնակոխ ըրած թաղերն էին այդ թաղերը, որոնք այսօր կը մնան միայն անոնց երեւակայութեան մէջ, որոնք ապրած են այնտեղ, քալած են այդ թաղերուն մէջ, որոնք կը յիշեն թէ ո՞վ կ՝ապրէր այնտեղ, Ճիտէյտէի բաղնիքը ո՞ւր էր, Կիւլէսէրի գրախանութը ո՞ւր կը գտնուէր, Վարդանը ուր կը կազմէր հատորներ Թիլէլի վրայ եւայլն եւայն… այս զանազան վայրերը այսօր գոյութիւն չունին: Այո՛, անպայման տարբերութիւններ կան, բայց ոգին նոյնն է, Հալէպահայուն ոգին, հակառակ այս բոլոր կորուստներուն, այն ինչ որ ես կը տեսնեմ, նո՛յնն է, հայրենասիրութիւնը կ՝եռայ այստեղ եւ եթէ նոյնիսկ մտածենք թէ երկմտանք կայ մեր ազգի զաւակներուն մէջ, այդ երկմտանքը հայրենիքի եւ Հալէպի միջեւ է, եւ ոչ թէ Հալէպի ու Աւստրալիոյ կամ արեւմուտքի միջեւ, ուր մեր ճակատագիրը միայն մշակութային կորուստի, լեզուի կորուստի, եւ այլ դաժան նահանջներու կ՝առաջնորդէ: Հիմա, հոս ալ թերեւս որոշ չափով լեզուն տկարացած է, ինչպէս ինծի արտայայտուեցաւ ուսուցիչ Շառոյեանը, բայց կ՝ըսեմ.- Ոգին նո՛յնն է. բոլորին մէջ կը տեսնեմ, կը տեսնեմ Վեր. Սէլիմեանին մէջ, կը տեսնեմ ձեր մէջ, կը տեսնեմ Լեւոն Շառոյեանին մէջ, կը տեսնեմ Բէթէլ վարժարանի ուսուցիչներուն եւ, անոնցմէ փոխանցուած՝աշակերտներուն մէջ կը տեսնեմ, այսօր տեսայ, երբ պտտեցայ, առիթ ունեցայ այցելելու ՀԲԸՄիութեան կեդրոնը, հո՛ն կը տեսնեմ՝ աշակերտներուն աչքերուն մէջ, կը տեսնեմ մանաւանդ ղեկավարներուն մէջ. Հալէպի մէջ այդ ոգին ամէնուր է. ժամանակի ընթացքին թերեւս որոշ թուլութիւն, որոշ տկարութիւն ճանչնայ այդ ոգին՝ հայո՛ւ ոգին, բայց տակաւին շատ աւելի բորբոքող է, հրաբորբ է որեւէ մէկ տեղէ աւելի, եւ այստեղ կը հանդգնիմ ըսել եւ այդ աւելի զօրաւոր է ընդհանրական հայրենիքի մէջ զգացուածէն, որովհետեւ մենք որպէս սփիւռքահայեր, հայրենիքը երազելով տարբեր ցաւեր ապրեցանք, ներքին տարբեր փոթորիկներ ունեցանք քան ինչ որ կը տեսնեմ հայրենիքին մէջ. Առանց նսեմացնելու Հայաստանաբնակ հայուն հայրենասիրութիւնը, ըսեմ. բնական է, Հայրենիքի մէջ ապրող հայը, հոն ծնած է եւ իրեն համար հայրենազրկութիւն չկայ, այնպէս որ, չի կրնար այդ տեսակ մշտաբորբոք ոգի մը ունենալ, ան տարբեր բաներէ կը գանգատի, թերեւս աղբէն կը գանգատի, հիւանդանոցէն կը գանգատի, ուսուցիչէն կը գանգատի, զանազան բաներէ կը գանգատի, ան մեր տառապանքի, հայրենասիրութեան տառապանքի, հայրենադարձութեան տառապանքի, մեր հայրենքի ապագայի, միացեալ Հայաստանի, կամ հայրենիքի հողերու գրաուած ըլլալու տառապանքը մեզի պէս չ’ապրիր։ Այս տարբերութիւնը կարելի է տեսնել Հայրենիքի եւ Հալէպի միջեւ… ամենայնդէպս Հալէպի մէջ տակաւին այդ ոգին կենդանի է։

– Մենք՝ տագնապի տարիներուն նօսրացած թիւով Հալէպ մնացածներս, մեր ապագային հանդէպ տարակարծիք ենք, մէկ մասը կը հաւատայ Հալէպահայութեան ապագային, միւս մասը համոզուած է, որ հոս մեզի ընելիք չմնաց: Դուք, որպէս լաւատեղեակ անձնաւորութիւն, ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Հալէպահայ գաղութին գալիքը: Ամէն պարագայի, հաւաքական ինչպիսի՞ քայլեր պէտք է առնուին յանուն մեր գալիք սերունդներուն:

– Իրականութիւն մէջ դժուար է այս հարցումին պատասխան մը տալը, բայց արդէն դուք կ՝ըսէք, թէ տարակարծիք է գաղութը ինքնին, որ տրամաբանական է եւ հասկնալի: Մեր դիրքը ընդհանրապէս հետեւեալը պէտք է ըլլայ, Հալէպի թթխմորը հոս է, ծուծը հոս է, մեր վարժարանները որքան որ փոքրացած են, կորսնցուցած իրենց նախկին փայլքը, տակաւին գոյութիւն ունին, փոքր հաշիւ մը ընելով, կրնանք ըսել, թէ Հալէպի մէջ 2000 հայ աշակերտ կայ: Նշեմ, որ հսկայ հարաւային Գալիֆորնիոյ մէջ, ուր գուցէ կէս միլիոն կամ մէկ միլիոն հայ կ՝ապրի, մեր վարժարանները համեմատաբար շատ աւելի նուազ թիւով աշակերտ ունին: Ո՞ւր կ՝երթայ ամերիկահայ գաղութը. ամերիկահայերը պէտք է տառապին, անոնք պէտք է շուարած մնան, թէ մենք ո՞ւր կ՝երթանք, եւ որոշ չափով կը տառապինք, կը մտահոգուինք.. բայց ահա հոս՝ Հալէպի մէջ, տասը տասներկու հազար թիւով մնացած գաղութ մը այսքան վարժարաններ ունի, տակաւին բոլոր յարանուանութիւնները վարժարաններ ունին, ՀԲԸՄիութեան երկրորդականը կայ, նախակրթարանը կայ. Կրթասիրաց եւ Կիլիկեան ճեմարանները կան, աւետարանականներուն Բեթէլն ու կաթողիկէներուն վարժարանները կան: Հալէպահայ աշակերտները փայլուն արդիւնքներ կ’արձանագրեն դպրոցական պետական քննութիւններուն մէջ, ասիկա պատիւ կը բերէ այս գաղութին եւ անպայմանօրէն այս գաղութը տակաւին իր որեւէ մէկ ձեւով գործը չէ վերջացուցած, այսօր, զգացական կերպով ՀԲԸՄի աշակերտներուն ըսի, թէ տակաւին հայ աշխարհը ձեզ կը սպասէ, Սփիւռքը ձեզ կը սպասէ: Հալէպը միայն տուած է, Հալէպը միշտ յորդող լեցուն գաւաթ մըն է, միշտ եւ անվերջ հոսանքով մը կը թափէ ինքզինքը բոլոր գաղութներուն վրայ, վերջին երեսնամեակին, մանաւանդ վերջին քսանամեակին ըսեմ, Հալէպը նոյնիսկ իր լաւագոյնը հայրենիք ղրկեց, ո՛չ թէ Սփիւռք այլ նաեւ Հայրենիք ղրկեց. ես տակաւին նահանջի նշոյլ չեմ տեսներ Հալէպի մէջ: Հալէպի սիրտը կը բաբախէ տակաւին, իր մայր գաղութի, գուցէ մշուշոտ, գունատած բայց տակաւին բաբախող սիրտը կը մնայ, մանաւանդ իր կառոյցներով, յետ Եղեռնեան առաջին անգամ հաստատուած իր կառոյցներով, եկեղեցիով, վարժարաններով, տակաւին հոյլ մը գրողներու, հոյլ մը մտաւորականներու, հոյլ մը արուեստագէտներու գոյութեամբ: Տակաւին կ’ապրի Հալէպը, պիտի ապրի, պէտք է ապրի, որովհետեւ կարեւոր է իր դիրքը, պէտք է տեւականօրէն օժանդակել Հալէպին, Հալէպ մնացողներուն: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք մեկնելու եզրակացութեան հասած են, մեր պարտականութիւնն է, մեր պարտաւորութիւնն է, մեր թելադրութիւնն է, մեր պարտքն է ,մեր ճիտին պարտքն է անպայման զանոնք ձեւով մը ուղղել որ Հայրենիք մեկնին, ուղղել եւ օգտակար ըլլալ անպայմանօրէն՝ հաստատուելու հայրենիքին մէջ: Հոս, կուգայ նաեւ մեր դերը, մենք երկու պարագային ալ ամէն կերպ պիտի օգնենք ե՛ւ Հալէպ մնացողներուն եւ Հալէպէն հայրենիք մեկնողներուն:

Պարոն Խանճեան, Դուք, ի պաշտօնէ, նաեւ որպէս անհատ անձնաւորութիւն, շատ սերտօրէն կապուած էք Հայաստանին հետ, առանց քաղաքականութեան մէջ մտնելու, ինչպէ՞ս կը բնութաքրէք մեր հայրենիքին ներկայ վիճակը. ըստ Ձեզի. ի՞նչ դեր վերապահուած է Սփիւռքին՝ Հայաստանի համար եւ Հայաստանի մէջ:

-Ճիշդ է որ քաղաքականութիւն մէջ պէտք չէ մտնենք, մեր գործը չէ՛: Յատկապէս ես կը խօսիմ մեր հաստատութեան մասին, մեր ընկերակցութեան մասին, կը խօսիմ թերեւս մեր համայնքին մասին, ըսելով, թէ մենք քաղաքականութեան մէջ չենք եւ չի մտանք, ի պատիւ մեզի, մենք գրեթէ հազուագիւտ էութիւններէն ենք, որ քաղաքականութեան մէջ չի մտանք, վտանգաւոր է քաղաքականութեան մէջ մտնելը, ճիշդ չէ՛: Ըսած եմ եւ կը կրկնեմ, թէ վերջ ի վերջոյ իմաստութեան գագաթնակէտը ժողովուրդի մը հաւաքական կամքին մէջ է եւ այդ յստակ կերպով պէտք է տեսնենք եւ այդ յստակ կերպով պէտք է յարգենք. հիմա այդ է Սփիւռքին դերը եւ պարտականութիւնը՝ պէտք է դիտէ, ընկալէ կացութիւնը եւ ժողովուրդի հաւաքական կամքը յարգէ, եւ շարունակէ իր նպաստը հայրենիքին։ Մենք գոյն չենք տեսներ Հայաստանի մէջ, ինչպէս ժամանակին յառաջդիմական տարրը երկար տարիներ սովետական շրջանին գոյն չի տեսաւ Հայաստանին մէջ, այդ օրերուն կարմիր գոյնը չի տեսաւ Հայաստանի մէջ եւ ձեռք երկարեց, օժանդակեց, յարաբերութիւններ ունեցաւ, հաղորդակցեցաւ եւ այլն։ Այսօր մենք նոյն ձեւով (կարծեմ հարցումին երկրորդ մասին է որ կը պատասխանեմ, առաջինին ալ կ՝անցնիմ) մենք պէտք է շարունակենք մեր կապերը, անհրաշեժտութիւն չունինք անպայմանօրէն հայրենիքի մէջ գտնուող գոյներու հետ սերտանալ, մենք հայրենիքի պետութեան կ՝օժանդակենք, հայրենիքի պետութիւնը անխախտ պէտք է պահել եւ պետութիւնը զօրացնել, օժանդակել պետութեան, ո՛վ որ ալ ըլլայ անոր իշխանաւորը, եւ երկրորդ, կ՝օժանդակենք հայրենի ժողովուրդին, յատուկ կերպով կ՝ուզեմ այստեղ շեշտել, պատերազմէն ետք, Աւետարանչականը ո՛չ միայն եղաւ առաջին կազմակերպութիւնը որ ոտք կոխեց Արցախ, այլ արդէն պատերազմի օրերուն շարունակ կը գտնուէր Արցախի մէջ, բաց պահելով իր ծառայութիւններուն դռները զանազան, մարդասիրական, կրթական, հոգեւոր, երիտասարդներու հետ առընչուող խնդիրներու լուծման առջեւ: Պատերազմէն անմիջապէս ետք մենք արագ կերպով մեր հրկիզուած կամ ռմբակոծուած կառոյցները նորոգեցինք եւ ձեռնարկեցինք մեր ձեռքերը եւ կուրծքը բացած ընդունիլ ժողովուրդը։ Շատ կարեւոր էր պատրաստ ըլլալ, որպէսզի Արցախահայութիւնը ետ վերադառնայ, մենք կոչ ուղղեցինք բոլոր այն Արցախցիներուն, որոնք մեր քով զաւակներ ունէին, որպէսզի վերադառնան իրենց բնակավայրերը, յստակ կերպով, հաստատելով, որ մեր ծառայութիւնները լրիւ, կատարելապէս կը շարունակուին իրենց ընտանիքներուն եւ զաւակներուն համար։ Յետոյ նաեւ կոչ ուղղեցինք բոլոր Արցախցիներուն ետ վերադառնալ: Մենք յոյս չենք կտրած Արցախէն, հակառակ բոլոր անոնց, որոնք յուսալքուած մազ կը փետտեն եւ այլն: Այս է կացութիւնը: Հոն գտնուածս միջոցին նկատեցի, որ Արցախեան բոլոր կառոյցները տեղին էին, Արցախեան կառոյցները բոլորը կենդանի էին, Արցախեան պետականութեան կենդանութիւնը ես շօշափելիօրէն տեսայ իմ վերջին այցելութեան ընթացքին: Հիմա նոր կը վերադառնամ Արցախէն եւ Հայաստանէն։ Մենք, որպէս Սփիւռք պէտք է քաջալերենք, նպաստենք, ուղղենք որ Արցախցին վերադառնայ իր հողը եւ ապրի եւ բարգաւաճի այնտեղ։ Այո՛, գիտակից ենք Շուշիի եւ Հատրութի կորուստին, Աւետարանչականն ալ ունեցաւ իր ցաւալի կորուստները, մենք յատկապէս Շուշիի մէջ կորսնցուցինք հսկայ ճամբար մը, որ միակ ճամբարն էր ամբողջ Արցախի մէջ, կորսնցուցինք Շող կեդրոնը, արտադպրոցական կեդրոն մը, կորսնցուցինք մանկապարտէզ մը, շատ ցաւալի է այդ մեզի համար, կ’ողբանք ատոր կորուստը, ոչ ֆիզիքական անշուշտ եւ սակայն ուրախ եմ ըսելու, թէ Շող կեդրոնի եւ մանկապարտէզի բոլոր աշակերտները՝ Շուշիէն հեռացած տարագիրներու զաւակները, Ստեփանակերտ են եւ մենք այդ ժողովուրդը կրկին հրաւիրած ենք, որ շարունակեն իրենց զաւակները ուղարկել մեր քով, որովհետե մենք այդ կրթական միջոցները ստեղծած ենք իրենց համար։ Ներկայիս, պետութիւնը արդէն մեզի տրամադրած է նոր կալուած մը եւ մենք այդ կալուածը կը նորոգենք, կրկին հսկայ դրամագլուխի մը ներմուծումով. շատեր ասիկա պարզամտութիւն կը նկատեն. մեր պատասխանը բոլոր տարակուսողներուն հետեւեալն է.- Մենք այդ նիւթական ծախսերը կ՝ընենք կառոյցները նորոգելու, մեր ներդրումները կալուածային շահաբերութեան համար չեն, այլ մեր ներդրումները մեր զաւակներու կրթութեան մէջ են, այնպէս որ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայենք, այդ մանկապարտէզը պիտի կառուցենք եւ մեր աշակերտութեան թիւը 120-էն 200-ի պիտի բարձրացնենք, ներկայ մանկապարտէզը վերածելով աւելի մեծ, աւելի ծաւալուն Շող կեդրոնի մը: Մեր ներկայութիւնը Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Ստեփանակերտի մէջ կը ծաւալի: Պիտի շարունակենք այնտեղ մնալ եւ կը հրաւիրենք Սփիւռքահայ բոլոր կազմակերպութիւնները, որ նոյնը ընեն Արցախի մէջ եւ նոյնը ընեն Հայաստանի մէջ՝ մայր հողին վրայ: Մեր առաքելութիւնները անոր մէջ կը կայանան եւ մենք պէտք է շարունակենք մեր լուման մեր կարողականութիւնը եւ մեր առաքելութիւնները ա՛լ ծաւալել Արցախի եւ Հայաստանի մէջ՝ այս մեծ տագնապէն ետք այս մեծ հարուածեն ետք պահելու համար հայը իր Հայրենիքի ծոցին վրայ: Վերադառնալով հարցման առաջին մասին, թէ ինչպէ՞ս կը բնուդագրեմ մեր հայրենի ներկայ վիճակը… պէտք է ըսել, որ շատ ցաւալի է, շատ ողբալի է այն, ինչ որ կը տեսնենք, ողբալի է այն, ինչ որ կը լսենք, ողբալի է այն, ինչ որ կը շօշափենք Հայրենիքի մէջ: Հայկական իրականութիւնը եւ էութիւնը, մեր գիտակից յիշողութեան մէջ, նոյնիսկ պիտի ըսեմ, գուցէ Եղեռնէն ի վեր այսպիսի ճեղք եւ խրամատ տեսած չեն. ամօթ է մեզի, իսկապէ՛ս ամօթ է մեզի, ամօթ են այն բոլոր ածականները որ այսօր շատ դիւրութեամբ Երեւանի փողոցներուն մէջ մարդոց հագագներէն՝ կոկորդներէն առատապէս դուրս կու գան: Քաղաքական ղեկավարութիւնը, քաղաքական բառը դուրս հանենք… Հայաստանի մէջ ներկայ վիճակը կը պարտադրէ, որ բոլորը իսկապէս կողք կողքի գան, ձեռք ձեռքի տան եւ միասնաբար փնտռեն ու գտնեն փրկութեան լաստ մը, որուն վրայ մեր Հայրենիքին ապագան կրնայ հիմնուիլ եւ շարունակէ գոյատեւել։ Հիմա շատ վտանգաւոր է վիճակ է, անշուշտ Յունիս 20ին ընտրութիւնները կան. մենք չենք գիտեր, ես չեմ գիտեր, ո՞ր քաղաքական գոյնը տիրող պիտի ըլլայ Հայրենիքին մէջ, բայց եւ այնպէս կը վստահեցնեմ, ինչպէս նշեցի, մեր առաքելութիւնը այդ ընտրութիւններէն ետք գոյն չի տեսներ, մենք մեր ծաւալուն նեցուկը պիտի շարունակենք՝ սատար ըլլալով պետութեան եւ յուսալով, որ շահող կողմը իմաստութիւնը կ՝ունենայ ձեռք երկարելու վնասողներուն, որպէսզի, նոյնիսկ շահելէ ետք, միասնաբար՝ բոլորին խորհուրդով եւ բոլորին գումարած իմաստութեամբ շարունակեն Հայրենիքի վէրքերը բուժել։

– Ի’նչ խորհուրդներ եւ ի՞նչ թելադրանքներ ունիք տալիք յատկապէս մեզի՝ հալէպահայերուս եւ սուրիահայերուս:

– Ես եկայ որ խորհուրդ առնեմ հալէպահայերէն, խորհուրդ եւ թելադրանք առնեմ, Հալէպէն միշտ կը բխին խորհուրդն ու թելադրանքը, Հալէպէն միշտ կը բխին հայաշխարհը, Սփիւռքը, լայնատարած Սփիւռքը հայ պահող սնունդը, ոգին: Լաւատեսութեան ոգիով պիտի մեկնիմ այստեղէն: Սուրիոյ շուրջ հիւսուած դաւադրութիւնը մեծ էր, տակաւին հալէպահայութեան եւ սուրիահայութեան ցաւը մեծ է: Պատերազմի տագնապէն, վտանգի տագնապէն, ապահովութեան տագնապէն ետք եկող այս տնտեսական տագնապը նոյն դաւադրութեան արդիւնքն է։ Բայց նշոյլ կայ, յոյս կայ, որ միջազգային քաղաքական պայմանները քիչ մը աւելի նպաստաւոր ըլլան Սուրիոյ համար եւ այն մերձեցումը, զոր մենք կը տեսնենք միջազգային գագաթներու միջեւ կամ Միջին Արեւելքի մէջ ալ, զիս լաւատեսութեան կը մղեն, որ երբ յանգին լուծումի մը, թերեւս շուտով, անպայմանօրէն Լիբանանի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ Պասկաստանի վրայ այդ լուծումը բարեբեր ազդեցութիւն պիտի ունենայ, որմէ պիտի օգտուին հալէպահայն ու սուրիահայը: Պատերազմներէ դուրս ելլող երկիրները հսկայական շինարարական, տնտեսական աճ տեսած են, որովհետեւ գետինն են, անոնք հովիտի մը ստորոտը կը գտնուին եւ երբ այդ տեղէն ոտքի կ՝ելլեն, միակ ճանապարհը դէպի վեր բարձրանալն է: Դուք պիտի դիմանաք քիչ մըն ալ, քանի գոյութեան՝ ֆիզիքական գոյութեան վտանգ չկայ, քանի ապահովութեան սպառնացող վտանգ չկայ եւ փառք Աստուծոյ Սուրիական իշխանութիւններուն, որոնք կարողացան հալէպահայուն եւ սուրիահայուն գլխուն վրայ թափած ռումբերը կասեցնել: Այո՛, քիչ մը պիտի համբերենք եւ դիմանանք տնտեսական այս տագնապին, ալ աւելի լաւատես ըլլալով եւ նոյն ատեն ձեռնածալ չի մնալով, անպայման աշխատանք պէտք է, ամէն անձ, ամէն անհատ իր պարտականութիւնը կատարելու է, ամէն մարդ ինքն իրեն հարցնելու է.- Ես ի՞նչ կրնամ ընել, եւ այս «ինչ կրնամ ընելներու» գումարով գաղութը տարածաշրջանային բարեկեցութեան հովանիին տակ անպայման ոտքի պիտի ելլէ։

-Անչափ շնորհակալութիւն պարոն Խանճեան, այս անկեղծ եւ խիստ հետաքրքրական հարցազրոյցին համար:

Հարցազրոյցը վարեց՝ Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 10 Յունիս 2021

Մեկնաբանել