Համայնապատկեր Պոլսահայութեան դպրոցական կեանքի

Պոլ­սա­հայ գրա­ւոր մա­մու­լի աւան­դութիւննե­րէն է դպրո­ցական վե­րամու­տին հրա­պարա­կել եր­կու ցու­ցակ։ Առա­ջինը կը վե­րաբե­րի հա­մալ­սա­րան­նե­րու մտից քննու­թեան ըն­թացքին հայ վար­ժա­րան­նե­րէ շրջա­նաւարտնե­րու ապա­հոված ար­դիւնքնե­րը։ Իսկ երկրորդ ցու­ցա­կը կը պար­զէ հա­մայնքա­յին 17 վար­ժա­րան­նե­րու ու­սա­նող­նե­րու թի­ւերը։ Եր­կու ցու­ցակներն ալ իրենց կար­գին ու­նին դրա­կան եւ բա­ցասա­կան մեկ­նա­բանու­թիւննե­րուն գե­տին պատ­րաստող տո­ւեալ­ներ։

Կ՚ար­ժէ խոս­տո­վանիլ թէ կա­րեւոր ԲՈՒՀ-եր ար­ձա­նագ­րո­ւելու իրա­ւունք ստա­ցած աշա­կերտնե­րը ընդհան­րա­պէս քիչ են մեր հա­մայնքէ ներս։ Շրջա­նաւարտնե­րու կա­րեւոր մէկ մա­սը կը հար­կադրո­ւին վճա­րովի յա­տուկ հա­մալ­սա­րան­ներ յա­ճախե­լու։ Իսկ աւե­լի նո­ւազ մէկ մասն ալ կը հար­կադրո­ւին առ­ցանց դրու­թիւնով դա­սաւան­դող եւ ընդհա­նուր առ­մամբ «Բաց Հա­մալ­սա­րան» կո­չուող ԲՈՒՀ-եր։

Հա­յակա­կան դպրոց­ներ յա­ճախող աշա­կերտնե­րու թի­ւը այս տա­րի ալ զգա­լի յա­ւելում մը չէ ար­ձա­նագ­րած եւ մնա­ցած է 2964-ի սահ­մա­նին մէջ։

Մեկնաբանել