Հաճելի անակնկալ-նորութիւն մը կը սպասէր մեզի

Յուլիս 29ի երեկոյեան կնոջս հեռաձայնը զարկաւ: Պարզուեցաւ որ սփիւռքի վարչութենէն է. աղջկանս, իբրեւ լիբանանահայ, կը հրաւիրէին մասնակցելու «Քայլ Դէպի Տուն» ճամբարին: Բնականաբար մեր պատասխանը դրական էր եւ կը մնար քանի մը օր, որպէսզի աղջիկս անհրաժեշտ պատրաստութիւնը տեսնէ:

Նախ անակնկալ մըն էր մեզի համար պարզ այն պատճառով, որ ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս գտած էին մեր հետ կապ հաստատելու միջոցը: Աղջիկս հայաստանեան քաղաքացիութիւն ունենալով հանդերձ, Հայաստան մտած էր լիբանանեան անցագիրով: Ուրեմն սփիւռքի վարչութիւնը իր տեղեկութիւնները ստացած էր համապատասխան մարմիններէ եւ աւելի ուշ, աղջկաս հայաստանեան նոր անցագիր հանելու թղթաբանութիւններու ընդմէջէն գտած էին նաեւ կնոջս հեռաձայնին թիւը: Այս փաստին մէջ երկու դրական բան կայ: Առաջինը այն է որ անհատական տեղեկութիւններու ամբողջական մէկտեղում կայ պետութեան մօտ եւ երկրորդը այն է որ սփիւռքի վարչութիւնը բծախնդրօրէն հետամուտ եղած է տեղեկութիւններու հաւաքման:

Որոշեալ օրը, Երկուշաբթի 2 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 8.00ին հասանք Ազատութեան Զբօսայգի, ուրկէ պիտի կատարուէր մասնակիցներուն մեկնումը: Անոնք պիտի հանգրուանէին Ծաղկաձոր, Գրողներու Միութեան Տունը, իբրեւ կեցութեան հիմնական վայր, ճամբարի ամբողջ տեւողութեան:

Հաւաքուած էին ճամբարի մեկնողները թիւով շուրջ հարիւր քսան հոգի: Անոնք եկած էին Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Պելճիքայէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Պելառուսիայէն, Սպանիայէն, Հոլանտայէն, Ջաւախքէն եւայլն: Լիբանանէն կային եօթը մասնակիցներ, որոնք վերջին մէկ տարին հաստատուած էին Հայաստան: Բացի Լիբանանի մասնակիցներէն, մնացեալները արեւելահայեր էին: Այս երեւոյթը բացասականօրէն ազդեց վրաս: Իմ կարծիքով նպատակայարմար է որ յառաջիկայ տարիներուն աշխատանք տարուի աւելի մեծ թիւով արեւմտահայ կամ դասական սփիւռքէն մասնակիցներ ապահովուի։

Ճամբարը կազմակերպուած էր օտարութեան մէջ հասակ առնող պատանի-պարմանուհիներուն ծանօթացնելու իրենց հայրենիքը, հայրենի մշակութային ժառանգութիւնը, տեղեկանալ մեր ժողովուրդի պատմութեան, սորվիլ լեզուն եւայլն: Նախքան ճամբարի մեկնարկը, արդէն իսկ յայտագիրը ուղարկուած էր ծնողներուն:

Ճամբարին մասնակիցները բաժնուած էին վեց խումբի, տարիքային հիմունքով: Իւրաքանչիւր խումբ ունէր իր պատասխանատուները (երիտասարդ մը եւ երիտասարդուհի մը):

Շուրջ երկու շաբաթուան ընթացքին մասնակիցները այցելեցին Մատենադարան, Իջեւան, Սարդարապատ, Զուարթնոց, Օշական, Խոր Վիրապ, Ծիծեռնակաբերղ, Եռաբլուր, Հաղարծին, Սեւանավանք, Գեղարդ, Գառնի տաճար, Թումանեանի տուն թանգարան (Դսեղ-Լոռի), Վազգէն Սարգսեանի եւ Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմական հաստատութիւնները, Երեւանի պետական եւ Ամերիկեան համալսարանները եւայլն: Այս բոլոր այցելութիւններուն ընթացքին անոնց տրուած է բացատրութիւն եւ տեղանքին հակիրճ պատմականը:

Հայրենիքի ճանաչողական գեր-յագեցած վերոնշեալ պտոյտ-այցելութիւններէն անկախ, իրենց կեցութեան վայրին մէջ անոնք ամէնօրեայ դրութեամբ ունեցած են հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասեր, օրական երեք ժամ: Իսկ երեկոյեան ժամերուն անոնք սորված են եօթը տարբեր պարեր եւ մէկ երգ՝ «Սարդարապատի քայլերգը»:

Մասնակիցները վերջին գիշերը, որ նմանօրինակ ճամբարներու պարագային կը մասնաւորուի խարոյկահանդէսով, ներկայացուցած են թատրոն, պար, երգ եւայլն: Պէտք է նշել, որ վերջին օրը ճամբար այցելած է սփիւռքի յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը:

Բնականաբար, աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած աւելի քան հարիւր պատանի-պարմանուհիներուն համար, այս ճամբարը ոգեւորիչ էր: Անկախ կազմակերպիչներու նպատակէն, հայրենիքի ծանօթացման աշխատանքէն, այլեւայլ գաղութներու մէջ հասակ առնող նոյն ազգի զաւակները իրար ծանօթացնելու, իրար հետ շաղուելու եւ մերուելու, այս ձեռնարկը, երկար ժամանակի վրայ կրնայ խթան հանդիսանալ նաեւ հայրենադարձութեան:

Պէտք է յիշել որ ճամբարը տեղի ունեցաւ չորս հանգրուանով: Անոր առաջին մեկնարկը կատարուեցաւ 21 յունիսին եւ աւարտը՝ օգոստոս 14ին:

Վստահաբար այսքան բծախնդիր կազմակերպուած աշխատանքի մը լաւագոյն գնահատականը կրնան տալ միմիայն մասնակիցները: Հարցախոյզներու եւ հարցապնդումներու կարիք չկայ իմանալու անոնց կարծիքը, բաւարար էր ներկայ ըլլալ վերջին օրը իրարմէ բաժնուելու տեսարանին եւ հասկնալ ամէն ինչ:

Օգոստոս 14ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին հասանք Միասնիկեանի արձանին առջեւ: Ճամբարի մասնակիցները արդէն հասած էին ու հազիւ տասը օրուան ծանօթութենէ ետք գիրկընդխառնումով եւ անմեղ եւ առատ արցունքներով հրաժեշտ կուտային իրար: Անոնք բոլորով հրապարակին վրայ պարեցին իրենց սորված պարերէն քանի մը հատը, եւ նորէն իրար տեսնելու, հանդիպելու խոստումներով լալագին սկսան բաժնուիլ իրարմէ: Այս տեսարանին ականատես ըլլալով հասկցայ որ երկու շաբաթուան ընթացքին որքան մտերմութիւն եւ հարազատութիւն ստեղծուած էր այս պատանի-պարմանուհիներուն մէջ, որոնց կապող միակ օղակը ազգային պատկանելիութիւնն էր: Տարբեր երկիրներու մէջ ծնած, տարբեր մշակոյթներու ազդեցութեան տակ կազմաւորուած, տարբեր կենցաղի, վարքուբարքի երկիրներու մէջ հասակ նետած, բայց իրենց հոգիներուն խորքը հայկականութիւն պահած եւ ինքնութեան ճանաչման գիտակցութեամբ, անոնք իրար գտած էին հայրենի հողին վրայ, որ ազգի բոլոր զաւակներուն միաւորող գլխաւոր եւ միակ վերջնակայանն է:

Մեկնաբանել