Երեւանեան փողոցի երաժշտական շունչ

Երեւանը մշակոյթ եւ արուեստ շնչող, ներշնչող եւ պարտադրող քաղաք է: Քաղաքին դրուա՞ծքն է պատճառը թէ՞ արուեստագէտներու բազմազանութիւնն ու հոծ քանակը: Հաւանաբար իրար հարստացնող ու իրարմով հարստացող հանգամանքներ են:

Երեւանի փողոցներով, մասնաւորաբար ոտքով շրջագայելու ժամանակ կարելի է հանդիպիլ մշակոյթի եւ արուեստի արտայայտութեան տարբեր դրսեւորումներու: Կարելի է հանդիպիլ նկարիչներու, որոնք վայրկեաններու ընթացքին կը գծեն ձեր դիմագիծը, իհարկէ պատուէրով: Իսկ այդ արուեստագէտներուն մէջ, ամէնէն ակնյայտը՝ տարբեր փողոցներու կամ վայրերու մէջ երաժշտական տարբեր գործիքներ նուագողներն են (կիթառահար, ջութակահար, ձեռնադաշնակ կամ քամանչա նուագող եւայլն): Թէ անոնք որքա՞ն արհեստավարժ են, կամ պարզապէս` սիրողական, դժուար է կռահել: Պէտք է ընդգծել սակայն, որ անոնք յաճախ այնքան լաւ ու գողտրիկ ձեւով կը ներկայացնեն իրենց արուեստը, որ անցորդները անտարբեր չեն կրնար ըլլալ: Այդ նուագողներէն շատեր նաեւ կ՝երգէին:

Տարբեր տարիքի ու խաւի ներկայացուցիչներ են անոնք: Առիթով մը կ’իջնէի երիտասարդականի գետնանցումը: Աստիճաններուն վրայ միջին տարիքի մարդ մը քամանչա նուագելով կ’երգէր: Ռապիզ երգ մըն էր, բայց այնքան սրտառուչ ձեւով կը մեկնաբանէր որ իր ճիշդ դիմացի կողմը ծախու դրուած գիրքերը դիտելու պատրուակով կանգ առի ու ունկնդրեցի զինք, որ անծանօթ երգ մըն էր ինծի համար: Ակներեւ էր որ խեղճ մարդ մըն էր, հագած էր գրեթէ ցնցոտիներ, յոգնատանջ դէմքով եւ հիւծած մարմինով:

Ուրիշ անգամ մը, Աբովեան փողոցը հատեցի եւ Սուրբ Կաթողիկէ-Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ առջեւ, մայթին վրայ չորս երիտասարդներ, չորս տարբեր նուագարաններով՝ ջութակ, տուտուկ, կիթառ եւ թմբուկ կը նուագէին: Երգը ծանօթ էր, «Երեւանի Սիրուն Աղջիկ»: Մեծ թիւով անցորդներ կանգնած կ’ունկնդրէին: Այնքան գեղեցիկ էր անոնց կատարումը, որ պահ մը ես ալ կեցայ որպէսզի վայելեմ այդ պահը: Հաւանաբար ոչ մէկ անգամ այդ ծանօթ երգը ականջիս այդքան քաղցր չէր հնչած։ Ի տարբերութիւն այլ նուագողներու, անոնց առջեւը դրամ հաւաքելու համար գլխարկ կամ տուփ չէր դրուած: Անոնք պարզապէս կը նուագէին, փողոցին մէջ գեղեցիկ մթնոլորտ ստեղծելու եւ անցորդներուն հաճելի պահեր պարգեւելու: Շատ երիտասարդ էին, հաւանաբար ուսանողներ կամ նորաւարտներ:

Նմանօրինակ նուագածուներէն ամէնէն աւելին ինծի տպաւորողն ու հետաքրքրողը եղած է Կոմիտասի այգիին առջեւ, դէպի Սայեաթ Նովա փողոցը յարող հատուածի մայթին վրայ կանգնող կիթառահարը:

Հայաստան վերադարձէս ետք, ամէն անգամ երբ իջնեմ Երեւան, հանգստանալու համար կ’երթամ եւ կը նստիմ Կոմիտասի զբօսայգին: Ուշադրութիւնս գրաւեց այս կիթառահարը: Ան կուգայ կէսօրէ ետք, կը տեղադրէ իր սարքաւորումները եւ կը սկսի նուագել իր ելեկտրական կիթառը: Իր արտաքինէն դատելով, յիսունի շուրջ է, երկարահասակ, արեւմտեան ռոք խումբերու կիթառահարներու յատուկ մազերու սանտրուածքով: Իրեն կ’ընկերակցի մայրը, որ կը բազմի նստարանին վրայ ու կը հետեւի թէ փողոցի անցորդներուն արձագանքը ինչ է: Կը նուագէ ե՜ւ հայկական ե՜ւ օտար եղանակներ: Փողոցի անդորրին մէջ իր նուագը կ’արձագանքէ գեղեցկութեամբ եւ անոր արձակած մեղեդայնութիւնը կը լեցնէ մարդոց սիրտերը: Ազդալոյսին կանգնած ինքնաշարժներու վարորդներն ու ուղեւորները հետաքրքրութեամբ կը դիտեն զինք եւ կ’ըմբոշխնեն անոր կիթառին երաժշտութիւնը:

Բաւական ժամանակ այսպէս շարունակուեցաւ: Յետոյ այս կիթառահարը անհետացաւ ու այլեւս չէր գար նուագելու: Տարբեր մտածումներ ունեցայ: Արդեօ՞ք քաղաքապետարանը արգիլած էր, կամ մնայուն աշխատանք մը գտա՞ծ էր թէ՞ ինչ որ գէշ պատահարի մը հանդիպած էր:

Իր անակնկալ ու անբացատրելի բացակայութիւնը պատճառ դարձաւ որ հետաքրքրուիմ իր անձով: Որոշ տեղեկութիւններ հաւաքեցի, բայց որքան ստոյգ են, չեմ կրնար հաստատել: Իմացայ որ արհեստավարժ ու նշանաւոր կիթառահար մը եղած է եւ նուագած է անուանի նուագախումբէ մը (նուագախումբին անունը զանց կ’առնեմ): Աւելի ուշ ունեցած է հոգեմտաւոր շեղումներ եւ մինչեւ անյայտանալու օրը իր օրապահիկը կը վաստակէր ճամբան նուագելով:

Քանի մը օր առաջ երբ Երեւան էի, Մաշտոցի փողոցով բարձրացայ մինչեւ օփերա եւ երբ հասած էի Արամ Խաչատուրեանի արձանին առջեւ, հեռուէն տեսայ զինք որ իր սարքաւորումները կը տեղադրէր: Քիչ յետոյ լսեցի իր կիթառին ձայնը եւ ուրախացայ: Մաշտոց-Սայեաթ Նովա խաչմերուկը վերստին կեանք առած էր: Հատեցի փողոցը եւ որոշ հեռաւորութենէ մը նկարելէ ետք զինք, մօտեցայ որպէսզի աւելի մօտէն ալ նկարեմ: Տեսաւ զիս եւ ձեռքով նշան ըրաւ որ չնկարեմ: Յարգեցի իր կամքը եւ հին ծանօթ մը վերագտած ըլլալու գոհունակութեամբ հեռացայ:

Ճանապարհներու այս նուագածուները ամբողջ ֆոլքլոր մը կը ներկայացնեն Երեւանի մէջ: Անոնք ընդհանրապէս խորտակուած ճակատագիրներ են, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր պատմութիւնը, յաճախ տխուր: Հաւանաբար անոնք նաեւ զոհերն են ընկերային անարդարութիւններու, երբեմն կեանքէն վրիպածներ, բայց բոլորն ալ կը փորձեն իրենց ինքնուրոյնութիւնը պահելով արժանապատուօրէն ապահովել իրենց օրապահիկը:

Հայաստանը փոքր երկիր մըն է, եւ շուկան այնքան նեղ է որ մրցակցութիւնը դաժան է մասնաւորաբար արուեստի մարզին մէջ: Շուկայական այս մրցակցութեան չդիմացողներն իրենք զիրենք կը գտնեն փողոցին վրայ, եւ այսպիսիները կազմած են խաւ մը կամ հաւաքականութիւն մը, որ ցրուած Երեւանի փողոցներուն մէջ, անցորդներուն կը պարգեւէ իւրօրինակ արուեստ մը, իւրայատուկ ֆոլքլորային տրամադրութիւն։

Մեկնաբանել