Տէր եւ տիկին Պէզիքեան պիտի հոգան լիբանանահայ կարիքաւոր ազգայիններու հիւանդանոցային ծախսերը

Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններու լոյսին տակ եւ հայորդիներուն առողջապահական կարիքներուն օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութենէն մղուած, տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցաբար ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ, պիտի հոգան լիբանանահայ կարիքաւոր ազգայիններու հիւանդանոցային եւ ախտաճանաչման քննութիւններու առնչուած ծախսերը:

Պէտք է նկատի ունենալ հետեւեալ կէտերը.

ա) Յիշեալ աշխատանքը պիտի կատարուի յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ, որուն մաս կը կազմեն Զարեհ վրդ. Սարգիսեան, Յակոբ Լատոյեան եւ Սիլվա Սողոմոնեան:
բ) Պարագաները կրնան դիմել ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակը, Պուրճ Համուտի «Արին» շէնք, 3-րդ յարկ, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ մինչեւ 13:00:

գ) Անհրաժեշտ է, որ գրասենեակ դիմող պարագաները հիւանդանոցային կամ ախտաճանաչման քննութիւններու առնչուած հարցերու գծով անհրաժեշտ թուղթերը եւ տեղեկութիւնները ներկայացնեն:

դ) Կարիքները պիտի հոգացուին մասնակի կամ ամբողջութեամբ` համաձայն տուեալ պարագային:

ե) Յիշեալ ծրագիրը պիտի սկսի գործել 1 յուլիս 2021-էն մինչեւ 1 հոկտեմբեր 2021: Նշեալ ժամանակաշրջանի աւարտին աշխատանքին արժեւորումը պիտի կատարուի եւ համապատասխան որոշում պիտի տրուի ծրագիրին առաջնահերթութիւններուն ու շարունակութեան գծով:

Անցնող երկու տարիներուն ընթացքին տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան զանազան կերպերով օգտակար հանդիսացան լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս բարձրօրէն կը գնահատէ եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաւատարիմ բարերարներէն ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանի ազգանուէր ու հոգածու վերաբերումը, յատկապէս լիբանանահայութեան նկատմամբ:

Մեկնաբանել