Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը Սիւնիքը Եւ Քալիֆորնիան քոյր նահանգներ կը հռչակէ

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը 3 Սեպտեմբերին վաւերացուցած է բանաձեւ մը, որուն նպատակն է Հայաստանի Սիւնիքի մարզին եւ Քալիֆորնիա նահանգին միջեւ քոյր նահանգներու յարաբերութիւններ հաստատել։

Նահանգային խորհրդարանի անդամ Քրիս Հոլտընի ներկայացուցած թիւ 105 բանաձեւը նաեւ Քալիֆորնիոյ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Սիւնիքին եւ կը խոստանայ քաջալերել եւ դիւրացնել կրթական, տնտեսական եւ մշակութային միացեալ ծրագիրներ:

Նշենք, որ բանաձեւին հեղինակն է Հոլտընի պաշտօնակից Ատրին Նազարեան, իսկ համահեղինակներն են՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Լիսա Քալտերոն, Լօրա Ֆրիտմըն, Ճես Կապրիէլ, Քրիսթինա Կարսիա, Մայք Կիփսըն, Թամ Լեքի, Քեվըն Մալին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Պապ Արչուլեթա, Անտրէաս Պորկաս, Մարիա էլենա Տուրազօ եւ Էնթընի Փորթանթինօ:

Մեկնաբանել