Հայաստանի կառավարութիւնը իր ճիգը պէտք է կեդրոնացնէ արեւմտահայ եւ արեւելահայ լեզուաբաններ եւ մտաւորականներ համախմբելու, որպէսզի անոնք միասնաբար լծուին արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի միջեւ մերձեցում ստեղծելու գործին։ Լեզուաբան, գրականագէտ ու մանկավարժ Չոլաքեան Սիվիլնեթի «Տրոփ» նոր հաղորդման հարթակէն ափսոսանք յայտնեց նաեւ, որ Սփիւռքը իր նոր սերունդի կրթական խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ վերջին երեսուն տարիներուն բաւարար աշխատանք չի կատարեր եւ ժամանակն է, որ արտերկրի ազգային ղեկավարութիւնը, միանալով փորձէ փակուած դպրոցները վերաբանալու, հայեցի կրթութեան մշակներ պատրաստելու հնարաւորութիւններ ստեղծել։
Արեւելահայերէնը քառասմբակ կը հեռանայ արեւմտահայերէնէն՝ կ՝ըսէ Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան
Article Published:
25 Օգոստոս, 2021 08:59
Comments Off on Արեւելահայերէնը քառասմբակ կը հեռանայ արեւմտահայերէնէն՝ կ՝ըսէ Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան
Post navigation
Posted in: