Հրանդ Տինքի անուան 13-րդ մրցանակ

Հրանդ Տին­­քի անո­­ւան մրցա­­նակ­­նե­­­րը այս տա­­րի ալ 15 Սեպ­­տեմբեր չո­­րեք­­շաբթի երե­­կոյ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած առ­­ցանց հան­­դէ­­­սով մը յանձնո­­ւեցաւ դափ­­նե­­­կիր­­նե­­­րուն։ Այս տա­­րի Թուրքիայէն մրցա­­նակի ար­­ժա­­­նի հա­­մարո­­ւեցաւ իրա­­ւապաշտպան Ճա­­նան Արըն։ Ան 1980-ական տա­­րեթի­­ւերէն այս կողմ անվճար կեր­­պով կը ստանձնէ անի­­րաւո­­ւած կա­­նանց իրա­­ւապաշտպա­­նու­­թիւնը։ Հիմ­­նա­­­դիր­­նե­­­րէն եղած է «Մա­­նիշա­­կագոյն Տա­­նիք» նա­­խաձեռ­­նութեան, որ ապաս­­տան կը հան­­դի­­­սանայ անօ­­թեւան մնա­­ցած կա­­նանց։ Ան­­ցեալին դա­­տուե­­ցաւ կան­­խա­­­հաս ամուսնու­­թիւննե­­րու նիւ­­թով բա­­նախօ­­սու­­թեան մը ըն­­թացքին Մու­­համմէտ մար­­գա­­­րէի ամուսնու­­թիւննե­­րը օրի­­նակ տա­­լուն հա­­մար։

Ճա­­նան Արըն մրցա­­նակ ստա­­նալէ ետք ու­­նե­­­ցած ելոյ­­թին մէջ օրի­­նակ­­ներ թո­­ւեց երկրի բռնու­­թեան աւան­­դութե­­նէն։ «Քա­­ղաքա­­կան բնոյ­­թով ոճիր­­նե­­­րը բա­­ցառո­­ւած չեն ոչ մէկ երկրի մէջ։ Բայց ան­­պատժե­­լիու­­թեան երե­­ւոյ­­թը մեր երկրին յա­­տուկ է»։

Ան իր ելոյ­­թը աւար­­տեց ող­­ջունե­­լով Հրանդ Տին­­քի տա­­րեդար­­ձը։ «Խօս­­քերս կ՚աւար­­տեմ քեզ­­մէ մէջ­­քե­­­րու­­մով մը – մեռ­­նի­­­լը նշա­­նակու­­թիւն չու­­նի, կա­­րեւոր եղա­­ծը մին­­չեւ մա­­հուան պա­­հը ոտ­­քի մնալն է- ծնունդդ շնոր­­հա­­­ւոր»։

Այս տա­­րի մի­­ջազ­­գա­­­յին մրցա­­նակի դափ­­նե­­­կիրն է Փի­­լիպեան կղզի­­ներէն լրագ­­րող Մա­­րիա Ռես­­սա։ Ան ու­­սա­­­նեցաւ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու մէջ եւ 1986-ին բռնա­­պետ Մար­­կո­­­սի գա­­հըն­­կէց ըլ­­լա­­­լէն ետք վե­­րադար­­ձաւ ծննդա­­վայր։ 18 տա­­րիներ իբ­­րեւ թղթա­­կից աշ­­խա­­­տակ­­ցե­­­ցաւ CNN-ին։ Ան եւս իր հե­­տապնդած նիւ­­թե­­­րուն պատ­­ճա­­­ռաւ են­­թարկո­­ւեցաւ զա­­նազան ճնշումնե­­րու։ Մա­­րիա Ռես­­սա եւս հա­­կիրճ ելոյթ մը ու­­նե­­­ցաւ, ուր անդրա­­դար­­ձաւ ըն­­կե­­­րային ցան­­ցե­­­րու մէջ ար­­տադրո­­ւած զրպար­­տութիւննե­­րուն։ «Առ­­ցանց բռնու­­թիւնը իրա­­կան կեան­­քի մէջ բռնու­­թեան պատ­­ճառ կը դառ­­նայ» հաս­­տա­­­տու­­մով աւար­­տեց իր ելոյթը։

Մեկնաբանել