Չունեցանք ԻՐԱԿԱՆ պետութեան մը գործող հաստատութիւններ. Դոկտ. Ստեփան Ասդուրեան

Հայաստանի հարստութիւնը Սփիւռքն էր, հսկայ Սփիւռքը իր մեծ կարողականութեամբ, որ վատնուեցաւ բոլոր ղեկավարներուն կողմէ, անկախութեան առաջին օրերէն իսկ։

Պետական հաստատութիւնները, նախարարութիւնները կայացման խնդրի առջեւ են։ Ունեցանք ձեւական Ժողովրդավարութիւն, թուղթի վրայ մնացած սահմանադրութեամբ։ Պըրքլի համալսարանի պատմութեան ամպիոնի Հայկական ուսմանց վարիչ դոկտ. Ստեփան Ասդուրեան Սիվիլնեթի «Տրոփ»էն Աբօ Պողիկեանի հետ զրոյցի ընթացքին ներկայացուց հեռուէն հետեւող «դէտ»ի իր գնահատումները։