Հայրենադարձի վարակիչ կամքը

Հայրենադարձութիւնը բնական մղում մը եղած է սփիւռքահայութեան մօտ։ Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն պետականօրէն կազմակերպուած ներգաղթ տեղի ունեցած է 1940ական թուականներէն սկսեալ։ 1991ին, անկախութեան հռչակումէն ետք, հայրենադարձութիւնը նոր որակ ստացաւ։ Այլեւս պետական աջակցութիւն չկար։ Վերադարձողները պարտաւոր էին իրենք իրենց «գլխուն ճառը նայիլ»։ Հայաստանի տնտեսական զարգացման հետ վերադարձողներու թիւը սկսաւ աճ արձանագրել։ Միջին Արեւելքի անկայուն եւ ոչ յուսադրիչ ռազմաքաղաքական իրավիճակը նպաստեց որ շատեր իրենց եւ իրենց զաւակներուն ապագան տեսնեն միմիայն հայրենիքի մէջ։

Վերադարձէս օրեր առաջ, բարեկամ մը փաստաթուղթեր տուաւ որպէսզի հասցնեմ իր զաւակին։ Անոնց կարեւորութեան տեղեակ ըլլալով, վերադարձիս յաջորղ օրն իսկ հեռաձայնեցի բարեկամիս տղուն եւ պայմանաւորուեցանք նոյն օրը կէսօրին հանդիպիլ Հանրապետութեան հրապարակը։

Որոշեալ ժամուն Հանրապետութեան հրապարակի ցայտաղբիւրներուն քով հանդիպեցանք։ Առաջին անգամն էր կը տեսնէինք զիրար։ Տարօրինակ զգացողութիւն մըն է երբ հայրենի հարազատ հողին վրայ կը հանդիպիս քու ծննդավայրէդ անծանօթի մը։ Չզգացինք որ օտարներ ենք։ Առաջին վայրկեանէն իսկ սկսանք բաց եւ անկեղծ զրուցել։

Խօսակիցս երիտասարդ է, ամուսնացած եւ ունի աղջնակ մը։ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք ընտանեօք տեղափոխուած է Հայաստան։ Աղջիկը այնքան ցնցուած է այդ ահաւոր պայթումէն որ հոգեբանի դիմած է։

Հայաստան դժուար երկիր է մասնաւորաբար միջին խաւի մարդոց համար։ Այստեղ ճիգերու լարում պէտք է կայանալու եւ յաջողելու համար։ Խօսակիցս արհեստաւոր է եւ կ’աշխատի շինարարութեան մէջ։ Բազում դժուարութիւններով հանդերձ վճռած է մնալ։ Ապրած է Արցախեան պատերազմի դառնութիւնները։ Երկար ամիսներ աշխատած է իր գործով, սակայն գործատէրը իր աշխատավարձը չէ վճարած. հետագային որոշակի վճարում կատարած է այդ ալ մասնավճարի ձեւով, բայց եւ այնպէս յուսահատ չէ, աւելին՝ լաւատես է ու վճռակամ, որ անպայման այս նեղ օրերը պիտի յաղթահարէ եւ յաջողի։

Շատ վատ զգացի որ աշխատող մարդուն իրաւունքը չէ տրուած։ Այս երեւոյթը անցեալին շատ պատահած է։ Լսած եւ կարդացած եմ տարբեր պատմութիւններ, որ մարդոց աշխատանքի հրաւիրած են, ամիսներ աշխատցուցած, յաճախ խոստացուած գումարին կէսը կամ քառորդը վճարած կամ չնչին գումարով արձակած են գործէ։ Մարդկային շահագործումի ամէնէն բիրտ դրսեւորումն է սա եւ ես կը կարծէի թէ այս երեւոյթը անցեալին կը պատկանի։ Դժբախտաբար 2018ի իրադարձութիւններէն ետք տակաւին կը յամենայ այս երեւոյթը, որուն դէմ պէտք է պայքարի իւրաքանչիւր գիտակից հայ, պետական պաշտօնեայ ըլլայ ան թէ սովորական քաղաքացի, անկախ քաղաքական իր համոզումներէն։

Մեր զրոյցը կ’երկարի։ Կը զգամ որ աւելի ու աւելի կ’անկեղծանանք։ Արդէն վաղեմի բարեկամներու նման կը խօսինք իրար հետ։ Բարեկամս կը պատմէ թէ դժուարութիւն ունեցած է տան վարձքը տալու եւ հիմա պիտի տեղափոխուի այլ բնակարան։ Ուրախութեամբ կը յայտնէ թէ նոր աշխատանք գտած է եւ շուտով կը սկսի, բայց թաքուն վախ մը ունի որ նախորդի դառն փորձառութիւնը կրնայ կրկնուիլ։ Իր խօսքերուն եւ հայեացքներուն մէջ կը զգամ որ յուսատու խօսքերու կարիքը ունի։ Կը յուսադրեմ զինք ըսելով որ ամէն մարդ նոյնը չէ եւ պատրաստակամութիւնս կը յայտնեմ իրեն օգտակար դառնալու։

Հակառակ ահագին դժուարութիւններու միջով անցած ըլլալուն, զրուցակիցս հոգեպէս հանգիստ է եւ կորովը՝ բարձր։ Դժուարութիւնները անոր մէջ չեն յաջողած սպաննել կատակելու ունակութիւնը։

Քանի մը վայրկեանի համար նախատեսած հանդիպումս դարձած է մէկ ժամ։ Ինչպէս նշեցի, իր հօր կողմէ եկած ըլլալով եւ թերեւս տակաւին Լիբանան «հոտելով», խօսակիցս հաւանաբար ինձմով կարօտը կ’առնէր իր ծնողքին ու ծննդավայրին, որովհետեւ ակներեւ էր որ դեռ զրուցելու տրամադիր էր։

Մեր զրոյցի ընթացքին, ան արտայայտեց միտք մը, վճռակամութիւն մը, որ կուգար իր հոգիին խորերէն, իր մօտիկ անցեալի դառնութիւններէն, բայց նաեւ ապագայի նկատմամբ լաւատեսական տրամադրութենէն եւ չնահանջելու անկոտրում կամքէն։ Հասկցայ որ Հայաստան վերադարձած այս երիտասարդը ոչ միայն հայրենիքը կը սիրէ այլեւ այդ սէրը գործնապէս ամէն վայրկեան իր ընտանիքին հետ կ’ապրի։ Անոր այդ կամքը պէտք է վարակիչ դառնայ իւրաքանչիւր հայի, մասնաւորաբար սփիւռքահայութեան։ Այո, այս երիտասարդը հայրենիք եկած է ոչ թէ հանգիստ պայմաններով ապրելու, այլ ճակտի քրտինքով եւ բոլոր դժուարութիւնները դիմագրաւելով իր եւ ընտանիքին բարեկեցիկ կեանք ապահովելու։

Երբ պիտի բաժնուէինք, ան կրկնեց իր վճռակամութիւնը արտայայտող խօսքը եւ իրար յաջողութիւն մաղթելէ յետոյ ղարձեալ ըսաւ․

– Չոր հաց կ’ուտեմ, այս երկիրէն չեմ հեռանար։

Մեկնաբանել