Հալէպ․ Թագաւորը մերկ է

Որքա՜ն կը սպասէինք այս օրուան, որքա՜ն կը սպասէինք Հալէպ Երեւան օդային գիծի վերսկսման: Եկաւ այդ օրը ու մեր աչքերը արցունքով լեցուեցան:

Երեւան-Հալէպ օդանաւի գիծին վերաբացուիլը մեծապէս օգնեց, որ բազմաթիւ նախկին հալէպահայեր այցելեն իրենց ծննդավայրը եւ իրենց մէջ տարիներու կարօտի պատճառած թախիծը մասամբ փարատեն:

Այս այցելուներէն շատերու, նոյնիսկ անծանօթներու հետ հանդիպումներ ունեցայ:

Ոմանց աչքերը կ’արցունքոտէին երբ կը պատմէին, թէ օդակայան հասնելնուն պէս ինչպէս սկսեր են լալ, ոմանք երբ իրենց տուն հասնելով լալու սկսեր էին, քիչեր յաջողեր էին իրենց լացը զսպել մինչեւ Քառասուն Մանկանց Մայր եկեղեցի երթալնին:

Որքա՜ն զգացական մարդիկ են այս հալէպցիները, այս հալէպահայերը, այս հայերը…

Եթէ լալու պատճառ չունենանք իսկ, բոլորս ալ լացակումած կը դառնանք երբ յիշենք ինչ-ինչ պատճառներով լացած ըլլալնիս՝ լացեր ենք Հալէպին համար, լացեր ենք Հայաստանին եւ Արցախին համար, լացեր ենք մեր զաւակներուն ձուլման վախէն, բայց … լացէն անդին չենք անցած, մեր լացը սրբելու քայլ մը չենք առած…

Շատ լաւ խօսած ենք, Հալէպէն հեռացած ենք՝ մեծ մասամբ «Հալէպը՝ Մայր գաղութը պէտք է պահպանենք» գոչելով, գացած ենք Հայաստան, հոն, մեզմէ շատեր իրենց շնորհուած հայկական անձնագիր-անցագրերը պատռած եւ աղբաման նետելով հեռացած են այնտեղէն՝ «Հայուն հայրենիքը Հայաստանն է, միայն հո՛ն հայ կը մնանք» աղաղակելով ու… կարօտցած ենք մեր լքած ծննդավայրն ու հայրենիքը եւ տխուր, նոյնիսկ քէֆերու սեղաններու շուրջ, շատ տխուր շարունակած ենք ապրիլ:

Հիմա Երեւանի ճամբով Հալէպ եկած ենք ու մեր կարօտը կ’առնենք:

Հայաստանէն եկողներուն մէջ դժգոհողներ շատ կային: Արցախեան վերջին պատերազմի պատճառաւ «Անձրեւէն փախուստ տուինք, կարկուտի բռնուեցանք» ըսողներ ալ կային անոնց մէջ: Կը լսեմ, որ Հայաստանէն վերջնական վերադարձողներ ալ եղած են, սակայն ես այդպիսի ոեւէ մէկը չտեսայ, իմ տեսածս Հայաստանաբնակներուն բոլորն ալ կիսատ ձգուած գործ մը վերջացնելու եկած էին՝ մեծ մասամբ իրենց հոս ձգած անշարժ գոյքը ծախելու, որուն ընթացքին իրենց կարօտն ալ յագեցուցած կ’ըլլային: Այո՛, Հայաստանէն եկածները դժգոհ էին, բայց, ըստ վերջերս Հայաստան այցելած հալէպահայու մը, հոն բոլոր հալէպահայերն ալ յարմարած են, գործ ունին, անոնց մէջ կան նաեւ քիչ թիւով հարուստներ, որոնք այստեղէն տարած դրամնին դրամատուներու մէջ դրած են ու լաւ ապրելու բաւարար տոկոսներ կը գանձեն, կամ քանի մը տուն գնած են եւ անոնց վարձքով հանգստաւետ կեանք մը ապահոված:

Գանատայէն ու Ամերիկայէն եկած հայերուն դէմքին վրայ ժպիտ կար, անոնք ուրախ էին ե գոհ: Անոնք ամէն գիշեր տեղ մը ժամանակ անցընել կ’ուզէին հոս մնացած իրենց ընկերներուն հետ, եւ միշտ պայման կը դնէին որ չեն ուզեր մեր խեղճ վիճակին վրայ բեռ դառնալ.

-Ամերիկեան ոճով՝ սթայլով,- կ’ըսէին, – ամէն մարդ իր հաշւոյն, մեղք չէ՞ք:

Մե՞ղք ենք…

Եւրոպայէն եկած հայերը իրենք կը փորձէին մեզ հրաւիրել, մենք այդ հրաւէրին տակը մնացող չէինք, եթէ մէկ անգամ սուրճ խմելու հրաւիրուէինք, ապա անպայման քանի մը անգամ ընթրիքի պիտի հրաւիրէինք զիրենք, հոգ չէ թէ յետոյ քանի մը օր ակռանիս սեղմած պէտք է անցընէինք: Կը յիշեմ, խորհրդային օրերուն Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկ հայերը ինչեր կը պատմէին Հայաստանցի իրենց բարեկամներուն մասին, որոնց ամսական աշխատավարձը 100-120 ռուբլի էր, բայց ամէն օր, ի պատիւ իրենց, հիւրերուն ճոխ ու առատ սեղաններ կը բանային, վստահաբար ամէն անգամ իրենց աշխատավարձէն աւելի ծախսելով: Այդ ատեն մենք կ’ըսէինք, որ բոլոր Հայաստանցիներն ալ լաւ կ’ապրին… հիմա ալ, ճոխ սեղաններու շուրջ հրաւիրուելով նոյնը մեզի կ’ըսեն նախկին հալէպահայերը.

-Գործ չկայ, դրամ չունինք կ’ըսէք, բայց ճաշարանները լեփ-փեցուն են…

Ճաշարանները լեփ-լեցուն են, բայց հայութեան քանի՞ տոկոսը կ’երթայ ճաշարան, կամ տարին քանի՞ անգամ: Յիշեցէ՛ք, որպէս թուրիսթ դժոխք այցելած զբօսաշրջիկին ստացած տպաւորութիւնն ու հոն կրակներու մէջ այրելու դատապարտուելէն ետք՝ անոր վիճակը:

Սեպտեմբեր ամիսը մեզի համար իւրայատուկ ամիս մը եղաւ ոչ միայն իր այցելուներով, այլ նաեւ մեր ծախսերու բազմապատկումով, երբ դէմ առ դէմ գտնուեցանք դպրոցական կրթաթոշակներու կրկնապատկումին հետ, երբ գրենական պիտոյքներու գիներու եռապատկուիլը նկատեցինք, թէեւ պէտք է նշել, որ Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկը երկրորդական բաժինի աշակերտներուն գրենական պիտոյքներ հայթայթեց: Հապա Կրթաթոշակները՞, քանի՞ աշակերտ ամբողջութեամբ պիտի վճարէ, դժուար է ըսել. բարեբախտաբար, Բարեգործականը, Կիւլպէնկեան հաստատութիւնը, մեր դպրոցներուն շրջանաւարտից միութիւնները եւ անհատ բարերարներ զգալի օգնութիւն կը տրամադրեն մեր դպրոցներուն:

Պսակի արարողութիւններ ալ կատարուեցան այս ընթացքին, որոնց յաջորդեցին ուրախ խրախճանքներ: Յատկանշականը խառն ամուսնութիւններու մեր կողմէն առանց վրդովուելու ընդունիլն էր: Կը յիշէ՞ք, դեռ մօտիկ անցեալին հայ հայրը տարիներով խռով կը մնար օտարի հետ ամուսնացած իր զաւակին հետ…

Է՜հ, ամէն ինչի հետ հաշտեցնող ժամանակներ…

Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի հիւպատոսարանը չնշեց իր երկրի անկախութեան տօնը, գիտէք, որ Հայաստանի մէջ ինչ մեծ աղմուկ բարձրացած էր այս տօնին առիթով: Կը զարմանամ, ինչպէ՞ս կարելի է չնշել երկրի անկախութեան տօնը, Սփիւռքահայերուն մեծ մասը 70 տարի Մայիս 28 չէ՞ր տօներ երբ մեր երկրի անկախացած մասը ըստ մեզի գրաւուած էր ռուսերուն կողմէ: Ես համոզուած եմ, անկախոթեան տօնը կը մնայ, անկախութեան տօն, ինչ վիճակի մէջ ալ գտնուի մեր հայրենիքը այսօր:

Սեպտեմբերի 27-ի Լռութեան րոպէն, Հալէպի մէջ, որքան որ գիտեմ, յարգուեցաւ միմիայն Հայաստանի Մարդասիրական առաքելութեան կեդրոնին մէջ, բարեբախտաբար ներկայ էին նաեւ մեր կրօնական առաջնորդները:

Հոկտեմբերին կը շարունակենք ապրիլ, շշուկներ կը տարածուին, թէ Սուրիոյ քաղաքական վիճակը շուտով պիտի կայունանայ, տնտեսական վիճակը պիտի բարելաւուի, ու մենք բնականաբար պիտի ուզենք հաւատալ, թէեւ առարկայական եւ ենթակայական ամէն օր ամէն ինչ կը սուղնայ:

Մեզմէ շատեր արդէն որեւէ ակնկալիք չունին կարծէք կեանքէն, առաւօտուն կ’արթննան սպասելով օրուան երեկոյ դառնալուն, կը սպասեն գիշերուան, որպէսզի քնանան եւ … արթննան… մէկ խօսքով փոխանակ իրենք իրենց օրերը անցընելու, օրերը զիրենք կ’անցընեն…

Չըսէ՛ք, որ շատ ընկճուած եմ, չըսէ՛ք, որ շատ յոռետես եմ… պարզապես կը տեսնեմ որ թագաւորը մերկ է եւ կը բացագանչեմ, որ ան մերկ է… եւ …

Եւ այս շրջիկ մերկը իր մերկութիւնը իր հետ կը տանի քիչ մը ամէն տեղ ուր հայեր կան…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 17 Հոկտեմբեր 2021

Մեկնաբանել