Ամբողջականօրէն Հայաստանցի դարձած Սփիւռքահայ Սոնիա Թաշճեան

Սոնիան Սիվիլնեթի «Հայասք»էն ներկայացուց հայաստանեան իրականութեան մերուելու, բոլոր իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով այս երկրի քաղաքացի դառնալու, դժուարութիւններու, զոհողութիւններու, իմաստալից աշխատանքի՝ հայկական խոհանոցային մշակոյթի ճանաչման ու պրպտումներու իր տարեգրութիւնը։

«Արեւելեահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի կրողն եմ եւ հպարտ եմ ատոր համար», ըսաւ Սոնիան եւ հակառակ հաղորդավար Աբօ Պողիկեանի զրոյցը արեւմտահայերէնով յառաջ տանելու փորձերուն, ինք խօսեցաւ արեւելահայերէն, որ ի միջ այլոց ունէր արեւմտահայ երանգներ։

Մեկնաբանել