«Ակօս» կը տեղեկացնէ, թէ Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին կամ ժողովուրդի սիրած կոչումով «Թաշխորան»-ը, որ երկար տարիներ անտէր մնալէ ետք վերանորոգուած էր տեղւոյն պետական եւ շրջանային վարչութիւններու միջոցներով, 28-29 օգոստոսին հանդիսութիւններով իր դռները բացած է ուխտաւոր հաւատացեալներու։
28 օգոստոսին, նախագահութեամբ՝ Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. պատրիարքին, կատարուած է նորոգեալ եկեղեցւոյ պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, ապա նաւակատիքի եւ օծման արարողութիւնը։ Իսկ 29 օգոստոսին, կատարուած է նորօծ եկեղեցւոյ անդրանիկ պատարագը։
Այս առիթով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի տարածած տեղեկատւութեան համաձայն, Սահակ Բ. եկեղեցւոյ կարգավիճակին մասին տեղեկութիւններ փոխանցած է իր կատարած քարոզին ընթացքին, յատկապէս ըսելով, թէ եկեղեցին ունի մշակոյթի կեդրոնի կարգավիճակ, սակայն այնտեղ կարելի պիտի ըլլայ նաեւ Մալաթիոյ ժողովուրդին հոգեւոր կարիքներուն համաձայն արարողութիւն կատարել։
Մէկ խօսքով, անգամ մը եւս Թուրքիոյ մէջ հայ համայնքին պատկանող եկեղեցիէ մը խլուած է «եկեղեցի»-ի իր կարգավիճակը։
«Նոր Մարմարա» կը հաղորդէ, որ այս հարցին անդրադարձած է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան, վերջերս Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հարցումներ ուղղելով Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարար Մէհմէտ Նուրի Էրսոյին։ Ան մասնաւորապէս պահանջած է, որ նախարարը պատասխանէ հետեւեալ հարցումներուն.
«1. Մալաթիոյ եկեղեցին ինչո՞ւ «եկեղեցի» չ՛անուանուիր եւ ինչո՞ւ ցուցապաստառին վրայ որեւէ գրառում չկայ այդ մասին։ Գրուած է միայն «Թաշխորան մշակոյթի կեդրոն»։
2. Ինչու՞ կառոյցը չվերականգնեցիք որպէս եկեղեցի։
3. Ինչու՞ հայ համայնքին պատկանող կալուածը չվերադարձուցիք հայ համայնքին։
4. Մշակութային ի՞նչ գործունէութիւն կը նախատեսէք իրականացնել եղեղեցւոյս մէջ։
5. Առանց խաչի եկեղեցի գոյութիւն չունի։ Ինչո՞ւ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ խաչ չզետեղեցիք։
6. Արդեօք Հայ հայրենակիցները ձեր արտօնութի՞ւնը պիտի խնդրեն այն ծէսերուն ու աղօթքներուն համար, զորս պիտի կատարեն իրենց սեփական եկեղեցիներուն մէջ»։
Եկեղեցւոյ կարգավիճակի հարցը կը մնայ խնդրահարոյց եւ ցաւոտ, սակայն լաւատեսական կողմ մըն ալ ունի Մալաթիոյ նորոգեալ եկեղեցւոյ բացումը, թէկուզ՝ որպէս մշակոյթի կեդրոն։ Այդ մէկը լաւապէս ներկայացուած է «Ակօս»-ի լրատւութեան մէջ, ուր վերջին բաժնին մէջ գրուած է. «Այս հանգրուանին խակ երազ մը չէ ակնկալել թէ ինչպէս նշուած է (Պատրիարքի) քարոզին մէջ եկեղեցին իր հետ բերէ նաեւ կորսուած որդիները։ Այս ակնկալութիւնը կ՛ունենանք նկատի ունենալով Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ օրինակը, ուր վերանորոգութենէ ետք մագնիսական ազդեցութիւն մը ունեցած էր տեղւոյն ուծացած հայութեան համար։»