Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրէն University of Michigan-ի Տիրպորնի մասնաճիւղի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար, պատմութեան դասախօս դոկտ. Արա Սանճեան անդրադարձաւ սփիւռքի մէջ հայոց պատմութեան դասաւանդման ծրագիրներու մէջ ներգրաւուած աշակերտներու եւ ուսանողներու թիւը փոքր ըլլալու փաստին։ Ան յայտնեց նաեւ իր կարծիքը, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի պատմաբաններու կողմէ սփիւռքի վերջին շրջանի պատմութիւնը ոչ բաւարար խորութեամբ ուսումնասիրուած է եւ այս ոլորտի մէջ դրական տեղաշարժ չերեւիր։
Դոկտ. Սանճեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ կրթութեան բարեփոխման կառավարական նախաձեռնութեան՝ պատմութեան վերաբերող բաժնին։
«Տրոփ» ծրագիրը կը վարէ Աբօ Պողիկեան։