Աւետիսեանները քրտինքով կը պահեն հողը

Սեպտեմբեր 27, 2020ին Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը եւ պարտութեան հետեւանքները աղիտալի եղան հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն համար անխտիր: Հարուածը մասնաւորաբար ծանրօրէն զգացին Արցախի ազատագրուած տարածքներու բնակիչները: Վերջին 20-25 տարիներուն թէ՛ Հայաստանի տարբեր մարզերէն եւ թէ սփիւռքէն մեծ թիւով հայորդիներ սկսած էին տեղափոխուիլ այդ շրջանները, ապրիլ, շէնացնել, արարել եւ տասնամեակներէ ի վեր հայաթափուած հողը հայացնել: Դժբախտաբար, պարտութեան պատճառով այդ շրջաններու բնակիչները դարձան գաղթական իրենց իսկ երկիրին մէջ, եւ ամէնէն զարհուրելին այն է, որ անոնք կորսնցուցին ամէն ինչ. տուն-տեղ, ունեցուածք եւ տարիներու ընթացքին անոնց ստեղծածն ու կառուցածը մնաց թշնամիին: Ճիշդ է Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւնները որոշակիօրէն սատար կը կանգնին այսօրինակ ընտանիքներու, բայց այդ օժանդակութիւնները բաւարար չեն կեանքը վերստին նոյն թափով շարունակելու կամ հիմնովին վերսկսելու: Այս իրավիճակը կրնայ արտագաղթի հոսանք մը ստեղծել մանաւանդ մեծ հիասթափութիւն ապրողներուն մօտ:

Աւետիսեաններու պարագան տարբեր է:

Այս ընտանիքն ալ ունի իր պատմութիւնը, որ մանրապատկերն է հայութեան հաւաքական կեանքին: 1991ի անկախութէնէն ետք, տան հայրը՝ Գառնիկը, հազարաւոր ուրիշներու նման Նորագիւղը ձգելով, կը մեկնի Եւրոպա բախտ որոնելու: Յաջողութիւն չգտնելով այնտեղ, կը վերադառնայ հայրենիք: Աւելի քան քսան տարի աոաջ այս ընտանիքը կը հաստատուի Կովսականի Միջնաւան քաղաքը: Իրենց ճակատագրակիցներուն հետ հազար ու մէկ դժուարութիւններով կը սկսին նոր կեանք՝ նոր յոյսերով եւ երազներով:

Միջնաւանը սահմանակից է Արաքս գետին: Աւելին, ան կը գտնուի երեք գետերու արանքի մէջ: Անոր կողքէն կը հոսին նաեւ Ծաւ եւ Ողջի գետերը: Հայաստանի հարաւային շրջանին մէջ գտնուելով եւ գետերով շրջապատուած ըլլալով, յարաբերաբար մեղմ եւ խոնաւ կլիմայ ունեցած է: Այս հանգամանքը պատճառ է, որ ունենայ բարեբեր հող եւ կարելի ըլլայ այնտեղ մշակել գրեթէ ամէն ինչ: Աւետիսեանները իրենց բախտակից այլ ընտանիքներու հետ կը սկսին կեանք տալ հայրենի հողին: Ինչպէս իրենք կը պատմեն, հողը ապերախտ չէ եւ տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ անոնք հետզհետէ կը սկսին արմատաւորուիլ: Կը կառուցեն իրենց տունը, կ՛ունենան իրենց այգին եւ հողատարածքը, ուր հիմնականին մէջ կը զբաղին ձմերուկի եւ սեխի մշակութեամբ: Միջնաւանը կը դառնայ իրենց սիրելին, հարազատ հողը եւ շրջակայ գեղեցիկ բնութիւնը, ինչպէս իրենք կը սիրեն ըսել՝ իրենց դրախտը: Այնտեղ կը կազմաւորուի անոնց աղջկան երիտասարդ ընտանիքը, տունը զարդարելով երկու աղջիկ երեխաներով:

Միջնաւանը նախքան պատերազմը ունեցած է 150-200 տուն, մօտաւորապէս 1000 բնակիչ: Ունեցած է իր դպրոցը եւ կայացած տնտեսութիւնները:

Շուրջ երեք տարի առաջ անակնկալօրէն կը մահանայ Գառնիկը: Անոր տղան` Գոռը եւ փեսան` Մարտունը կը շարունակեն իրենց աշխատանքը մինչեւ սեպտեմբեր 27, 2020:

Պատերազմը սկսելուն հետ Մարտունը իբրեւ պահեստային զինուոր կը մեկնի Ճեպրայիլի ճակատ, իսկ տան մնացեալ անդամները մինչեւ հոկտեմբերի 16ը արհաւիրքի մէջ ապրելէ ետք, դուրս կու գան Միջնաւանէն, կը հասնին Հայաստան եւ կը հաստատուին Գառնի: Անոնց ամբողջ ունեցուածքը՝ տարուայ բերքի մէկ մասը, տան կահոյքը, տան նորոգութեան համար գնուած եւ տակաւին տուփերու մէջ եղող շինանիւթերը, մսացու անասունները՝ հաւ, խոզ եւայլն, կը մնան ատրպէճանցիներուն: Նոյն ճակատագրին կ՛ենթարկուի շրջանի ամբողջ բնակչութիւնը: Անոնք կը յաջողին իրենց հետ վերցնել միմիայն առաջին անհրաժեշտութեան իրեր եւ գաղթականի կարգավիճակի մէջ յայտնուիլ: Իւրայատուկ է այն փաստը որ այս ընտանիքը ռումբերու տարափին տակ իրենց հետ կը բերեն նաեւ իրենց տան երկու շուները, ըսելով որ նոյնիսկ իրենց շուները չեն յանձներ թուրքին:

Շրջակայ հրաշագեղ բնութիւնը եւ միջավայրի պարզունակ կեանքը անջնջելի հետքեր ձգած են այնտեղ հասակ նետած երեխաներուն վրայ։ Միջնաւան ծնած ու մեծցած Մանանը կը գրէ.

20 տարի, 20 տարի է անցել,

Իմ Միջնաւան դու դեռ նոյն էս մնացել,

Սօսիներդ մի քիչ շատ են ծերացել,

Միևնոյն է նոյն չքնաղ ես մնացել:

20 տարի, 20 տարի է անցել,

Իմ Միջնաւան ես քեզ հետ եմ մնացել,

Եթէ անգամ Հեռու տեղ եմ գնացել,

Միևնոյն է, նորից քո գիրկն եմ դարձել:

Ով եկել է, հիացած է գնացել,

Քո բնութեամբ շատ շատերն են հիացել,

Սօսիներդ մի քիչ շատ են ծերացել,

Միևնոյն է նոյն չքնաղն ես մնացել:

Բարեբախտաբար, պատերազմի աւարտին, Մարտունը անվնաս կը վերադառնայ տուն;

Ամէն ինչ կորսնցուցած, տարիներու աշխատանքի արդիւնքը օդը ցնդած եւ ժամանակաւոր կացարանի մէջ ապրող ռւ անորոշ ապագայի առաջ կանգնած այս ընտանիքը սակայն չի յուսահատիր:

Անորոշութեան եւ խարխափումի կարճ ժամանակէ մը ետք, ապրուած հիասթափութիւնը կամքի եւ յոյսի վերածելով, Աւետիսեաններու ընտանիքը չի դիմեր արտագաղթի, այլ ընդհակառակը: Վստահելով իրենց բազուկներուն, աշխատասիրութեան եւ տարիներու փորձառութեան, կ’որոշեն իրենց աշխատանքը վերսկսիլ, այս անգամ արդէն Արարատեան դաշտավայրին մէջ:

Տեղափոխուելէն քանի մը ամիս վերջ, իրենց բարի համբաւին շնորհիւ անոնք կը յաջողին վարկ առնել եւ Մասիսի Ռանչպար գիւղին մէջ տասը հեքթար հող վարձել եւ վերստին ձեռնարկել ձմերուկի մշակութեան:

Անոնց պատմածներէն ակներեւ է թէ հողի բարեբերութեան հսկայական տարբերութիւն կայ ներկայի իրենց մշակած եւ անցեալին մշակած եւ կորսնցուցած հողերուն միջեւ: Այստեղ աշխատանքը եւ յոգնութիւնը տասնապատիկը աւելի է, բայց անոնց կորովը եւ հայրենի հողին վրայ վերընձիւղուելու կամքը անկոտրում է: Աշխատանքային բազմապիսի դժուարութիւններու առջեւ կանգ առնող չեն եւ յամառօրէն կը շարունակեն տքնիլ եւ անհամբեր կը սպասեն բերքատուութեան օրերուն: Լաւատես են եւ եթէ բերքը անոնց ակնկալութիւններուն չափ ըլլայ, յառաջիկայ տարին աւելի մեծ ծրագիրներ ունին:

Յուսադրիչ օրինակ մըն է այս ընտանիքին պատմութիւնը: Հայու աշխատասիրութեան եւ հայրենի հողին կապուած ըլլալու լաւագոյն փաստն է անոնց անցած ճանապարհը: Ամէնադժուար պայմաններու տակ իսկ հայրենի հողին վրայ ապրելու եւ ամէն գնով այդ հողը ապրեցնելու մեծագոյն օրինակն է: Խօսքային հայրենասիրութենէ հեռու, հայու կամքի ուժին եւ հողին հաւատացող, համեստ ու լուռ հայրենասէրներն են Աւետիսեանները: Անոնք եւ անոնց նմանները յստակ պատգամ մը ունին բոլորին, որ հողը նաեւ քրտինքով կը պահեն:

Մեկնաբանել