Հայաստանի մէջ պատկերը մօտ՝ ափրիկեան երկիրներու վիճակին

կորոնավիրուս - covid19

Արդէն երկու տարի է աշխարհը կլանուած է քորոնա ժահրի տագնապով: Առաջին օրէն իսկ բժշկութիւնը անզօրութիւն ցոյց տուաւ այս վարակին դէմ: Տարբեր բժիշկներ տարբեր բացատրութիւններ տուին: Նոյնիսկ վարակին ծնունդին շուրջ հակասական տեղեկութիւններ տարածուեցան եւ պետութիւններ սկսան իրար ամբաստանել: Այս թոհուբոհին մէջ վարակը անկասելիօրէն եւ շատ արագ կերպով տարածուեցաւ բոլոր երկիրներուն մէջ: Բժիշկները մէկ կէտի շուրջ համակարծիք էին որ վարակը շատ արագ փոխանցիկ է եւ անոր դէմ պայքարիլը ժամանակ պիտի խլէ:

Ամէնէն զարգացած երկիրներէն մինչեւ ամէնէն թերաճները յայտնուեցան նոյն կացութեան մէջ: Համարեայ բոլոր երկիրներու կառավարութիւնները ստիպուեցան ամէնախիսռ կերպով արտակարգ դրութիւն որդեգրել: Այս կացութիւնը պատճառ դարձաւ որ շատ երկիրներ, մասնաւորաբար աղքատ եւ թերզարգացած, տնտեսական ճգնաժամի մէջ յայտնուին եւ պետական պիւտճէին վրայ նոր պարտքեր կուտակուին:

Վարակին տարածման առաջքը առնելու եւ անոր տարածման դէմ պայքարելու համար դիմակ կրելու, ընկերային հեռաւորութիւն պահելու պարտադրանքը քարոզուեցաւ, երկու տարեշրջան դպրոցական թէ համալսարաններու դասաւանդութիւնները կատարուեցան առցանց, ուրախ եւ տխուր առիթներու հաւաքները արգիլուեցան, այլ խօսքով ընկերային կեանքը գրեթէ անդամալուծուեցաւ:

Դժբախտաբար, ինչպէս ամէն ինչ, այս վարակը եւս մեծ պետութիւններուն կողմէ քաղաքական շահարկումի գործիք դարձաւ:

Հայաստանը նոյնպէս ենթարկուեցաւ քորոնա ժահրի գործած աւերին: 2020 թուականի գարնան, Հայաստանի կառավարութիւնը ստիպուեցաւ երկու ամսով ամբողջական արտակարգ դրութիւն յայտարարել, ինչ որ կարգ մը տնտեսագէտներու համաձայն շուրջ երկու միլիառ տոլարի վնաս պատճառեց երկիրին:

Բարեբախտաբար, վարակի դէմ պատուաստի որոնման աշխատանքները աննախընթաց կարճ ժամանակամիջոցի մէջ՝ շուրջ մէկ տարի առաջ արդիւնաւորուեցան: Բնականաբար այս իրագործումը գիտութեան-բժշկութեան զարգացման շնորհիւ է:

Պէտք է արձանագրել այստեղ որ բժիշկները միակարծիք չեն պատուաստումի հետ կապուած շարք մը հարցադրումներու:

Մեծ եւ զարգացած երկիրները լծուեցան իրենց արտադրանքը սպառելու արշաւին, եւ այս մրցավազքին միացան քաղաքական հակադրութիւնները եւ այս կամ այն պատուաստի պիտանելիութեան հարցը: Բայց եւ այնպէս, թէ պետութիւններու որդեգրած միջոցները եւ թէ պատուաստի տարածումը պատճառ դարձան որ վարակը նահանջ արձանագրէ եւ կեանքը հետզհետէ վերադառնայ բնականոնութեան:

Դժբախտաբար այդպէս չէ պարագան Հայաստանի մէջ: Ճիշդ է որ առժամանակ քորոնայի վարակակիրներու թիւի անկում արձանագրուեցաւ, սակայն վերջին օրերուն թէ վարակուողներու եւ թէ մահացողներու թիւերու մտահոգիչ մագլցում կայ: Հայաստանի կառավարութիւնը բազմիցս յայտարարութիւններ կատարած է պատուաստումի անհրաժեշտութեան համար, սակայն ցաւ ի սիրտ, ժողովուրդը անտարբեր է, սնահաւատ եւ կասկածամիտ: Ժողովրդային լայն խաւ մը իրազեկուած չէ պատուաստի կարեւորութեան: Անոնց մէջ կայ այն վարկածը, որ եթէ պատուաստուի, ուրեմն չի վարակուիր: Այս փաստը լաւապէս կը շահագործուի պատուաստումի դէմ հակաքարոզչութիւն կատարողներուն կողմէ: Պատուաստուիլ չի նշանակեր չվարակուիլ, պարզապէս մահացութեան վտանգն է որ կարելի է շրջանցել:

Խօսինք թիւերու լեզուով: Արեւմտեան Եւրոպայի շուրջ 70 առ հարիւրը պատուաստուած է, Քանատա՝ 71 առ հարիւր, Ծոցի երկիրներ՝ շուրջ 60 առ հարիւր, ափրիկեան երկիրներ՝ շուրջ 0.5 առ հարիւր, Ռուսիա՝ 34 առ հարիւր, Թուրքիա՝ 64 առ հարիւր, Ատրպէյճան՝ 47 առ հարիւր, Իրան՝ 43 առ հարիւր, Վրաստան՝ 27 առ հարիւր իսկ Հայաստան՝ 4.9 առ հարիւր: Այլ խօսքով, Հայաստանը պատուաստման իմաստով աւելի մօտ է ափրիկեան երկիրներուն եւ այս մէկը ժխտական ցուցանիշ է:

Հայաստանի կառավարութեան ի գործ դրած ճիգերուն դիմաց, հսկայական հակաքարոզչութիւն կայ պատուաստումի դէմ: Անտեղի եւ անտրամաբանական հարցադրումներ, անհասկնալի անհիմն, անըմբռնելի երբեմն նոյնիսկ ծիծաղելի բացատրութիւններ: Քանի մը օր առաջ, օրինակ, հասարակական գործիչ մը յայտարարած էր թէ պատուաստումը կ’ազդէ համասեռամոլութեան վրայ: Չար լեզուներ կ’ըսեն թէ եղած հակաքարոզչութիւնը քաղաքական նպատակներով կը կատարուի: Մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է անցեալ տարի ԱՄՆի նախագահական ընտրութիւններու պատկերը, ուր ամէնէն շատ չարչրկուող նիւթը քորոնա ժահրն էր: Բարոյական չէ մարդոց առողջութեան եւ կեանքիհ գնով քաղաքական շահեր հետապնդել: Ի վերջոյ պէտք է հասկնանք որ այս վարակի սրացումով պիտի տուժեն մեր հայրենակիցները եւ մեր երկիրն ու պետութիւնը:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը պարտի բացատրողական-քարոզչական աշխատանքի լծուիլ, հեռատեսիլով, մամուլով եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով:

Վերջին օրերու մտահոգիչ թիւերը պէտք է թելադրեն Հայաստանի կառավարութեան որոշակի խստութիւն բանեցնել: Ժամանակի մը համար պարտադիր դարձնել դիմակ կրելը, արգիլել ուրախ կամ տխուր առիթներու հաւաքները, եւ ամէնէն կարեւորներէն մէկը հանրային երթուղայիններու ուշադրութիւն դարձնել, որոնք իրենց ներկայ վիճակով, ինչպէս հայաստանցիք կ’ըսեն, վարակի բոյն են:

Այս բոլոր կանխազգուշացման քայլերը որդեգրելը եւ անոնց գործադրութեան հսկելը պէտք է դառնայ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը: Միաժամանակ անուղղակիօրէն պարտադիր դարձնել պատուաստումը, առանց նիւթական տոյժեր սահմանելու, որոնք կրնան քաղաքական շահարկման վերածուիլ, եւ հայ մարդու առողջութեան հարցը տեղափոխել այլ հարթակ:

Առիթով մը յարգելի ընկեր մը տրամաբանական եւ դիպուկ պատասխան տուաւ պատուաստումին հետ կապուած:

– Վարակակիրներուն մահացութեան համեմատութիւնը 2 առ հարիւր է, իսկ պատուաստուողներուն մահացութեան համեմատութիւնը միլիոնէն մէկ է: Ո՞րն է նախընտրելին:

Պատուաստոիլը բոլորիս ազգային, քաղաքացիական պարտականութիւնն է եւ անհրաժեշտ է որ առանց աւելորդ բարդոյթներու, վախերու եւ նախապաշարումներու պատուաստուինք:

Մեկնաբանել