Հայերէնը Հայաստանի Մէջ

Ժողովուրդներու ինքնռւրոյնութեան գլխաւոր ազդակը մշակութային առանձնայատկութիւնն է, որ զայն կը զատորոշէ մնացեալէն: Մշակոյթը ժողովուրդի մը անցագիրն է, որով ան կը ներկայանայ համայն մարդկութեան ընտանիքին, իսկ մշակոյթին հիմքը լեզուն է, առանց լեզուի չկայ մշակոյթ:

Պատմութեան ընթացքին բոլոր ժողովուրդներն ալ պայքարած են իրենց մշակութային ինքնուրոյնութեան՝ այսինքն լեզուի պահպանման համար, որուն գրաւականը անկախ պետութիւն ունենալն է, որ կը նպաստէ այդ լեզուին ու անկէ ծնունդ առած մշակոյթին պահպանման եւ տարածման:

Նոյնն է նաեւ պարագան մեր ժողովուրդին: Մեր պատմութեան ընթացքին, երբ ունեցած ենք անկախ պետականութիւն, լեզուն եւ բնականաբար մշակոյթը վերելք ապրած են: Իսկ պետականութեան կորուստին հետ, մեր ժողովուրդը բնազդաբար կամ ենթագիտակցաբար ամուր փարած է լեզուին եւ ամէն գնով պահպանած է այն: Եւ մեր լեզուին կարեւորութեան գիտակցած եւ անդրադարձած են նորագոյն զարթօնքի ներկայացուցիչներէն՝ Խաչատուր Աբովեանէն, Միքայէլ Նալպանտեանէն մինչեւ Վահան Թէքէեան, Մուշեղ Իշխան, Շաւարշ Նարդունի, Վազգէն Շուշանեան, Եղիշէ Չարենց եւայլն: Անոնք ոչ միայն խօսած են հայերէնի պահպանման անհրաժեշտութեան մասին, այլեւ զայն գովերգող բանաստեղծութիւններ գրած են:

Հասկնալի էր որ սփիւռքի մաշեցնող պայմաններուն տակ հայերէնը եւ անորմէ ծնունդ առնող մշակոյթը նահանջ պիտի ապրէին: Օտար երկիրներու մէջ, առանց պետական նեցուկ ունենալու լեզուն պահելը գերմարդկային ճիգեր կը պահանջէ: Հասկնալի է որ ժամանակի ընթացքին հայերէնախօսութիւնը պիտի նուազէր եւ մշակութային անկում պիտի արձանագրուէր:

Հասկնալի է որ Խորհրդային Միութեան լուծին տակ գտնուող Հայաստանի մէջ եւս հայերէնը պիտի նահանջէր: Կայսրութիւն մը, որուն պաշտօնական լեզուն ռուսերէնն էր եւ բարձր պաշտօններու համար ռուսախօսութիւնը կը քաջալերուէր: Բնականաբար նմանօրինակ արհեստածին պայմանները պատճառ էին որ հայերէնի անաղարտ պահպանումն ու բնականոն զարգացումը արգելակուէին:

Բայց հասկնալի չէ որ անկախութեան տիրանալէ երեսուն տարի ետք հայերէնը եւ հայերէնախoսութիւնը այսքան մռայլ պատկերով ներկայանան մեզի:

Եթէ քիչ մը ուշադրութեամբ հետեւինք միմիայն հեռատեսիլի կայաններէն սփռուող լուրերուն եւ հայկական արտադրութեամբ ֆիլմաշարերուն կամ թէկուզ օտար ժապաւէններու թարգմանութիւններուն, պարզ կը դառնայ թէ հայերէնը որքան աղքատացած եւ աղաւաղուած է նոյնինքն Հայաստանի մէջ: Առաջին եւ անընդունելի երեւոյթը որ կարելի է նկատել, ռուսերէն բառերու անհամեմատ ներկայութիւնն է այդ խօսակցութիւններուն կամ սփռումներուն մէջ: Ապա խօսակցութեան ընթացքին բառերու սխալ գործածութիւնն ու սխալ հնչելու երեւոյթը համատարած է: Այս սփռումներուն կը հետեւին միլիոնաւորներ եւ հեռատեսիլը ամէն բանէ առաջ դաստիարակիչ դեր պէտք է ունենայ:

Առիթով մը հանրախանութի մը մէջ ակամայ ունկնդիր դարձայ երկու երիտասարդներու խօսակցութեան: Կը մէջբերեմ պարբերութիւն մը այդ խօսակցութենէն.

– Խօսացի Լէովայի հետ, (ճիշդ արեւելահայերէնը՝ խօսեցի), մենակով գնացել ա բաժին (ճիշդը՝ մենակ գնացել է), նախագան տեղում չի եղել, (ճիշդը՝ նախագահը);

Այսօրինակ եւ երբեմն շատ աւելի գէշ եւ գլխապտոյտ պատճառող հայերէնի խօսակցութիւններու կարելի է հանդիպիլ ամէն վայրկեան եւ ամէն տեղ: Եւ մարդիկ ոչ մէկ նախաձեռնութեան կը դիմեն այդ սխալները սրբագրելու եւ աւելին, յաճախ կը պնդեն իրենց սխալին վրայ իբրեւ ճիշդը:

Այս բոլորին ականջալուր ըլլալէ ետք ակամայ կը ստիպուիս մտածել Հայաստանի դպրոցներու հայերէնի դասաւանդման, անոր մատուցման մակարդակին, դասաւանդողի դերակատարութեան, ծնողներու վերաբերմունքին մասին եւ նման հազար ու մէկ հարցեր կը ծագին միտքիդ մէջ:

Լեզուի տեսչութիւնը պարբերաբար լեզուական սրբագրումներ կամ օտար բառերու հայերէն թարգմանութիւններ կը հրապարակէ: Այդ աշխատանքը գնահատելի է, բայց բաւարար չէ:

Մեր ժողովուրդի ենթագիտակցութեան մէջ պէտք է ամրագրել որ մեր լեզուն գերագոյն արժէք է մեզի համար: Իսկ պետական մակարդակի վրայ մեծ աշխատանք կայ կատարելիք:

Առաջին հերթին վերանայիլ հայերէնի դասաւանդման դրութիւնը: Այստեղ ամէնէն մեծ դերը ունին դասատուները, որոնք պարտաւոր են անաղարտ հայերէնախօսութիւն սորվեցնել եւ քաջալերել:

Բոլոր պետական պաշտօնեաներուն, դերասաններուն, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի հաղորդավարներուն, գրաւոր թէ համացանցային թերթերու եւ լրատուամիջոցներու խմբագիրներուն եւ յօդուածագիրներուն, այլ խօսքով հասարակութեան հասանելի եւ անոր առօրեային մաս կազմող բոլորին ուղղակի եւ անուղղակիօրէն պարտադրել հայերէնի անաղարտ գործածութիւն

Պետութիւնը պարտաւոր է իր բոլոր լծակները օգտագործել հայերէնի ճիշդ օգտագործման համար: Անաղարտ հայերէն լեզուի շնորհիւ միայն կարելի կ’ըլլայ ստեղծել հայկականութիւն բուրող ինքնուրոյն մշակոյթ, անոր շնորհիւ հայ մարդը կը սկսի մտածել հայօրէն, իբրեւ մասնիկը հայկական անկախ պետականութիւն ունեցող ժողովուրդի մը, եւ հայօրէն մտածելով եւ ստեղծագործելով կրնայ նպաստել այդ պետութեան իսկական դիմագիծին հզօրացման եւ պահպանման:

Ժողովուրդներու գոյատեւման պայքարին եւ յարատեւման մէջ ամէնէն մեծ դերը ունի լեզուն, որուն վրայ կը կառուցուի տուեալ ժողովուրդի հոգեմտաւոր աշխարհը:

Դժբախտաբար անկախութեան երեսուն տարիներուն այս իմաստով շատ քիչ բան եղած է, եւ հայ մարդը տակաւին չէ վերադարձած իր բնական հոգեկերտուածքին:

Մեր ժողովուրդը անաղարտ հայերէնով պէտք է սիրէ իր հայրենիքը, անաղարտ հայերէնով պէտք է գովաբանէ կամ քննադատէ իր իշխանութիւնները, անաղարտ հայերէնով պէտք է ստեղծագործէ…

Եւ այս բոլորը առանց բարդոյթներու որպէսզի մեր ինքնութիւնը դառնայ մեր հզօրութեան գրաւականը:

Հաւանաբար այս իրականութեան ճշգրիտ բնորոշումը կուտայ անկրկնելի հայ գրող՝ Յակոբ Օշական, իր հետեւեալ մտածումով. «Ու մեր լեզուն, աշխարհիկ լեզուն, անդրանիկ կայծն է մեր ազատագրութեան:»

Մեկնաբանել