Քարերը

անի ասատուրեան

Անի Աստուրեան

«Կորցրել եմ հաւատս: Գտնողներին խնդրում եմ վերադարձնել առանց պարգեւատրութիւն սպասելու: Ես ոչինչ չունեմ: Արմէն Զատիկեան, Մայիսմէկեան փողոց թիւ 2»

Արտաշէս Քալանթարեան («Իսկ Դուք Որտե՞ղ Էիք»)

Նստած էին գետափի սրճարանը. ան, որ կը յիշեցնէր Լիբանանի Տամուր գետի սրճարաններէն մէկը…: Դպրոցական տարեշրջանի աւարտին` դասարանով հոն կ՛երթային. «պաս»ին մէջ կ՛երգէին պրն. Գանտահարեանին սորվեցուցած բոլո՜ր երգերը՝ «Հովիւը սարում տխրեց… հինգալլա՛, հինգալլա՛». մէկը ետեւէն կը պոռար՝ «տասալլա՛, քսանալլա՛…»: Կ՛երգէին յեղափոխական բոլո՜ր երգերը՝ «Արիւնոտ դրօշ», «Մենք անկեղծ զինուոր ենք», «Պանք Օթօման»…
– Գիտե՞ս,- ըսաւ ան, որ ա՛լ չէր հաւատար որեւէ բանի. մենք այս ամբո՛ղջ ժամանակը խաբուեր ենք. մեզի «լոլո» կարդացեր են:
Դիմացինը սուրճէն ումպ մը առնելէ ետք, հայեացքը յառեց անցնող-սահող ջուրի հոսանքին տակ հանգիստ նստած քարերուն. անոնք կլոր, ողորկ հացիկներու պէս բազմած էին իրենց տիղմէ աթոռակներուն ու կը դիտէին զիրենք տամուկ աչքերով:
– Ինչո՞ւ այսքան յոռետես ես,- հարցուց ընկերոջ. վերջ ի վերջոյ, Ցեղասպանութենէն հարիւր վեց տարի ետք տակաւին հայերէնով խօսիլը, հայրենիքով մտահոգուիլը փաստ չե՞ն, որ մեր ստացած դաստիարակութիւնը լոլոյի վրայ հիմնուած չէր:
– Ա՛տ չէ ըսածս,- մրմնջեց յուսախաբը. ըսածս ան է, որ մեր ազգային գաղափարախօսութիւնը հիմնուած է պարագայականութեան վրայ. կը յիշե՞ս ի՛նչ կ՛ըսէին մեզի մեր ուսուցիչները. «Սովետական Հայաստանը համայնավարութեան լուծին տակ է», «սովետական հայերէնը սխալ ուղղագրութեամբ է. չշուարի՛ք»: Կ՛այպանէին ներգաղթողները, կը մեղքնային իրենց ընկերներուն, որոնք «վայելած» էին Սիպերիոյ սառնամանիքը եւ փտած գետնախնձորները:
– Այո՛. կը յիշեմ,- ըսաւ ընկերը ժպիտով. Մահարիի «Ծաղկած Փշալարերը» տպեցին թերթի մէջ. յետոյ ալ՝ Սոլժենիցինը դափ ու թմբուկով հրամցուցին մեզի:
– Է՛հ՝ դուն մի՛ ըսեր՝ այդ օրերուն պարագաները տարբեր էին. Աղբալեան, Շանթ, Վրացեան… աքսորական տիտաններ եղած էին. համայնավար վարչակարգը զիրենք դուրս նետած էր սեփական հայրենիքէն: Այդ օրերուն ա՛յդ էր պարագան եւ ամէն բան իրա՛ւ եւ վերջնական կը թուէր մեզի. փոքր էինք ու միամիտ. աշխարհին ի՛նչ ըլլալն ալ չէինք գիտեր: Աշխարհը մեր տաքուկ տունն էր, մեր ընտանիքը, դպրոցն ու ակումբը:

Սրճարանի ներսիդիէն կը լսուէր Շուպըրթի անաւարտ համանաուագը. ան զոր յաճախ մտիկ ըրած էր պատանեկութեան, Պուա տը Պուլոնյի իրենց տան պատշգամը նստած. ի՜նչ աղուոր օրեր էին, երբ հաւատքը կար եւ ամէն բան յստակ կը թուէր ըլլալ դիմացի մանիշակագոյն-վարդագոյն լեռներուն ծայրագիծերուն նման:

Ինքն ալ իր սուրճէն ումպ մը առնելով՝ շարունակեց. «Երկաթէ վարագոյր մը կար Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ. անոր անազատ ըլլալը մեզ աւելի հայրենատենչ կը դարձնէր…»:

– Նայէ՛,- ըսաւ ընկերը, վճիտ ջուրին տակի քարերը ցուցնելով, – հարիւրաւոր տարիներ ջուրերը իջեր են լեռներէն ու անցեր այս քարերուն վրայէն. ամէն ձմեռ անձրեւը հարուածեր է իրենց մակերեսը, բայց իրենք դեռ կը մնան. թերեւս քիչ մը շարժեր են իրենց տեղերէն՝ աջ գացեր են, ձախ գացեր են, բայց տակաւին հո՛ն են… բան մը եկաւ միտքս. Կ՛ուզէիր որ մե՞նք ալ այս քարերուն պէս մնացած ըլլայինք նոյն տեղը, այդ քու ըսած երկաթէ վարագոյրիդ ետին. ա՞յդ է ըսածդ:

Անհաւատը քմծիծաղ մը ունեցաւ եւ սուրճի գաւաթին մօտ գտնուող թուղթէ թաշկինակը ծալելու սկսաւ.
– Այո՛, – ըսաւ խնդալով,- ի՛նչ լաւ եղած կ՛ըլլար եթէ Սովետական Միութիւնը փլած չըլլար եւ Սփիւռքը շարունակած ըլլար զօրութենական հայրենիքի իր դերը խաղալ, Արեւմտահայաստանի երազով ու լեզուով: Ինծի կը թուի, թէ աւելի միասնակամ էինք, աւելի հայրենասէր էինք այդ օրերուն:
– Իսկ հիմա՞:
– Հիմա խայտառակ վիճակի մէջ ենք. մէյ մը շուրջդ նայէ՛…ամէն բան ձգած՝ «Հայաստան» կը հոլովենք ու չենք անդրադառնար, որ կորսնցնելու վրայ ենք մե՛ր լեզուն ու մե՛ր ուղղագրութիւնը: Լուրջ դէմքով մտաւորականներ կը խօսին արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի խառնուրդին մասին, ոչ թէ որովհետեւ իսկապէս կը հաւատան իրենց ըսածին, այլ որովհետեւ… պարագաները, ժամանակի ոգին ա՛յդ կը յուշեն իրենց. պէտք է այդպէս խօսին, որ ընդունելի ըլլան. կը հասկնա՞ս: Ու դեռ կան յօդուածագիրներ, որոնք մտահոգ են Հայաստանի ուսանողներու հայերէնի քննութիւններուն բերած ցած նիշերով… լա՞մ, թէ խնդամ… ինծի՝ ի՛նչ, մեզի՝ ի՛նչ Հայաստանի աշակերտներու հայերէնի մակարդակը, երբ մե՛ր դպրոցներու հայերէնի մակարդակով կամ՝ ընդհանրապէս՝ հայերէնով հետաքրքրուած չունինք: Ծիծաղելիի սահմանին մօտեցած ենք այլեւս…
– Հանդարտէ՛, հանդարտէ՛. բարկութիւնդ բանի չի ծառայեր. համաձայն եմ քեզի. Սփիւռքը երեսի վրայ ձգած ենք եւ ամէն վայրկեան Հայաստանի մէջ զարգացող այս ծրագրին կամ այն ծրագրին նուիրատուութիւն կ՛ընենք. որքան ընենք՝ այնքան կ՛ուզեն. խնդիրը ան է, որ տալով չի՛ վերջանար հարցը. մե՛նք չենք կրնար հասնիլ Սփիւռքի կառոյցներու պէտքերուն. գոնէ տեսլական ունենայինք՝ հայերէնի ուսուցիչ եւ հայ թերթի խմբագիր պատրաստելու ծրագիր մշակէինք… եկուր տե՛ս որ… հոն ալ Հայաստանը կը մտնէ. փոխանակ սփիւռքահայ ուսուցիչներ եւ պատմաբաններ գործի լծելու՝ շունչերնիս Երեւան կը գտնենք եւ հազարներով դրամ կը մսխենք անգործածելի դասագիրքերու համար. մեղք չէ՞:
– Դեռ ալ կ՛ըսես՝ չբարկանա՜մ… բաւական յաջող Հայոց Պատմութեան դասագրքեր սկսած էին պատրաստել. ինչո՞ւ դադրեցուցին գործը. հայաստանաբնակ պատմաբան մը ինչպէ՞ս կրնայ ամերիկահայ կամ ֆրանսահայ աշակերտներուն հոգեկազմերուն յարմար դասագիրքեր պատրաստել:
– Եկա՜ն, եկա՜ն… վարագոյրը բացուելուն պէս՝ յայտնուեցան,- սկսաւ խնդալ քարերուն հաւատացողը… «Եկան էլ հեր ու հօրքուր, եկան էլ մեր ու մօրքուր, եկան քեռի, քեռեկին, խնամի ու տեգերկին… հէյ ջա՜ն, հէ՜յ ջան». պարպուեցաւ Հայաստանը. պարտուեցաւ Սփիւռքը:

Յուսախաբ անհաւատը, որ թաշկինակը վերածած էր ամենէն պզտիկ քառակուսիին՝ կը ժպտէր հիմա:
– Հիմա նոր պարագաներ կան…կը «պաշտենք» ռուսերը, կը ծառայենք անոնց, ցոյց կ՛ընենք եւրոպացիին դէմ եւ չենք համարձակիր մատ թօթուել մեր թշնամիին բուն դաշնակիցին երեսին… շրթունքի ծայրով «Միացեալ,ազատ, անկախ» մը կ՛ըսենք ու կը կեդրոնանանք Արցախի վրայ, «չար», «դաւաճան» եւ «բռնակալ» իշխանութիւններուն վրայ. հիմա կ՛ըսեն ու կը կրկնեն, որ «նախկիններուն» վրայէն արագ մը պէտք է սահինք, որովհետեւ «նորերը» «նախկիններ» են: Մենք նորերէն դժգոհ ենք. ուրեմն՝ մեր բոլո՛ր ուժերը, ծանր ու թեթեւ հրետանին, մեր բոլո՜ր գրիչները՝ պէտք է այդ ուղղութեամբ ընթանան, մինչեւ որ…
– Մինչեւ ո՞ր…
– Մինչեւ որ պարագայական նոր հով մը փչէ եւ առագաստները կրկին ուռին եւ առագաստանաւերը կրկին ուղղութիւն փոխեն այսինչ կամ այնինչ խումբին շահադիտական մօտեցումներէն մղուած… Է՛հ՝ սիրելիս. այս ջուրը կը տեսնե՞ս… դուն քարերո՛ւն վրայ կեդրոնացիր. ես ջո՛ւրը առնեմ որպէս օրինակ. ջուրը նոյն տեղը չի՛ մնար, ընկե՛ր… ու ջուրին պէս պարագաներն ալ նոյնը չեն մնար. սպասենք՝ տեսնենք՝ քանի մը տարիէն ի՛նչ լոլո պիտի հրամցնեն մեզի: Թերեւս ներկայ իշխանութիւններուն սիրահարին յանկարծ… «շա՛տ մի՛ ատեր՝ սիրել կայ» … Շուպըրթի այս անաւարտ համանուագին վերջաւորութիւնը մտովի յօրինելու նման՝ կրնանք մեր ազգային գաղափարախօսութեան նոր ու տարբեր հոսանքներն ալ երեւակայել…

Դիմացինը, որ շատո՜նց վերջացուցած էր սուրճը եւ հիմա պարբերաբար ջուրի բաժակը կը տանէր բերնին՝ յանկարծ կեցաւ եւ ցուցամատը սեղանի ծածկոցի կարմիր-ճերմակ քառակուսիներուն վրայ տարուբերելով՝ ըսաւ.

– Ճի՛շդ ես…պարագայական հովերը միշտ եղած են, կա՛ն եւ պիտի ըլլա՛ն, բայց ընդունէ՛, որ անոնցմէ անդին հաստա՛տ բան մը կայ. մնայո՛ւն արժէքներ կան, որոնց մասին գրած են մարդիկ, խօսած են ընկերներ: Արժէքներ կան, որ չեն մեռնիր հովուն հետ:

Յետոյ ունքերը կիտեց, հոգոց մը հանեց ու ըսաւ.

– Մեր զոհերը պարագայական չե՛ն՝ օրինակ. անոնք ինկա՛ն եւ իյնալով ցոյց տուին, որ կա՛ն անկորնչելի արժէքներ. մեր լա՛ւ տղոց թափած արիւնը չես կրնար պարագայական համարել: Ան ալ ըսեմ, որ Սփիւռքն ու Հայաստանը չես կրնար այսպէս բաժնել իրարմէ. անոնք ինկա՛ն, երբ բոլորս միասի՛ն կը դողայինք իրենց համար. կը յիշե՞ս:

Անհաւատին կարգն էր հիմա խորո՜ւնկ շունչ մը քաշելու. քիչ մը մտածեց ու յետոյ, խոհո՜ւն նայելով խօսակիցին աչքերուն՝ ըսաւ.

– Իրաւունք ունիս. անո՛նք են մեր քարերը… ամո՛ւր, անփոփոխ, Սփիւռքն ու ամբողջական Հայաստանը հաւասարակշռող, անպարագայական հայրենասիրութեան մեր վէմե՛րը:

Asbarez.com

Մեկնաբանել