Թռիչքային զարգացում ապահովել Հայաստանի կրթական եւ գիտական ոլորտներուն. զրոյց Յակոբ Փանոսեանի հետ

«ԱՐՓԱ»-ի հիմնադիր-նախագահ Յակոբ Փանոսեան «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ զրուցեց իր ղեկավարած հիմնարկի վերջին նախաձեռնութիւններուն մասին։ Այս առիթով ան, յատկապէս նկատի ունենալով Հայաստանի ներկայ իրավիճակէն բխած անհրաժեշտութիւնները, շեշտեց երկրի կրթական եւ գիտական ոլորտներուն մէջ արմատական փոփոխութիւններու հրամայականը։