Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը Ամբողջացուց Գիւմրիի Վարժարանի Նորոգութիւնը

Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս ամբողջացուցած է Գիւմրիի աննախանձելի վիճակի մէջ գտնուող թիւ 27 վարժարանի նորոգութիւնը, որ 160,000 տոլար արժած է։

44օրեայ պատերազմէն ետք, վարժարաններու նորոգութեան վրայ աւելիով ծանրանալու որոշում տուած Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը, որ ցարդ առաւել քան 200 վարժարաններ նորոգած է, 2020-2021 տարեշրջանին 358 աշակերտ ունեցած այս դպրոցը ընտրած էր, որովետեւ հոն վերջին 29 տարիներուն կարելի չէր եղած նորոգութիւններ իրականացնել։

Յատկանշական է, որ վարժարանին նոր տնօրէնուհին՝ Կարէն Գալստեան, 44օրեայ պատերազմին մասնակցողներէն մէկը եղած է։ Ան կը յայտնէ, թէ, յոյս ունի, որ նորոգուած դպրոցին մէջ կարելի պիտի ըլլայ յաւելեալ 50 աշակերներ ընդունիլ։ Ան ուրախ է, որ աշակերտներուն թիւը արդէն իսկ 400ի հասած է։

Նշենք, որ Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին:

Մեկնաբանել