Երկրի կանչին ականջալուր

Գառնիի տաճարը նախասիրած վայրերէս մէկն է: Յաճախ կ’այցելեմ այնտեղ, երբեմն զբօսնելու համար, երբեմն հանգստանալու եւ ինչու չէ նաեւ հաղորդուելու անոր դարերէ եկող վեհութեամբ եւ խորհրդաւորութեամբ: Իբրեւ հեթանոսական տաճար, ան եզակի է Հայաստանի մէջ: Քրիստոնէութեան ընդունման ժամանակներուն, ան չէ քանդուած մնացեալ մեհեաններուն եւ տաճարներուն նման: Աւանդութեան համաձայն, Տրդատ թագաւորի քրոջ՝ Խոսրովիդուխտի նախասիրած վայրը ըլլալով, Լուսաւորիչին առաջարկած է չքանդել զայն: Կայ երկրորդ վարկած մըն ալ, որուն համաձայն, տաճարը իր ճարտարապետական ոճով հայկական չէ եւ նման է յունական Աքրոփոլիսին, հետեւաբար զերծ մնացած է քրիստոնեաներու բարկութենէն… Ի դէպ, շատ տարիներ առաջ, Թալինի գիւղերէն մէկուն մէջ տեսայ կիսաքանդ եկեղեցի մը, սենեակի մը մեծութեամբ, որուն մէջտեղը կար քարապատուած փոս մը, Գառնիի տաճարին կրակարանը յիշեցնող: Եկեղեցին կը կոչուէր Ս. Սարգիս:

Գառնիի տաճարը աւելի ուշ դարերուն երկրաշարժներու պատճառով քանդուած է: Զայն կարելի եղած է վերականգնել 1970ականներուն միայն: Այդ օրուընէ տաճարը Հայաստանի զբօսաշրջիկութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկն է:

Տպաւորիչ եւ հաղորդիչ է ան: Իր ետին կանգնած Գեղամայ լեռները յաւելեալ տպաւորութիւն եւ գեղեցկութիւն կը հաղորդեն անոր: Գառնիի տաճարը գեղեցիկ է մանաւանդ գիշերով, երբ կը վառին տարբեր պահերու տարբեր գոյներու լոյսերը, որոնց անդրադարձով հեթանոսական շքեղութիւնը երեւան կու գայ: Գիշերային այցելուները ընդհանրապէս առանց նկարուելու չեն հեռանար:

Տաճար կ’այցելեն հայ եւ օտար զբօսաշրջիկներ, յաճախ այնտեղ կը բերեն Հայաստանի տարբեր շրջաններէ տարբեր տարիքի դպրոցականներ: Բայց եւ այնպէս տաճարի ամէնօրեայ եւ ամէնէն շատ այցելուները գիւղի բնակիչներն են, որոնք ընդհանրապէս կուգան ժամանցի համար: Այնտեղ կարելի է տեսնել ծնողներու, որոնք իրենց երեխաներուն բերած եւ ազատ ձգած են տաճարի շրջափակին մէջ, կարելի է հանդիպիլ տարեցներու, որոնք երեկոյեան կուգան այնտեղ զբաղելու, կարելի է տեսնել նաեւ սիրահար զոյգերու, որոնք նստարաններուն վրայ վիպականօրէն կը զրուցեն…

Գառնին հեթանոսական տաճար ըլլալով այնտեղ կը կատարուին նաեւ հեթանոսական ծէսեր: Օգոստոս 11ին կը նշուի հայկական նոր տարին իսկ փետրուար 13ի գիշերը տէրընտեսը, եւ հեթանոսութեան հաւատացող հոծ բազմութիւն մը ներկայ կ’ըլլայ խարոյկի վառելուն եւ անոր շուրջը կատարուող ծիսակատարութիւններուն:

Տաճարին տարածքը ընդարձակ է եւ անհրաժեշտ խնամք կը տարուի անոր մաքրութեան եւ պահպանման:

Այցելութիւններէս մէկուն ընթացքին էր, նկատեցի որ մարղ մը քանի մը գառնեցի երեխաներու կը քաջալերէր բարձրանալ ծառ եւ ծիրան քաղել: Իր զաւակները գրեթէ տարեկից էին գիւղի այդ երեխաներուն, որոնք ծառ բարձրանալով ծիրան կը քաղէին ու կը նետէին այդ մարդուն: Մինչդեռ անոր երեխաները խոտերուն վրայ հանգիստ նստած, կ’ուտէին այդ քաղուող ծիրանները: Հետաքրքրուեցայ թէ ո՞վ էր այդ մարդը եւ ինչո՞ւ իր երեխաները ծառ չէին բարձրանար: Պարզուեցաւ որ տարիներ առաջ Հայաստանէն արտագաղթած եւ ներկայիս Ռուսաստան ապրող հրեայ մըն է…

Վերջին շաբաթներուն նկատառելի թիւով ռուսեր եւ մասնաւորաբար ռուսաստանաբնակ հայեր կը տեսնեմ տաճարը: Շուրջ տասը օր առաջ էր, ականատես եղայ եղելոյթի մը, որ ինծի պատճառեց ե՛ւ ուրախութիւն ե՛ւ տրտմութիւն:

Նստած էի տաճարին շրջափակը եզերող նստարաններէն մէկուն վրայ: Գրեթէ երեկոյ էր եւ շատ մարդ չկար տակաւին: Լսեցի ինքնաշարժերու ճչակներ եւ հոծ բազմութիւն մը մտաւ տաճարին շրջափակը: Անոնց հագուածքէն եւ իգական սեռին պճնուած ըլլալու իրողութենէն ակներեւ էր որ ինչ որ պաշտօնական հանդիսութենէ կուգային: Չէի սխալած: Քայլող բազմութեան ետեւէն կուգային հարսն ու փեսան: Բազմութեան խօսակցութիւններէն հասկցայ որ Ռուսաստանէն եկած են: Տարեցները եւ երիտասարդները կը խօսէին հայերէն, իսկ ինծի տխրութիւն պատճառեց այն որ մանուկները եւ պատանիները ոչ միայն իրար հետ, այլեւ մեծերուն հետ կը հաղորդակցէին ռուսերէնով: Նորահաս սերունդը հայերէն չէր գիտեր…

Պսակի արարողութիւնը Ս. Գեղարդի մէջ կատարելէ ետք, նորապսակ զոյգը եւ հարսնեւորները Գառնիի տաճար եկած էին նկարուելու: Տաճարին առջեւ խմբակային կամ անհատական բազմաթիւ նկարներ, ուրախութեան երգեր եւ աղաղակներ: Հարսանիքին մեկնարկը սկսաւ տաճարին առջեւէն:

Հարսնեւորներուն մէջ կային նաեւ ռուսեր: Անոնց հայ բարեկամները ռուսերէնով բացատրութիւններ կուտային Գառնիի տաճարի մասին:

Ողջունելի եւ ուրախալի երեւոյթ է որ հեռաւոր Ռուսաստան ապրող հայորդիներ իրենց պսակն ու հարսանիքը կը կատարեն Հայաստանի մէջ: Փոխանակ իրենց ապրած երկիրին՝ Ռուսիոյ մէջ կատարելու իրենց ամուսնական արարողակարգը, նախընտրած են այդ մէկը կատարել հայրենի հողի վրայ:

Սփիւռքի մաշեցնող, ուծացնող եւ ձուլող պայմաններուն մէջ, հայ երիտասարդներուն մէջ տակաւին կը հոսի հայկական արիւնը եւ անոնք ականջալուր են հայրենի հողի ձայնին: Անոնց այս արարքը ոչ միայն գնահատելի է, այլեւ օրինակելի պէտք է հանդիսանայ իւրաքանչիւր հայու, որ իր ընտանեկան բոյնը հիմնէ հայրենիքին մէջ, եւ ինչու ոչ հեռակայ նպատակ դնէ իր առջեւ վերջնականապէս Հայաստան հաստատուիլ, ապրիլ, արարել եւ ստեղծագործել: