Մշակոյթը ոչ կրօնք, ոչ կուսակցութիւն, ոչ քաղաքականութիւն կը ճանչնայ

Արուեստաբան Մովսէս Հերկելեան «Տրոփ» հաղորդումէն խօսեցաւ Սփիւռքի մէջ մշակութային իրականութեան երկփեղկուածութեան, քաղաքականացման, կուսակցականացման երեւոյթներու մասին։

Սփիւռքի մէջ կուռ մշակոյթ չունինք, որ կրնայ համախմբման, միասնականութեան խորհրդանիշ դառնալ, ըսաւ Հերկելեան։

«Մեր դժբախտութիւնը այն է, որ ըլլայ հայրենիքի, թէ Սփիւռքի մէջ մեր ունեցած արուեստի որակին եւ քանակին համեմատ արուեստաբան չունինք», ըսաւ Noah’s Ark gallery-ի սեփականատէր Հերկելեան։

Մեկնաբանել