«Կը թելադրեմ սփիւռքի հայերուն, որ պահեն իրենց ինքնութիւնը եւ հաւատարիմ մնան իրենց արմատներուն»

Հարցազրոյց Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի հետ յատուկ Սիվիլնէթի համար: Պետրոս Միրիաթեան ծնած է Հալէպ, 1948-ին: Վարդապետ ձեռնադրուած է 1971-ին: 1989-էն ի վեր կը վարէ Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդութիւնը: Ան նաեւ նախագահն է Հալէպի կաթողիկէ Քրիստոնէական Միութեան: Գրիգոր Պետրոս Ի Պատրիարք Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, կը նշանակուի պատրիարքական կառավարիչ՝ մինչեւ նոր պատրիարքի ընտրուիլը: Փիլիսոփայական, Աստուածաբանական եւ գրականագիտական բարձրագոյն կրթութեանց տէր մտաւորական Արքեպիսկոսպոսը ունի բազում հեղինակութիւններ, զանազան լեզուներով:

– Գերապայծառ Տէր, Դուք աւելի քան 25 տարիէ ի վեր կը վարէք Բերիոյ կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդութիւնը: Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք հալէպահայ գաղութը, ինչո՞վ կը տարբերի ան միւս գաղութներէն:

Աւելի քան 31 տարիէ ի վեր կը վարեմ Բերիոյ կաթողիկէ Հայոց Թեմի Առաջնորդութիւնը:

Հալէպահայ գաղութը կենսունակ է, աշխոյժ եւ հաւատարիմ իր աւանդութիւններուն: Մեր գաղութը կարելի է բնութագրել որպէս եկեղեցասէր, հայրենասէր եւ աշխատասէր գաղութ: Ի զուր չէ, որ կոչուած է «Մայր Գաղութ», որովհետեւ աշխարհասփիւռ անթիւ հայեր անցած են Հալէպ քաղաքէն:

Հալէպահայերը կը սիրեն Սուրիան, բայց հոս իրենց արմատները խոր չեն: Ի դիմաց որեւէ տագնապի , տերեւաթափ մը տեղի կ’ունենայ, այսինքն բազմաթիւ հայեր քաղաքը կը լքեն եւ ուրիշ երկիր կը գաղթեն:

Շիտակ է, որ մեր ժողովուրդը իր աչքերը սեւեռած է դէպի Հայաստան, դժբախտաբար սիրտը ուրիշ տեղ է, եւ շատեր կը փորձեն հեռաւոր երկիրներ երթալ:

– Գերապայծառ Տէր, Դուք լաւատե՞ս էք սուրիահայութեան ապագային հանդէպ: Իրական հիմքեր կա՞ն լաւատեսութիւնը արդարացնող. չէ՞ որ գաղութը անհամեմատ նօսրացած է, չէ՞ որ պատերազմի ուրուականը տակաւին չէ չքացած, ասոնց կը գումարուի նաեւ տնտեսական մեր շատ ծանր վիճակը:

Վիքթոր Հիւկօ, ֆրանսացի աշխարհահռչակ գրողը իր «Նափօլէոն Բ.» բանաստեղծութեան մէջ կ’ըսէ.

«L’AVENIR NEST`A PERSONNE, SIRE, L’AVENIR EST `A DIEU»:

Այսինքն ապագան Աստուծոյ ձեռքն է միայն: Չենք գիտեր, թէ գալիք օրերը ինչ կը պահեն: Մեր պարտականութիւնն է, աւելի ճիշդ մեր առաքելութիւնն է, որպէս առաջնորդ, քարոզել լաւատեսութիւն, համբերութիւն եւ Աստուծոյ վրայ վստահութիւն, որովհետեւ մենք կը հաւատանք Քրիստոսի խօսքին. «Ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի կատարածը», «Ով որ կը համբերէ մինչեւ վերջ, ան կ’ապրի»:

Բայց միամիտ չենք. կը տեսնենք ժողովուրդին ծանր վիճակը եւ կը փորձենք օգնել: Ազատութիւն կը թողունք ամէն անհատի, որ ընտրէ իր ապագան, ու պատասխանատու որոշում մը առնէ:

Մեր աղօթքն է, որ չզղջայ իր առած որոշումին համար:

– Եթէ մեղմօրէն խօսինք, Հալէպի հայ երիտասարդ սերունդին վիճակը այդքան ալ նախանձելի չէ. Մեր երիտասարդները բազում դժուարութիւններ ունին, որոնցմէ երկուքը շատ մտահոգիչ են. Նախ, անոնք շատ քիչ կը վարձատրուին, սեփական տուն մը ունենալու մասին նոյնիսկ երազել չեն կրնար, ուստի ստիպուած են ամուսնանալու ծրագիրները շատ հեռու վանել իրենցմէ, երկրորդը՝ գաղութէն գաղթողներուն մէջ տղոց թիւը շատ աւելի մեծ է քան աղջիկներունը, որոնց թիւը անհամեմատ կը մեծնայ հոս մնացողներուն մէջ եւ կը յառաջացնէ ընկերային սուր հարց մը: Այս երեւոյթները մտահոգիչ չե՞ն:

Երկու երեւոյթները մտահոգիչ են.

Ա. Սեփական տուն ապահովելը շատ դժուար է, բացի եթէ ժառանգական կամ ծնողքի հետ ապրելու լուծումը գտնուի: Մենք կը փորձենք օգնել երիտասարդներուն, երբ տուն վարձեն ամուսնութեան նպատակով, հակառակ որ վարձքերը ամսէ ամիս կը բարձրանան:

Բ. Արդարեւ ակնբախ է, որ գաղութիս մէջ աղջիկներուն թիւը տղոցմէ շատ աւելի է. փաստ՝ երգչախումբերու կամ պարախումբերու ելոյթները:

Տղաքը քաղաքէն կը հեռանան զինուորական ծառայութենէն փախուստ տալու համար, կամ այլ նպատակներով:

Աղջիկները կը մնան: Ծանր երեւոյթ է, ահաւոր վիճակ, որովհետեւ առիթ կու տայ խառն ամուսնութիւններու, այլասերումի եւ կրօնափոխութեան:

Ծանր պարտականութիւն բաժին կ’իյնայ ծնողքին, որ լաւ դաստիարակեն իրենց զաւակները, հսկեն աղջիկներու վրայ, բարի օրինակ հանդիսանան եւ հետապնդեն, որպէսզի սայթաքումներ տեղի չունենան:

– Ի՞նչ թելադրութիւններ եւ խորհուրդներ կու տաք մեզի՝ գաղութի զաւակներուն մասնաւորապէս եւ սփիւռքահայերուն՝ ընդհանրապէս:

Թելադրութիւնս պարզ է. տոկալ եւ համբերել: Չկարծէք որ կեանքը ուրիշ տեղ դրախտ է:

Սուրիան՝ իր նորագոյն պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ տագնապներէ անցաւ եւ սակայն հայութիւնը տոկաց ու մնաց կենսունակ: Մենք մօտ ենք Մայր Հայրենիքին՝ Հայաստանին, եւ կրնանք աւելի երկար տոկալ: Մինչդեռ ուրիշ գաղութներու մէջ՝ ձուլումի գործընթացը շատ աւելի արագ է:

Այս պատճառով կը թելադրեմ սփիւռքի հայերուն, որ պահեն իրենց ինքնութիւնը եւ հաւատարիմ մնան իրենց արմատներուն եւ աւանդութիւններուն:

– Գերապայծառ Տէր, այս հարցումին Ձեր պատասխանէն առաջ պիտի խնդրեմ, որ որոշ տեղեկութիւն տաք մեզի, Սուրիոյ եւ եթէ կարելի է, համայն աշխարհի Հայ Կաթողիկէ համայնքին մասին, իսկ հարցումս հետեւեալն է. Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս քսաներորդ կաթողիկոս պատրիարք Գաբրոյեանի վախճանումէն անցած է մօտաւորապէս երեք ամիս եւ տակաւին կաթողիկոսական աթոռը թափուր կը մնայ: Ինչո՞վ կը բացատրէք:

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին այսօր կը հաշուէ մօտ 700000 եօթը հարիւր հազար հաւատացեալ. 350000ը Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, 350000ը սփիւռքի ամէն կողմ սփռուած:

Թէեւ նօսրացած է Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներուն թիւը Սուրիոյ մէջ, սակայն ունինք գործօն ներկայութիւն, նկատի առնելով, որ մեր համայնքը կ’ընդգրկէ հին հալէպահայեր եւ ջարդէն ճողոպրած մարտինցիներ, որոնք արաբախօս դարձած են, սակայն կը պահեն իրենց համայնքային հայկական արմատներն ու պատկանելիութիւնը:

Երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի Կապրոյեան Կաթողիկոս Պատրիարքի վախճանումէն ետք, Նուիարապետութեանս եպիսկոպոսները՝ թիւով 14, չկրցան միասնական որոշում գոյացնել եւ ընտրել նոր կաթողիկոս պատրիարք մը, որուն ընտրութեան, ըստ օրէնքին, կը պահանջուի ունենալ ձայներու երկու երրորդը:

Յաջորդ ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 20 Սեպտեմբեր 2021-ին, Հռոմի մէջ, բարեփոխելով օրէնքը, այսինքն բաւարարուելով բացարձակ կամ նոյնիսկ ձայներու յարաբերական մեծամասնութեամբ:

Այս բացառիկ կարգադրութեամբ անպայման կ’ունենանք, Աստուած կամենայ, նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց:

– Որքան ալ հեռու գտնուինք Հայաստանէն եւ Արցախէն, հոն կատարուող եղելութիւններուն հանդէպ չենք կրնար անտարբեր մնալ: Չեմ ուզեր որ հարցումս քաղաքական բնոյթ ունենայ. բայց կ’ուզեմ գիտնալ, թէ ի՞նչ պէտք է ըլլայ սփիւրքահայուն դիրքորոշումը, ինչպէ՞ս կրնանք օգտակար դառնալ մեր հայրենիքին՝ յաղթահարելու պարտութեան պատճառած այնքան ծանր վիճակը՝ ազգային, տնտեսական եւ ընկերային առումով:

Այո՛, որպէս հալէպահայ, չենք կրնար անտարբեր մնալ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կատարուած եղելութիւններու հանդէպ: Միշտ ըսած եմ.-«Մեր ոտքերը հո՛ս, այսինքն «Սուրիոյ հողին կառչած», իսկ մեր աչքերը՝ հո՛ն, այսինքն «Սեւեռած Արարատի գագաթին»:

Հարիւր տարի անգամ մը մեր ժողովուրդը կ’ենթարկուի ցնցումի: Մեծ Եղեռնէն 100 տարի ետք, ոչ թէ մեր պատմական հողերը մեզի չդարձան, այլ կորսնցուցինք աւանդական նոր հողեր:

Կը հրաւիրեմ մեր բոլոր ղեկավարները, որ կարդան Մովսէս Խորենացիին ողբը՝ «Ողբամ զքեզ Հայոց Աշխարհ»: Մաղթանքս է, որ դաս առնենք այդ հին ու միշտ այժմէական խօսքերէն եւ տէր դառնանք մեր փոքր ու միշտ վտանգուած ՀԱՅՈՑ ԱՇԽԱՐՀԻՆ»:

Մ.Ք.– Գերապայծառ Տէր, խորին շնորհակալութիւն իրապէս շահեկան այս Հարցազրոյցին համար:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 30 Օգոստոս 2021

Մեկնաբանել