Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ ինք կը սահմանէ իր հայկական ինքնութիւնը

Սփիւռքի հանրային կարծիքը ուսումնասիրելու որդեգրուած բանաձեւը կը գոհացնէ գիտական նախապայմանները, Սիվիլնեթի «Տրոփ» հաղորդումէն կը հաւաստիացնէ Լոնտոնի Օքսֆորտ համալսարանի արեւելագիտութեան բաժնի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան, որ երեք տարիէ ի վեր կը ղեկավարէ սփիւռքի հետազօտական ծրագիրը։

Չիլինկիրեան անդրադարձաւ սփիւռքահայու ինքնութեան հարցերուն՝ աւելի լայն շրջագիծի մէջ տեղաւորելով քննարկումն ու սահմանումը։

«Հայաստանը այսօր ապրող, կարեւոր իրականութիւն մըն է եւ կարեւոր աղբիւր է հայ ինքնութեան կենսունակ պահելու գործընթացին մէջ», կը հաստատէ Չիլինկիրեան։

Զրոյցը վարեց Աբօ Պողիկեան։

Մեկնաբանել