Արշաւիր Գաբուճեան. «Մեր ժողովուրդը հոգեւորի պակասը շատ կը զգայ»

Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան ծրագիրներու տնօրէն Արշաւիր Գաբուճեան, որ 1995էն ի վեր հաստատուած է հայրենիքի մէջ, Սիվիլնեթի «Հայասք» ծրագրի հաղորդավար Աբօ Պողիկեանին կը յայտնէ, որ ինք իբրեւ հոգեւորական այն ինչ կ՝ընէր անցեալին, այսօր եւս կ՝ընէ հոգեւոր արթնութեան քարոզներով։

Շատեր տակաւին իբրեւ «հայր Արշաւիր» կը դիմեն իրեն։ Ան իր հոգեւոր ծառայութեան պատրաստութիւնը սիրով դրած է ի սպաս Աստուածաշունչի տարածման առաքելութեան, այցելելով Հայաստանի բոլոր շրջանները, գիւղ առ գիւղ եւ խօսելով ուղղակի ժողովուրդի հետ։

Գաբուճեան իր աշխատանքը պատնէշ մը կը նկատէ նաեւ աղանդաւորներու քայքայիչ գործունէութեան դէմ։

Մեկնաբանել