Գիւղացի երեխային պատգամը

Յաճախ ականատես կը դառնանք փոքրիկ դէպքերու կամ կարճ զրոյցներու, որոնք իրենց մէջ կը պարունակեն ամբողջ ճշմարտութիւն մը: Մեր շուրջը լեցուն են նման դիպուածներ: Մեզի կը մնայ այդօրինակ պատահարները «որսալ», խորհիլ անոնց մասին եւ ուրիշներու սեփականութիւնը դարձնել: Իսկ նմանօրինակ ճշմարտութիւններ կարելի է իմանալ պարզ եւ համեստ մարդոց բերնէն, առանց տարիքային տարբերութիւններու: Օրեր առաջ երեխաներու խօսակցոութեան մը ականջալուր եղայ եւ ուրախացայ որ այդ կերպ մտածող երեխաներ կը մեծնան մեր հայրենիքին մէջ:

Հակառակ այն իրողութեան որ գիւղին մէջ արդի արհեստագիտութեան բոլոր բարիքները (կամ չարիքները) արդէն կը գործեն, բարեբախտաբար գիւղի երեխաները յամառօրէն կը շարունակեն խաղալ թաղային իրենց խաղերը եւ կը մերժեն գամուած մնալ հեռատեսիլին, համակարգիչին կամ հեռաձայնի պաստառին դիմաց, ի տարբերութիւն քաղաքաբնակ երեխաներուն: Մեծ հաճոյքով երբեմն կը դիտեմ իրենց խմբակային տարբեր տեսակի խաղերը: Աւելին, քանի մը անգամ տեսայ որ պարսատիկ գործածողներ ալ կան տակաւին:

Քանի մը օր առաջ, տուն կը վերադառնայի: Ուժեղ անձրեւ եկած էր եւ երկինքը տակաւին մռայլ էր: Մեր տան փողոցի դարձուածքը տակաւին չհասած, տեսայ 10-12 տարեկան երեք երեխաներ, որոնք զրուցելէ աւելի կը վիճաբանէին: Անոնցմէ մէկը նստած էր հեծանիւի վրայ, իսկ միւս երկուքը տասը քայլ հեռու կանգնած՝ ձեռքերնին գնդակ կար: Քայլերս դանդաղեցուցի յատկապէս լսելու համար իրենց վէճի նիւթը: Կը խօսէին իրար հետ խաղալ-չխաղալու մասին: Հեծանիւի վրայ նստածը մերժած էր անոնց խաղի հրաւէրը, իսկ միւս երկուքը այդ երեխային անուանած էին անգրագէտ: Բնականաբար վերջինը ընդվզած էր այղ վիրաւորական բառէն եւ բաւարար բացատրութիւններ կու տար, որ ինք անգրագէտ չէ: Հազիւ 12 տարեկան այդ երեխան հասկցած էր որ զարգացած ըլլալը որքան կարեւոր է: Աւելին. ան ըմբռնած էր թէ իր խաղընկերները զինք վիրաւորելու եւ նուաստացնելու համար իրեն կոչած էին անգրագէտ ու ինք իր հունէն ելած, քիչ մը ջղային, քիչ մը բարձր ձայնով կը բողոքէր թաղի ընկերներուն վիրաւորանքին դէմ եւ կը փորձէր ապացուցել որ ինք գրագէտ է: Ահաւասիկ ինչ պատասխան տուաւ այդ երեխան իր ընկերներուն (արեւմտահայերէնի վերածուած).

– Ես անգրագէտ չեմ. անգրագէտը դուք էք: Հիմա հեծանիւ քշելու ժամանակս է: Բայց նախքան փողոց իջնել ու հեծանիւ քշելս ես ամէն օր երկու ժամ գիրք կը կարդամ, թէ չէ մամաս չի ձգեր հեծանիւ քշեմ: Դուք բնաւ գիրք կարդացա՞ծ էք:

Միւս երկու երեխաները շուարած իրարու երես նայեցան եւ անճրկեցան պատասխան տալու: Անոնց դէմքերուն վրայ ակներեւ էր իրենց խեղճութիւնը եւ պարտութիւնը: Անոնց դէմքի արտայայտութենէն ստոյգ էր որ ոչ գիրք կարդացող են եւ ոչ ալ կարդացած են: Մինչ հեծանիւով երեխան քանի մը ակնթարթ սպասելէ եւ պատասխան չստանալէ ետք, յաղթանակածի հպարտութեամբ հեծանիւը դարձուց հակառակ ուղղութեամբ հեռանալու համար: Ընկերները կրկին անգամ հրաւիրեցին զինք միասին գնդակ խաղալու, բայց այս անգամ անոնք ստացան ոչ-պատուաբեր պատասխան.

– Ես անգրագէտներու հետ գնդակ չեմ խաղար:

Հեծանիւով երեխային առաջին պատասխանը գեղեցիկ ու դիպուկ էր եւ զայն լսելով հրճուանք ապրեցայ: Այդ փոքրահասակ տղան գիտակից էր, որ դպրոցական կրթութիւնը բաւարար չէ կիրթ եւ զարգացած մարդ ըլլալու համար: Ան շատ լաւ գիտէր որ իրեն խաղի հրաւիրող տղաները դպրոց կը յաճախեն, եւ շատ հաւանաբար նոյն դպրոցը, որ ինք կը յաճախէ: Բայց եւ այնպէս իր անգրագիտութիւնը ժխտելու համար դպրոց յաճախելու փաստը առաջ չքաշեց, այլ գրագիտութիւնը՝ իմա զարգացածութեան չափանիշը հաստատեց ընթերցանութիւնը: Հետաքրքրական էր որ միւս երկու երեխաներն ալ լռելեայն համաձայն եղան իր չափորոշիչին:

Իհարկէ այստեղ պէտք է գնահատել այս ընթերցասէր երեխային ծնողքին դերը: Հայ ծնողքը կը գիտակցէր որ կեանքի մէջ յաջողելու եւ իրագործումներ կատարելու համար անհրաժեշտ է անընդհատ զարգանալ եւ այղ զարգացումը ընթերցանութեամբ ամբողջացնել: Թէկուզ պարտադրանքով, բայց այդ ծնողքը յաջողած էր երեխային մէջ արթնցնել ընթերցասիրութիւնը եւ զարգացած ըլլալու կարեւորութեան գիտակցութիւնը:

Հայաստանեան իրականութեան մէջ, ուր կրթական ոլորտը կը դիմագրաւէ լուրջ հարցեր եւ դժուարութիւններ, նման մօտեցումներ ոչ միայն գնահատելի են այլեւ՝ քաջալերելի: Բնականաբար ցանկալի է, որ այս մտայնութիւնը օրինակելի եւ վարակիչ դառնայ անխտիր բոլորին եւ ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ սփիւռքի հայութեան համար: Ընթերցանութիւնը ոչ միայն կը նպաստէ ընդհանուր զարգացումի, այլեւ կ’իւրացնէ եւ կ’աւանդէ մեր գիրն ու գրականութիւնը, մեր հարուստ մշակոյթը, պատմութիւնը եւ ազգային այլ արժէքներ, որոնց պահպանման պարտաւորութիւնը ունի իւրաքանչիւր հայորղի:

Ի զուր չէ որ ըսուած է ամէն ճշմարտութիւն կարելի է իմանալ երեխաներէն: Հայաստանի գիւղերէն մէկուն մէջ, հայ մանուկը գիրք կարդալու պատգամը կ’ուղղէ ոչ միայն իր թաղեցի խաղընկերներուն, այլ բոլորին, Հայաստան եւ սփիւռք:

Ամէն անգամ երբ գիւղին մէջ այսօրինակ դրական երեւոյթի մը ականատես կը դառնամ, ակամայ կը մտաբերեմ Ռուբէն Տէր Մինասեանի խօսքը.

«Հայ ժողովուրդի ողնաշարը հայ գիւղացիութիւնն է»:

Մեկնաբանել