Լիբանանի մէջ տիրող պայմանները իսկապէս սկսած են դժոխային դառնալ` իբրեւ հետեւանք վառելանիւթի չգոյութեան, որուն պատճառով նաեւ ելեկտրականութեան տագնապին, հիւանդանոցներու տագնապին, սղութեան, անօթութեան, աղքատութեան, որոնց վրայ երէկ աւելցաւ նաեւ հացի տագնապը:
Անքուն, բնական կերպով սնունդ չստացող եւ իր մարդկային տարրական կարիքներէն զրկուած լիբանանցի քաղաքացին կրնայ հաստատել, որ պետութիւնը զինք ողջ-ողջ կը սպաննէ:
Երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին պենզինի կայարաններուն եւ փուռերուն դիմաց արձանագրուեցան միջադէպեր ու կռիւներ` քաղաքացիներուն միջեւ, յատկապէս Տամուրի «Քորալ» կայարանին եւ Այն Ռըմմանէի «Ուարտիէ» կայարանին դիմաց, ուր արձանագրուեցան մեծ թիւով վիրաւորներ:
Պենզինի եւ հացի համար հերթի կանգնող քաղաքացիներուն պատճառով երկրին փողոցները ողողուեցան ինքնաշարժներով, եւ ստեղծուեցաւ երթեւեկի ահռելի խճողում մը:
Նշենք, որ կարգ մը շրջաններու մէջ խճողումի պատճառ դարձաւ նաեւ ճամբաներու փակումը:
Երկրին մէջ տիրող ահաւոր պայմաններուն, ինչպէս նաեւ տնտեսական ու ընկերային տագնապներուն դէմ բողոքելու նպատակով ցուցարարներ փակեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան, Սարաֆանտ-Սուր մայրուղին, Պէյրութ-Սայտա մայրուղին, Տորայի մայրուղին, Հատի Նասրալլայի անուան մայրուղին, Ուզահին, Մքալլեսը, Հատասը, Նապաթիէի մայրուղին, Թրիփոլիի մայրուղին` Փալմայի մօտ, Պըտտաուիի մայրուղին, Սայֆի-Պէյրութ փողոցը եւ Էշրեֆիէն:
Վառելանիւթի չգոյութեան պատճառով Տորայի «Սիթի Մոլ» առեւտրական կեդրոնը երէկ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ իր դռները փակ պիտի մնան այսօրուընէ սկսեալ:
Իսկ «Մաքասետ» հիւանդանոցը յայտարարեց, որ մազութի իր պահեստը 48 ժամէն կ՛աւարտի:
Վառելանիւթի նպաստը կասեցնելու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի որոշումը տակաւին առկայ է, իսկ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը իր կարգին կը շեշտէ, թէ վառելանիւթը պէտք է վաճառուի ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան ճշդած սակացոյցին համաձայն:
Վառելանիւթ ներածող ընկերութիւնները շուարած վիճակի մէջ կը գտնուին` ո՞ր որոշումին ենթարկուելու առումով:
Անոնք հաստատեցին, որ կարելի չէ կայարաններուն վառելանիւթ յանձնել` նախքան ուժանիւթի նախարարութեան կողմէ նոր սակացոյցի հրապարակումը:
Այս կացութենէն դուրս գալու հանրապետութեան նախագահին ճիգերը եւս մնացին ապարդիւն, իսկ երեկոյեան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ կատարուեցաւ առաջարկ մը` ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը հրաւիրելու արտակարգ նիստի` վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի հետ համաձայնաբար, որպէսզի կարելի ըլլայ քննարկել վառելանիւթի տագնապի լուծման օրակարգը, սակայն Տիապ մերժեց հանրապետութեան նախագահին առաջարկը` հաստատելով, որ ինք կառչած կը մնայ կառավարութիւնը նիստի չհրաւիրելու, որովհետեւ անիկա սահմանադրութեան խախտում կը նկատուի:
Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետեւորդները երէկ երկրորդ օրն ըլլալով բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Ռիատ Սալամէի Սաֆրայի բնակարանին դիմաց:
Նշենք, որ երէկ առաւօտեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ գրառումի մը ընդմէջէն իր խօսքը ուղղեց Ռիատ Սալամէին` սաստելով զայն եւ զինք ծածկող քաղաքական կողմը` վերջ տալու պայթումին:
Իր կարգին, Սալամէ հաստատեց, որ երկրին բոլոր պատասխանատուները` սկսեալ հանրապետութեան նախագահութենէն, մինչեւ կառավարութիւն, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդ եւ այլ, լաւ գիտէին, որ վառելանիւթին տրամադրուած նպաստը պիտի ջնջուի` աւելցնելով, որ երկրին մէջ խնդիրներ ստեղծելու յանցանքով զինք ամբաստանողները պէտք է իմանան, որ երկրին տագնապին հիմնական պատճառը տարիէ մը ի վեր կառավարութեան կազմութեան արգելակումն է: