Անկախ պետականութեան երազի կորուստը. Իրաքի քիւրտերը

Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի պատմութեան մէջ, ուշագրաւ տեղ կը գրաւէ հիւսիսային Իրաքի քիւրտերուն պարագան, որովհետեւ շրջանին մէջ իրենց հազարաւոր տարիներու գոյութեան ընթացքին, անոնք առաջին անգամ ըլլալով յաջողեցան պետականանման կառոյց մը ստեղծել, եւ նոյնիսկ մօտեցան անկախ պետականութիւն յայտարարելու շեմին, բայց չկրցան մտնել ներս՝ շրջանային ու միջազգային դաւադիր շահերու, բայց նաեւ, նոյն տարողութեամբ՝ ներքին տարակարծութիւններու եւ խաւարամիտ մրցակցութիւններու հետեւանքով:

Քիւրտերը կը կազմեն իրաքի շուրջ 40 միլիոն բնակչութեան 20%-25%-ը: Մինչեւ 1991, անոնք հալածուած ու ճնշուած էին Սատտամ Հիւսէյնի լուծին տակ, նոյնիսկ ցեղասպանական արարքներու ենթարկուած, բայց 1990-ին, Քուէյթի ազատագրութեան առիթով բռնկած Ծոցի առաջին պատերազմէն ետք, ՆԱԹՕ-ի հաստատած օդային անթռիչք տարածութեան իրավիճակէն օգտուելով, անոնք ըմբոստացան, եւ Սատտամ այս անգամ չկրցաւ ճզմել անոնց ապստամբութիւնը:

Ընդհանրապէս արեւմուտքին եւ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու օրհնութեամբ, Իրաքի քիւրտերը սկսան պատրաստել իրենց ինքնակառավարման համակարգը: Քիւրտիստանի Շրջանի Կառավարութիւնը (Kurdistan Regional Government-KRG) ծնունդ առաւ 1992-ին Իրաքի պատմութեան մէջ առաջին ընտրեալ մարմին հանդիսացող

Քիւրտիստանի խորհրդարանին որոշումով։

Քիւրտիստանի Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (KDP կամ PDK)՝ ազգայնական կուսակցութիւն մը, որ կը նկատուի իրաքեան Քիւրտիստանի մեծագոյն կուսակցութիւնը եւ կը գրաւէ խորհրդարանի աթոռներուն կարեւոր տոկոսը, հիմնական դերակատարութիւն ունի կառավարութեան մէջ: Այս կուսակցութեան ղեկը աւանդաբար կը գտնուի Պարզանի գերդաստանին ձեռքը: Պարզանիները աւելի անջատողական են եւ սերտ յարաբերութիւններ ունին Թուրքիոյ հետ:

Իրաքեան Քիւրտիստանի երկրորդ մեծագոյն կուսակցութիւնը, թէ՛ խորհրդարանին եւ թէ կառավարութեան մէջ իր համապատասխան բաժիններով, Քիւրտիստանի Հայրենասիրական միութիւնն (PUK) է, որու հիմնադիրն է Ժալալ Թալապանին եւ կը ղեկավարուի Թալապանի ընտանիքին կողմէ: Աշիրէաթականօրէն, Թալապանի եւ Պարզանի մրցակիցներ են եւ կը ծառայեն արտաքին տարբեր տէրերու: Թալապանի աւելի կը հակի իրաքեան կեդրոնական իշխանութեան կողմ, եւ իբրեւ այդպիսին, ան երկար ժամանակ (2005 – 2014) ծառայեց իբրեւ Իրաքի նախագահ:

1992-ին, Իրաքի քիւրտերը տակաւին պատրաստ չէին ինքնակառավարման: Հետեւա՞նքը: 1994-ին փուլ եկաւ Քիւրտիստանի Ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Քիւրտիստանի Հայրենասիրական միութեան միջեւ իշխանութեան բաժնեկցութեան շուրջ ստորագրուած համաձայնագիրը եւ քաղաքացիական պատերազմ մը ծայր առաւ Քիւրտիստանի մէջ, որ բաժնուեցաւ de facto վարչական երկու շրջաններու՝ Էրպիլի եւ Սիւլէյմէնիայի մէջ: Կռիւները շարունակուեցան մինչեւ 1998, երբ Պարզանի եւ Թալապանի ստորագրեցին Միացեալ Նահանգներու հովանաւորած Ուաշինկթընի համաձայնագիրը՝ վերջ տալով քաղաքացիական պատերազմին:

2003-ին, երբ ամերիկացիները ներխուժեցին Իրաք, քրտական ուժերը (փեշմերկաներ) միացան Սատտամ Հիւսէյնը տապալելու արշաւին: Սատտամի պարտութենէն եւ Իրաքի գրաւումէն ետք, տեղի ունեցաւ հանրաքուէ, եւ այդ ճամբով, իրաքցիք ընդունեցին նոր սահմանադրութիւն մը: Նոր սահմանադրութիւնը վերակազմաւորեց Քիւրտիստանի կառավարութիւնը, այլ խօսքով օրինականացուց կիսապետական կառոյցներով ապրելու քիւրտերուն իրաւունքը:

2003-էն ետք, Իրաքեան Քիւրտիստանը սկսաւ ծաղկիլ եւ դառնալ տնտեսական, առեւտուրի եւ զբօսաշրջային շրջանային կեդրոն մը. բարգաւաճեցաւ այնքան մը՝ որ շատեր շրջանին մայրաքաղաք էրպիլը սկսան նմանեցնել Տուպայի, եւ անոր քայլերուն հետեւող քաղաքի: Սակայն, ամէն ինչ փոխուեցաւ 25 Սեպտեմբերի 2017-ին:

Այդ օր, 25 Սեպտեմբեր 2017-ին, իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ տեղի ունեցաւ անկախութեան հանրաքուէ եւ քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն 72.16 տոկոսին 92.73 տոկոսը թեր քուէարկեց Իրաքէն անջատուելու ընտրանքին՝ հակառակ թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին բուռն ընդդիմութեան: Էրպիլի կառավարութիւնը կը յուսար անմիջապէս բանակցութիւններու սկսիլ Իրաքի կառավարութեան հետ՝ հանրաքուէէն ետք անկախութեան պայմանները դասաւորելու համար: Սակայն, հանրաքուէին աւարտէն անմիջապէս յետոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ համաձայնաբար, Իրաքի կառավարութիւնը տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատեց Քիւրտիստանի դէմ: Տակաւին, իրաքեան բանակը գործողութիւններու ձեռնարկեց՝ վերագրաւելու համար վիճելի այն շրջանները, զորս Տաէշի դէմ յաջող կռիւները ետք, քրտական փեշմերկան առած էր իր վերահսկողութեան տակ:

Քրտական ուժերը չդիմացան իրաքեան յարձակումին: Կը խօսուի նաեւ Թալապանիի թեւին դաւաճանութեան մասին, որ կը նախընտրէր մնալ Իրաքի միութեան մէջ: Հետեւանքը՝ Քիւրտիստան կորսնցուց աշխարհագրական տարածքներ եւ նաւթի աղբիւրներ, բայց մանաւանդ՝ անկախ պետականութիւն ստեղծելու իր երազը (առնուազն որոշ ժամանակի համար):

Ինչո՞ւ հանրաքուէ կազմակերպել, եթէ հետեւանքը աղէտալի պիտի ըլլար: Ներքին պառակտումներուն զուգահեռ, Քիւրտիստանի կառավարութիւնը հաւանաբար ամէնէն աւելի սխալ արժեւորեց միջազգային հակազդեցութիւնը նման քայլի մը:

Միջազգային օրէնքով ճշդուած սահմաններու յարգումը եւ զանոնք անփոփոխ պահելու միտումը հանդիսացաւ գլխաւոր արգելքներէն մէկը քրտական երազի իրականացման: Իսկ Քիւրտիստանի պետական կառոյցը de facto ճանչցող պետութիւնները, որոնք իբրեւ թէ կը հաւատան ինքնորոշման իրաւունքի յարգումին, բոլորը պատրուակեցին թէ «ժամանակը չէ», անշուշտ՝ կեդրոնական կառավարութիւնը, նաեւ Թուրքիան եւ Իրանը գոհացնելու միտումով:

Բայց դէպքերու ընթացքը ցոյց կու տայ, որ իրաքեան Քիւրտիստանի անկախութեան երազը գլխաւորաբար չքացաւ ներքին անմիակամ կառուցուածքին, օտարին ծառայելու տարօրինակութեան եւ մանաւանդ ցեղախմբային խաւարամիտ մրցակցութիւններուն հետեւանքով, որոնք բանակը (փեշմերկան) տկարացուցին եւ առաջնորդեցին 2017-ի պարտութեան:

Մեկնաբանել