Մեծարանքի երեկոյթ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի փարիզեան կեդրոնին մէջ ՝ Հանրի Վերնէօյի յիշատակին

Շարժանկարի ֆրանսահայ աշխարհահռչակ բեմադիր Հանրի Վերնէօյի (Աշոտ Մալաքեան) ծննդեան 100-ամեակին առիթով՝ ԻՒՆԷՍՔՕ Փարիզի իր կեդրոնին մէջ, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29-ին մեծարանքի երեկոյթ մը կը կազմակերպէ անոր յիշատակին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Նոր Յառաջ»։

Յայտագիրը կը բաղկանայ մեծարեալին ֆիլմերուն երաժշտութեանց ծաղկաքաղէն, զոր պիտի ներկայացնէ «Փաստըլու» սեմֆոնիք նուագախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Ժան-Գլօտ Փըթիի։

Մեկնաբանել