Անցնող քանի մը ամիսներուն, Civilnet-ի այս սիւնակներով՝ առիթը ունեցանք անդրադառնալու հարաւային Կովկասն ու ընդհանրապէս տարածաշրջանը շահագրգռող հարցերու: Տարածաշրջանէն աւելի, մեզ կը հետաքրքրէր ուսումնասիրել ու լուսարձակի տակ առնել Հայաստանի շուրջ տիրող աշխարհաքաղաքական եւ ընդհանրապէս տնտեսական եւ մասնաւորաբար ուժանիւթի ու փոխադրամիջոցներու ոլորտներուն իրավիճակը, որ անհերքելիօրէն կ’առնչուի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, ապահովութեան եւ ապագային:
Հայաստան, փաստօրէն, չի կրնար արտաքին իրապաշտ քաղաքականութիւն մշակել ու հետապնդել՝ առանց նկատի առնելու շրջանի ուժանիւթային նկրտումները եւ փոխադրամիջոցներու ծրագիրները եւ մանաւանդ շրջանինմէջկայսերական ուժերուն խաղերը:
Արեւմուտքէն՝ Էրտողանի Թուրքիան կ’ուզէ վերադառնալ օսմանեան կայսերական անցեալին եւ ինքզինք պարտադրել իբրեւ շրջանային ուժ մը, որ նաեւ իր կշիռը ունենայ միջազգային բեմին վրայ: Պատմութիւնը չէ անշուշտ այս վարքագիծը ճշդող հիմնական դրդապատճառը. տնտեսական բարգաւաճումը եւ ուժանիւթի նոր աղբիւրներ որոնելու անհրաժեշտութիւնը Էրտողանի աչքերը դարձուցին դէպի իրեն հարազատ Պաքու եւ այլ ուղղութեամբ՝ դէպի Միջերկրական, մինչեւ Լիպիա:
Թուրքիա առանձին չէ իր այս նկրտումներուն մէջ: Եւրոպան ալ ռուսական կազէն իր կախեալութիւնը թեթեւցնելու համար՝ աչքերը յառած է կասպեան քարիւղին եւ Պաքուի կազին ուղղութեամբ: Արդիւնքը՝ նաւթատար խողովակներ, կազատար խողովակներ եւ նոր երկաթուղագիծեր ու ճամբաներ, որոնք կը փորձեն շրջանցել Հայաստանը: Ցարդ օգտուողը կ’ըլլայ Վրաստանը:
Զուգադիպութիւն չէ, այլ ծրագրումի արդիւնք, որ չինական տնտեսական աշխարհակալութիւնը կը ձգտի մետաքսի հին ճամբուն վերակենդանացման՝ արդիկան փոխադրամիջոցներու ցանցով, որոնք դէպի Եւրոպա եւ արեւմուտք իրենց ճամբուն վրայ պիտի անցնին հարաւային Կովկասէն: Շրջանի բոլոր երկիրները անհամբեր կը սպասեն չինական գնացքին եւ լուռ կը պատրաստուին միանալու մետաքսի ճամբու ցանցին: Հոս կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի Հիւսիս-հարաւ մայրուղիին ամբողջացումը:
Նաւթով ու կազով հարուստ Իրանը, ուրկէ պիտի անցնի նաեւ չինական մետաքսի ճամբան, գիտակից է իր զօրութեան եւ հակառակ անոր վրայ դրուած խիստ պատժամիջոցներուն՝ ընկրկելու նշաններ ցոյց չի տար, եւ առաջին առիթով իր ներկայութիւնը կրնայ յայտնի ընել հարաւային Կովկասի իր դրացիներուն մօտ՝ առայժմ պահելով բարի դրացնութեան եւ «միջազգայնօրէն ճանչուած սահմանները յարգելու» իր կարգախօսերը:
Արեւմուտքէն՝ կայսերական Թուրքիան:
Հարաւէն՝ կայսերական Իրանը:
Հիւսիսէն՝ կայսերական Ռուսիան:
Եւ պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք:
Ազրպէյճանը գիտակցաբար դուրս կը պահենք «մեծերու» այս ընտանիքէն, որովհետեւ անոր վերելքն ու անկումը կախեալ են ուժանիւթի վաճառքէն եւ կայսերականներու շահերէն:
Կայսերականներու մրցակցութեան այս մթնոլորտին մէջ, դժուար թէ հարաւային կովկասի երկիրները՝ բոլորը, վայելեն ամողջական անկախութեան իրավիճակ մը:
Այս երեք կայսրութիւններուն մէջ, ամէնէն ազդեցիկը, ամէնէն անորոշը եւ ամէնէն դաւադիրը կը թուի Փութինի Ռուսիան ըլլալ:
Բացայայտ է, որ Ռուսիա երբեք չէ լքած հարաւային Կովկասը իբրեւ իր ազդեցութեան գօտիներէն մէկը՝ թերեւս աւելի մեղմ քան խորհրդային օրերէն:
Կասպեան կազը մրցակից է ռուսականին եւ պէտք է զսպուի:
Փոխադրամիջոցները կրնան շրջանը կապել Չինաստանի եւ Եւրոպա, բայց միայն իր հսկողութեան տակ:
Փութին կրնայ սեղանի տակէն զիջումներ հրամցնել իր բարեկամ Էրտողանին, եւ առ այդ հայերը կրնան ճակատամարտ կորսնցնել, բայց նոր պատերազմի հունտերը միայն Արցախ ժամանած ռուսական զօրքերը կրնան ցանել եւ բուսցնել ինչպէս որ նոր ցարը յարմար կը նկատէ:
Միայն հայերը չէ, որ երբեմն Մոսկուա կը հրաւիրուին: Ազերիներն ալ՝ յաճախ, Էրտողանն ալ երբեմն: Հոս անշուշտ Էրտողան կրնայ որեւէ ատեն դիմել դէպէ արեւմուտք թեքելու իր լարախաղացութեան:
Հեռու չէ, որ վրացիներն ալ մօտ օրէն սկսին Մոսկուա կանչուիլ՝ յարաբերութիւններու բարելաւման խոստումներով: Տեսանք, որ ինչպէ՞ս դռնէն դուրս դրուած ռուսերը կը փորձեն պատուհանէն Վրաստան վերադառնալ եւ ներսէն բանալ դէպի Մոսկուա նայող Թիֆլիսի դուռը:
Պարզապէս կը փորձենք ցոյց տալ, թէ որքան ականներով լեցուն է տարածաշրջանը, թէեւ տնտեսական հեռանկարներով՝ խաղաղութեան ծրագիրներ ալ կը նշմարուին: Այս ականներուն մէջ, կարելի չէ նաւարկել կրքոտ արտաքին քաղաքականութեամբ: Շրջանային քաղաքական բոլոր խաղերը պէտք է ունենալ սեղանի վրայ: Ըլլալ խոհեմ եւ շրջահայեաց: Լարախաղացութիւնը նաեւ երբեմն կրնայ ըլլալ օգտակար՝ բայց միշտ սերտուած ու նպատակասլաց: