Արտակ Բեգլարեան՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան տարեժողովի պատգամաբեր

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան 23 հոկտեմբերին, Ֆրէզնոյին մէջ, պատուոյ հիւրը եւ պատգամաբերը պիտի ըլլայ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 102-րդ տարեժողովի ճաշկերոյթին։

«Ես անհամբեր եմ լսելու մեր Արցախի պետական նախարարէն երկրի ներկայ վիճակին մասին, եւ թէ ինչպէս մեր հայրենակիցները կը դիմագրաւեն ներկայ կացութիւնը », այս առիթով ըսաւ այս տարուան ճաշկերոյթին հանդիսավար, Աւետարանչականի վարչական խորհուրդի անդամ, National Raisin Company-ի նախագահ ԼինտաՔէյ Ապտուլեան։

Ճաշկերոյթի պատուոյ հիւրը՝ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը 1990-ական թուականներուն յաճախած է Աւետարանչականի ամառնային ճամբարը Արցախի մէջ։

Ճամբարը, ուր Բեգլարեան յաճախած է իր մանկութեան տարիներուն, կը գտնուէր Ստեփանակերտի մօտ, ապա 2003-ին տեղափոխուած է Շուշի եւ հովանաւորուած Պետրոսեան ընտանիքին կողմէ։ 2016-ի եւ 2020-ի ազրպէյճանական յարձակումներու ընթացքին ճամբարին մէջ պատսպարուած էին սահմանային շրջաններէ ընտանիքներ։

Մեկնաբանել