Ռուսիա կը փորձէ պատուհանէն մտնել…Վրաստան

Վրաստան ընդհանրապէս Կովկասի եւ յատկապէս Հարաւային Կովկասի մէջ շեշտուած կարեւորութիւն կը ներկայացնէ թէ՛ շրջանային եւ թէ միջազգային քաղաքականութեան մէջ՝ իր աշխարհագրական եւ աշխարհառազմավարական դիրքին բերումով: Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք, անոր կարեւորութիւնը աւելի եւս շեշտուեցաւ Արեւմուտքի համար: Իբրեւ դրացի եւ իբրեւ ազդեցութեան գօտիի մօտեցումով, Ռուսիա սկսաւ միջամտել ինչպէս Կովկասի բոլոր եկիրներուն, նաեւ՝ Վրաստանի մէջ: Ռուսիա սրեց Աբխազիա-Վրաստան եւ Հարաւային Օսեթիա-Վրաստան հակամարտութիւնները՝ օժանդակելով անջատողականներուն: Արդէն իսկ արեւմտամէտ երազներով անկախացած Վրաստանը, այս կացութեան մէջ աւելի թեքեցաւ արեւմուտքին եւ իր արտաքին քաղաքականութիւնը սկսաւ համակարգել արեւմտեան հաստատութիւններու հետ՝ աչքերը յառելով դէպի ՆԱԹՕ եւ Եւրոպական Միութիւն: Ի դէպ, իբրեւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիր, Թուրքիա հանդիսացաւ առաջին երկիրներէն մէկը, որ ճանչցաւ Վրաստանի անկախութիւնը:

Հակառակ իր ցանկութեան եւ յաւակնոտութեան, 1999-ին Եւրոպայի Խորհուրդին անդամակցելէ ի վեր, ամբողջականօրէն Եւրոպական Միութեան մէջ ընդգրկուելու Վրաստանի երազը դեռ չէ իրականացած եւ իբրեւ այդպիսին, բազմաթիւ վրացիներու համար, իրենց երկրին եւրոպական նկրտումները կը նկատուին անվերջ ձգձգուող ծրագիրներ: Ընդհանուր առմամբ, Եւրոպայի միանալու իրենց կողմնորոշումին մէջ, վրացիք աւելի կը դրսեւորեն տնտեսական ակնկալութիւններ, քան եւրոպական արժէքներ որդեգրելու պատրաստակամութիւն: Արեւմտեան նկրտումները հիմնականօրէն կը պատկանին Վրաստանի քաղաքական վերնախաւին եւ քիչ անգամ կը դրսեւորուին ընտրաթերթիկներու ճամբով: Նշանակելի է, որ Վրաստանի արտաքին քաղաքականութեան 2019-2022 տարիներու պաշտօնական փաստաթուղթին մէջ նշուած է այդ երկրին ձգտումը դէպի Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւն, հակառակ անոր, որ Եւրոպական Միութիւնը ինքը նման յանձնառութիւն չէ ցուցաբերած: Վրացիք, իբրեւ ժողովուրդ կը գիտակցին, որ Վրաստանի համար Եւրոպական Միութեան դուռը փակ չէ, բայց եւ ամբողջովին բաց ալ չէ: Անոնք, սակայն, կը պահպանեն եւրոպամէտ ռոմանթիզմը՝ հակառակ Վրաստանի մէջ առկայ քաղաքական ներքին հարցերուն:

Վրաստանի ներքին հարցերը կը դրսեւորեն այլ իրողութիւն մը, որ վստահաբար առկայ է ոչ միայն Հարաւային Կովկասի մէջ, այլեւ ընդհանրապէս նախկին խորհրդային բոլոր երկիրներուն մէջ. այդ ալ ռուսական ազդակն է: Եւրոպականութիւն եւ արեւմտամէտութիւն երազող Վրաստանէն կարեւոր մասեր կը գտնուին ռուսական հակակշռին տակ, իսկ անկախական Վրաստանի քաղաքական ներքին կեանքը ալեկոծող հարցերը շատ յաճախ կը կրեն ռուսական եթէ ոչ բացայայտ միջամտութեան նշանները, այլ Էֆ.Էս.Պէ.- ական (նախկին՝ Քա. Կէ. Պէ.ն) ոտնձգութեան հետքերը:

Անցեալ Փետրուարին, ոստիկանութիւնը ներխուժեց Վրաստանի Միացեալ Ազգային Շարժում (ՄԱՇ) կուսակցութեան կեդրոնը, ուր կը գտնուէր նախագահ Նիքա Մելիան: Մելիայի համակիրներուն հետ բախումներէ ետք, պատկերասփիւռի կայաններուն ներկայութեան, ոստիկանութիւնը ձերբակալեց զայն:

Այս դէպքը լուսարձակի տակ առնուեցաւ իբրեւ ընդդիմադրութեան դէմ որդեգրուած քայլ մը, որ հարցականներ կը ստեղծէր վրացական ժողովրդավարութեան շուրջ, եւ կը դատապարտուէր Եւրոպական Միութեան կողմէ, իսկ կարգ մը դէտեր զայն կը ներկայացնէին իբրեւ Ռուսիոյ հետ երկրին յարաբերութիւններուն երկարատեւ քաշքշուկին մէկ նոր դրսեւորումը եւ ռուսահաճոյ քայլ մը, որովհետեւ Մելիա երկրին ղեկավարները կը մեղադրէր դէպի Մոսկուա թեքուելու յանցանքով, հակառակ Եւրոպայի եւ Արեւմուտքի հետ սերտ յարաբերութիւններու վայելած լայն ժողովրդականութեան: Միլիայի ձերբակալութիւնը մտահոգիչ մարտահրաւէր մը նկատուեցաւ արեւմտեան երկիրներուն համար, որոնք կը փորձեն հակազդել վրացական քաղաքական թատերաբեմ վերադառնալու Մոսկուայի փորձերուն:

Խորքին մէջ, Միլիայի ձերբակալութիւնը քաղաքական ճգնաժամի մէկ նոր արտայայտութիւնն էր, որ կը խորանայ անցեալ Հոկտեմբերէն ի վեր, երբ «Վրացական Երազանք» կուսակցութիւնը յայտարարեց իր յաղթանակը այդ օրերուն կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ընտրութիւններէն ետք, ՄԱՇ-ը եւ ընդդիմադիր միւս կուսակցութիւնները պոյքոթի ենթարկեցին խորհրդարանը՝ պնդելով, որ արդիւնքները կեղծուած են եւ պահանջելով նոր ընտրութիւններ:

Այն օրէն ի վեր, 2012-ին, երբ «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը առաջին անգամ ըլլալով շահեցաւ ընտրութիւնները, ընդդիմութեան ղեկավարները կը բողոքեն, որ երկիրը սկսած է աւելի ռուսամէտ դառնալ՝ հակասելով երկրի մեծամասնութեան փափաքին: Անոնք կը մեղադրեն «Վրացական երազանքի» միլիառտէր հիմնադիր Բիձինա Իւանիշուիլին երկիրը քուլիսներու ետեւէ ղեկավարելու եւ զայն դէպի Ռուսիա թեքելու յանցանքով:

Տակաւին, Ռուսիոյ հետախուզական ծառայութեան արտաքին բաժանմունքի (SVR) ղեկավարը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները դժգոհ է Վրաստանի իշխող կուսակցութենէն, որովհետեւ այս վերջինը չ’ենթարկուիր հրամաններու, եւ առ այդ Ուաշինկթըն կը պատրաստուի ճնշում բանեցնելու Թիֆլիսի վրայ:

Փաստօրէն, վրացական քաղաքականութիւնը կը գտնուի քաղաքական ճգնաժամի մէջ, որ մերթ կը բորբոքի եւ մերթ կը հանդարատի այն օրէն, երբ երկու տարի առաջ ռուս երեսփոխան մը ելոյթ ունեցաւ Վրաստանի խորհրդարանին մէջ:

Բայց զարմանալին այն է, որ մինչ երեւութապէս դուռէն դուրս դրուած Ռուսիա կը փորձէ պատուհանէն սողոսկիլ Վրաստանի քաղաքական կեանքէն ներս, իսկ ընդդիմադիր հիմնական ուժերը, առաջնորդութեամբ նախկին իշխող Միացեալ Ազգային Շարժումին, կը փորձեն հանդէս գալ իբրեւ արեւմտամէտ եւ իշխող կուսակցութիւնը կը դատապարտեն ռուսամէտութեամբ, անդին ամերիկեան եւ եւրոպական քաղաքական շրջանակներուն մեծամասնութիւնը շատ տարբերութիւն չի տեսներ իշխող եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն միջեւ….

Մեկնաբանել